Դատախազ Արման Բաղդասարեան երէկ 2,5 տարուան ազատազրկում պահանջեց իշխանութեան զաւթման կոչի համար մեղադրուող Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի համար:
Սրբազանը մեղաւոր ճանչնալէ ետք դատարանը երէկ սկսաւ լրացուցիչ լսումներ` պատժաչափը որոշելու համար:
Սրբազանին կը սպառնայ տուգանքէն մինչեւ 5 տարի ազատազրկում: Անոր փաստաբան Արա Զոհրաբեանը յայտարարեց, թէ այս դատարանին մէջ արդարութեան զգացում չունեցան:
Յաջորդ նիստը նշանակուեցաւ 3 հոկտեմբերին, այդ նիստի ընթացքին ալ պիտի հրապարակուի դատավճիռը:
Շիրակի թեմի առաջնորդը ինքզինք մեղաւոր չի նկատեր, ան գործընթացը կ՛որակէ քաղաքական հետապնդում: Գործը յարուցուած է սրբազանի աւելի քան մէկ տարի առաջ տուած հարցազրոյցի մը հետքերով, ուր ան խօսած էր յեղաշրջումի անհրաժեշտութեան մասին: Այն ժամանակ իրաւապահները յանցակազմ չէին տեսած եւ քրէական գործ յարուցեցին միայն վերջերս, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննադատական արշաւ սկսաւ եկեղեցւոյ վերնախաւին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին դէմ:
Իրաւապահները կը պատճառաբանեն, թէ Միքայէլ սրբազանը մեղաւոր է, քանի որ նոյն միտքը կրկնած է քանի մը անգամ: