Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դամբարանին մօտ տեղի ունեցաւ անոր եւ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան միամեակի ոգեկոչումը, մասնակցութեամբ ժողովրդային խուռներամ բազմութեան եւ պաշտօնական ու քաղաքական բազմաթիւ ներկայացուցիչներու: Ոգեկոչումին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւն մը:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ արտասանեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ Դիմադրութիւնը Իսրայէլի ձեռամբ շղթայազերծուած եւ ամերիկեան ու եւրոպական անսահման աջակցութեամբ համաշխարհային պատերազմ մը դիմակայեց:
Ան ըսաւ, որ այդ պատերազմին նպատակը Մեծն Իսրայէլի իրագործման ճամբուն վրայ խոչընդոտ կանգնած Դիմադրութիւնը ոչնչացնելն էր, «սակայն վերականգնեցինք հրամանատարութիւնը եւ ճակատամարտը շարունակեցինք»:
Շէյխ Քասեմ նշեց, որ Իսրայէլ զինադադարի համաձայնութենէն ետք շարունակեց իր յարձակումը, «եւ Ամերիկան քաղաքական բոլոր ճնշումները օգտագործեց` Իսրայէլի իր նպատակները իրագործել արտօնելու համար»:
Ան ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչները, որոնք իսրայէլեան բանակին մարտահրաւէր կը կարդան, մինչեւ այսօր հաստատօրէն կը մնան իրենց դիրքերուն վրայ, կը սորվին, կը ցանեն եւ վրաններ կը լարեն միայն իրենց հողին վրայ մնալու համար:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ Լիբանանի համար իսրայէլեան-ամերիկեան վտանգը գոյութենական վտանգ է, եւ զինաթափումը կը նշանակէ ուժը խլել կատարելու համար Իսրայէլի պահանջն ու իրագործելու համար անոր նպատակները: «Զինաթափումը պիտի չարտօնենք եւ քարպալայական ճակատամարտով անոր դէմ պիտի դնենք», յայտարարեց շէյխ Քասեմ:
«Լիբանանի մէջ Իսրայէլէն ու ՏԱՀԵՇ-էն գոյութենական վտանգի տակ ենք, եւ վտանգը միայն Դիմադրութեան չէ, այլ ամբողջ Լիբանանի», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Պատրաստ ենք Իսրայէլի դէմ որեւէ պաշտպանութեան, եւ մեր ձեռքբերումները իսրայէլեան ծրագիրին հետ մրցակցութեան մէջ են, որովհետեւ կրցանք ճակատամարտի դաշտին մէջ մնալ», ըսաւ ան:
«Կ՛ուզեն, որ լիբանանեան բանակը իր ժողովուրդին դէմ կռուի, սակայն բանակին ձեռքը կը սեղմենք ընդդէմ թշնամիին», աւելցուց շէյխ Քասեմ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրը, որ կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան հողերը իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրելու, որովհետեւ պահանջուածը նախ եւ առաջ Դիմադրութեան դիմելով ազատագրումն է:
Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն` ան ընդգծեց, որ Հըզպալլան քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ Ամալ շարժումին հետ ամուր դաշինքով եւ հոյակապ արդիւնք արձանագրեց:
Շէյխ Քասեմ կոչ ուղղեց խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւնները կատարելու իրենց ժամկէտին եւ ներկայ ընտրական օրէնքով, որպէսզի զանոնք կատարելու առիթը չկորսնցնենք:
Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց իր պարտականութիւնը կատարելու` փոխան կողմնակի հարցերով ժամանակ վատնելու, «եւ թող տէր կանգնի վերաշինութեան մէջ իր պատասխանատուութեան: Ան ազգային գերիշխանութիւնը պէտք է ներառէ իր օրակարգին վրայ»: