Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ը Վերականգնեց Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները

Սեպտեմբեր 29, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ը վերականգնեց Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

2015-ին Թեհրանի հիւլէական գործարքի կնքումէն ետք ջնջուած պատժամիջոցները վերականգնելու հոլովոյթին ձեռնարկած էր եւրոպական եռեակը` Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան, որոնք Իրանը կը մեղադրեն հիւլէական համաձայնագիրը խախտելու յանցանքով եւ կը պնդեն, որ Թեհրանը կը շարունակէ ձգտիլ հիւլէական զէնքի ձեռքբերման:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յստակօրէն նշած է, թէ դիւանագիտութիւնը տակաւին տարբերակ է. համաձայնագիրը կը մնայ Իրանի ժողովուրդի եւ աշխարհի համար լաւագոյն արդիւնքը:

«Որպէսզի ատիկա տեղի ունենայ, Իրան պէտք է ընդունի ուղիղ բանակցութիւնները, որոնք պիտի կատարուին բարի կամքով, առանց ձգձգումներու կամ խճճուածքներու: Նման համաձայնագիրի բացակայութեան պարագային գործընկերներու պարտականութիւնն է անյապաղ կիրարկել կտրուկ պատժամիջոցներ` Իրանի ղեկավարներուն վրայ ճնշում գործադրելու, որպէսզի անոնք կատարեն այն, ինչ որ ճիշդ է իրենց ժողովուրդին եւ աշխարհի անվտանգութեան համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

«Մեհր» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներու վերականգնման վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է:

Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ եւրոպական եռեակի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերը, որոնք կը չարաշահեն այսպէս կոչուած «սնափպաք» մեքանիզմը, անօրինական եւ անհիմն են:

Նախարարութիւնը նշած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 բանաձեւը եւ ատոր մէջ ներառուած սահմանափակումները, որոնք կը վերաբերին Իրանի խաղաղ հիւլէական ծրագիրին, պէտք է նկատուին անվաւեր` սահմանուած ժամկէտներու մէջ:

Նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ թէեւ եւրոպական եռեակի երկիրները` «Միացեալ Նահանգներու դրդումով եւ ճնշումին տակ», գործի դրած են «սնափպաք» անունով յայտնի մեքանիզմը, իրենք են, որ իրապէս խախտած են իրենց պարտաւորութիւնները Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրի (ԳՀՀԾ) ծիրին մէջ`  այդ պարտաւորութիւններու կատարման մէջ մշտական եւ լուրջ խափանումներու հետեւանքով, եւ չարաշահած են ԳՀՀԾ-ի վէճերու կարգաւորման հոլովոյթը:

Բացի ատկէ, «բացայայտ կամ անուղղակիօրէն աջակցելով սիոնական վարչակարգի եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորական նախայարձակումին Իրանի խաղաղ հիւլէական կառոյցներուն վրայ, որոնք ընդգրկուած էին ԳՀՀԾ-ի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան երաշխիքային դրութեան ծիրին մէջ, երեք եւրոպական երկիրները կոպտօրէն խախտած են միջազգային օրէնքը եւ հիւլէական զէնքի չտարածման դրութիւնը` մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 2-րդ յօդուածի 4-րդ կէտը, եւ բացայայտօրէն ոտնահարած են ԳՀՀԾ-ի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2231 բանաձեւի կէտերը»: Համապատասխանաբար, ԳՀՀԾ-ի եւրոպացի մասնակիցները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգները, անբարեխիղճ կերպով ԳՀՀԾ-ի կոպիտ եւ շարունակական խախտումներ կատարած են եւ չեն ձեռնարկած որեւէ բարեխիղճ ջանք վէճերու կարգաւորման ուղղութեամբ:

«Չեղարկուած բանաձեւերու գործողութեան վերականգնման փորձը ոչ միայն իրաւական առումով անհիմն եւ չարդարացուած է, այլ նաեւ ամբողջովին անընդունելի է բարոյական եւ տրամաբանական տեսանկիւններէն: Իսլամական Հանրապետութեան խաղաղ հիւլէական ծրագիրը արդէն համապարփակ կերպով ուսումնասիրուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2231 բանաձեւին մէջ եւ ատոր կցուած ԳՀՀԾ-ի մէջ, եւ ատոր տասնամեայ ժամկէտը պէտք է նկատուի աւարտած` սահմանուած թուականին` 18 հոկտեմբեր 2025-ին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սարգիս Պելորեան Տարուան Մարզիկը Ընտրուելու Թեկնածու

Յաջորդը

Թրամփ. «Միջին Արեւելքի Մէջ Մեծ Ձեռքբերումներու Իրագործման Իսկական Առիթ Ունինք Եւ Պիտի Յաջողինք Զանոնք Կատարել»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?