Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Միացաւ Վարչապետին Անվստահութիւն Յայտնելու Գործընթացին

Սեպտեմբեր 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ երէկ` 26 սեպտեմբերին հրաւիրուած են խորհրդարանական լսումներ: Քննարկուած է խմբակցութեան ներկայացուցած «Ազգային ճգնաժամի եւ կառավարման ձախողման մասին» Ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց իրենց խմբակցութեան եւ դաշինքի դիրքորոշումը այս նախագիծին վերաբերեալ:

Ան ըսաւ, որ իրենք ամբողջութեամբ կը կիսեն յայտարարութեան մէջ ներկայացուած փաստերն ու հիմնաւորումները: «Աւելի՛ն, կը վերահաստատենք մեր դիրքորոշումները, որ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան ժամանակահատուածին բազմիցս խախտուած է մեր երկրի սահմանադրական կարգը, Նիկոլ Փաշինեան գործած է պետական դաւաճանութեան յատկանիշներով: Եւ Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնազրկելու իրաւա-քաղաքական հիմքերը անհերքելի են: Հետեւաբար, մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է` նախագիծին կողմ ենք, ե՛ւ յանձնաժողովին մէջ, ե՛ւ լիագումար նիստին կողմ պիտի քուէարկենք»,  ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ որեւէ մէկը կասկածի տակ չի դներ այն հարցը, որ այս իշխանութիւնը մեր պետականութեան սպառնալիք է, եւ անոնց` մէկ օր աւելի իշխանութեան մնալը վտանգաւոր է: «Ամբողջ հարցը հետեւեալն է` ինչպէ՞ս, ի՞նչ ժամկէտներու մէջ եւ ի՞նչ ճանապարհով ազատիլ այս իշխանութենէն: Նախորդ 5 տարիներուն ընթացքին մենք փորձած ենք մթնոլորտ ստեղծել, մեր երկրին մէջ համաժողովրդական շարժում ձեւաւորել, եւ, այո՛, մենք տեսած ենք ճանապարհը` սահմանադրական ճանապարհով երկրի խորհրդարանին մէջ անվստահութեան ճանապարհով հասնիլ իշխանափոխութեան: Բայց ինչո՞ւ մինչեւ հիմա մենք չենք եկած խորհրդարան, եւ այս հարցը չէ մտած օրակարգ` բացառապէս մէկ պատճառով, որ մենք չենք ունեցած բաւարար ստորագրութիւններ` խորհրդարան մտնելու եւ յաջողութեան հասնելու համար:

Մեր գործընկեր «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը` ի դէմս ՀՀԿ-ի, ստանձնած է քաղաքական պատասխանատուութիւնը եւ յայտարարած անվստահութեան գործընթաց սկսելու մասին:

Մեր դիրքորոշումը եղած է հետեւեալը, որ մենք կը միանանք անվստահութիւն յայտնելու գործընթացին, հրապարակած ենք մեր ստորագրութիւնները, ըսած ենք` եկէ՛ք արձանագրենք, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը միացած է, եւ ուժերը կեդրոնացնենք իշխանական պատգամաւորներու վրայ` փորձելով ունենալ պակսող ստորագրութիւնները եւ սկսիլ գործընթաց: Անցած է 3-4 ամիս, մեր գործընկերները պարբերաբար յայտարարած են, որ գործընթացը չ՛ընդլայնիր եւ յառաջ չ՛երթար նաեւ այն պատճառով, որ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները չեն ստորագրած այն ձեւաթուղթին տակ, որ ներկայացուցած է «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը: Նաեւ եղած է հրապարակային յայտարարութիւն, որ իշխանական պատգամաւորները չեն միանար այն պատճառով, որովհետեւ այդ ձեւաթուղթին տակ չկայ մեր ստորագրութիւնը:

Հետեւաբար, հաշուի առնելով նոր իրողութիւնը եւ մեր գործընկերներուն այդ վստահեցումը, ես մեր խմբակցութեան պատգամաւորներու` երեք ամիս առաջ ստորագրած ստորագրութիւնները հիմա կը փոխանցեմ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան` կցելու այդ գործընթացին եւ հաստատելու, որ մեր ստորագրութիւնները կային ինչպէս 3 ամիս առաջ, այնպէս ալ հիմա», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան ընդգծեց, որ կ՛ակնկալէ, որ ողջմիտ ժամանակահատուածի մէջ կարելի պիտի ըլլայ լրացնել պակսող ստորագրութիւնները եւ անվստահութիւն յայտնելու իրական մեկնարկը տալ Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ:

Նախորդը

Մըթրի. «Երէկ Տեղի Ունեցած Խախտումը Մեզ Կը Հրաւիրէ Որդեգրելու Անհրաժեշտ Իրաւական Քայլերը` Պահպանելու Համար Պետութեան Վարկն Ու Անոր Որոշումներուն Յարգումը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կ’այցելէ «Շաղզոյեան» կեդրոն

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կ’այցելէ «Շաղզոյեան» կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կ’այցելէ «Շաղզոյեան» կեդրոն

Սեպտեմբեր 27, 2025
Մըթրի. «Երէկ Տեղի Ունեցած Խախտումը Մեզ  Կը Հրաւիրէ Որդեգրելու Անհրաժեշտ Իրաւական  Քայլերը` Պահպանելու Համար Պետութեան  Վարկն Ու Անոր Որոշումներուն Յարգումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մըթրի. «Երէկ Տեղի Ունեցած Խախտումը Մեզ Կը Հրաւիրէ Որդեգրելու Անհրաժեշտ Իրաւական Քայլերը` Պահպանելու Համար Պետութեան Վարկն Ու Անոր Որոշումներուն Յարգումը»

Սեպտեմբեր 27, 2025
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Կը Հրաւիրեմ Իսրայէլի Հետ  Ուղղակի Բանակցութիւններու»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Կը Հրաւիրեմ Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններու»

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?