Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 6 Հոկտեմբեր 2022-էն Ասդին

Սեպտեմբեր 29, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նստաշրջանի Հայաստանի վարչապետին խօսքը քանի մը կարեւոր բացթողում ունէր:

Նախ, տարածքային ամբողջականութեան մասով. ըստ վարչապետին, «Ալմա Աթայի հռչակագրին յղումը նշանակում է, որ երկու երկրները ճանաչում են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը նոյնական է Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան տարածքի հետ, իսկ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքը նոյնական է Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան տարածքի հետ եւ այդ տարածքները ներառող սահմաններն անխախտելի են»:

Այստեղ լիարժէք առիթ էր եւ շատ յարմար պահը, որ վարչապետը արծարծէր ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ Հայաստանի գերիշխան տարածքներ ներխուժումը եւ շուրջ 240 քառ. քմ-ի վերահսկումը: Հայկական կողմը չի բարձրացներ խնդիրը միջազգային ընտանիքին առջեւ, ինչ որ կը թուլացնէ բանակցային դիրքերը սահմանազատման օրակարգով: Եթէ նոյնիսկ ազրպէյճանական կողմը համաձայնի հեռանալ այդ տարածքներէն, դիմացը պահանջելիք ունի: Ըստ երեւոյթին, այդ պահանջը ծանօթ յանկերգուած անքլաւներէն աւելին է:

Ներխուժուած տարածքներով խաղաղութեան պայմանագիր նախաստորագրելը համակերպում է Պաքուի ուժերուն կողմէ պարտադրուած ներխուժումին: Այս խնդիրը չհնչեց ՄԱԿ-ի բեմէն:

Խնդրայարոյց երկրորդ կէտը. «Մենք վճռականօրէն մերժում եւ բացառում ենք վրէժխնդրութեան ցանկացած փորձ ներկայում եւ ապագայում»: Վրէժխնդրութեան, ցեղապաշտութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ տարբեր առիթներով արտայայտուած էր Պաքուի ղեկավարը, նոյնիսկ այդ երեւոյթներու վերացումը նախապայման նկատելով հետագայ համաձայնութեան: Արցախի ժողովուրդի վերադարձի թէ ընդհանրապէս իրաւունքներու վերականգնման, ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման պահանջներով ներկայանալը կամ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէմ պայքարիլը կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ վրէժխնդրութիւն: Այս մասին Հայաստանի վարչապետին կողմէ իբրեւ բացարձակ մօտեցում ներկայացնելը մեծ հարցականներ կը ստեղծէ  եւ որեւէ արդարացման հիմնաւորումի տեղի չի ձգեր:

Շարունակենք. «Ազրպէյճանի նախագահը, ում հետ ընդունել ենք Ուաշինկթընի հռչակագիրը, դրանից յետոյ մի քանի անգամ, այդ թւում` այս ամպիոնից, օգտագործել է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը: Նման արտայայտութիւն Ուաշինկթընում համաձայնեցրած փաստաթղթերում չկայ, Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններում կամ փաստաթղթերում երբեք չի եղել: Կարծում եմ` իմաստ ունի, որ ազրպէյճանցի գործընկերս պարզաբանի, թէ ի՛նչ նկատի ունի այդ արտայայտութիւնը օգտագործելով, որովհետեւ հայաստանեան իրականութեան մէջ դա ընկալւում է որպէս տարածքային պահանջ Հայաստանից եւ հակամարտային խօսոյթի հետ է ասոցացւում»:

Վարչապետին ճշդումները այս առումով ընկալելի են: Խնդիրը սակայն այն է, որ անոնք որեւէ ազդեցութիւն չունին հակառակ կողմին վրայ: Ազրպէյճանի նախագահը շարունակած է խօսիլ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին: Այս կը նշանակէ, որ պարզապէս այլ ըսելաձեւ ընդունած են Ուաշինկթընի մէջ, ըստ էութեան սակայն իրենց նախագիծը նկատի ունենալով եւ այդ ուղղութեամբ նախապատրաստուելով: Այս երեւոյթը աւելի մտահոգիչ կը դառնայ, երբ երաշխաւոր ու միջնորդաւորած կողմը ի՛նք չի հակազդեր իր մօտ կայացած համաձայնութեան, ըսելով, որ «միջանցք»-ի շուրջ համաձայնութիւն չկայ, այլ խօսքը թրամփեան ուղիի մասին է: Եթէ նաեւ յիշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը մոռացութեան տրուած ըլլալու տպաւորութիւն ձգեց իրեն ուղղուած հարցումին, թէ ի՞նչ ընթացքի մէջ է իր միջնորդութեամբ կայացած Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնութիւնը:

Այլ ուշագրաւ կէտ մը. Հայաստանի վարչապետը իր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք, թէ կ՛ուզէ միջազգային հանրութեան զեկուցել, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութիւն է հաստատուած», կը հաստատէ, որ «Ազրպէյճանի նախագահը տարբեր ամպիոններից խօսում է Հայաստանի իբր կապիտուլիացիայի մասին»:

Խաղաղութեան ընկալումը այս պարագային ուրեմն միակողմանի է. խաղաղութիւն կը հաստատուի կողմի մը հետ, որ Հայաստանի անձնատուութիւնը առաջադրած էր եւ հիմա միջազգային բեմերէ կը յայտարարէ, որ կայացած է այդ յանձնուողականութիւնը: Այսպիսով ալ կը բացատրուի անոր այն յայտարարութիւնը, որ Ազրպէյճանը յաղթեց թէ՛ պատերազմին  եւ թէ՛ խաղաղութեան մէջ:

Արցախի գրաւման, հայաստանեան գերիշխան տարածքներու ներխուժման եւ Պաքուի օգտագործած խօսոյթի տարբեր «նուաճում»-ներուն մեկնարկը վարչապետին ամփոփիչ բանաձեւին մէջ է. «2022 թուականի հոկտեմբերի 6-ին Փրակայում տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի առաջին գագաթաժողովում էր, երբ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական միութեան կազմակերպած հանդիպման արդիւնքներով առաջին անգամ պայմանաւորուեցին Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ ճանաչել միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»:

Այլ խօսքով, ամէն ինչ սկսաւ հունաւորուիլ դէպի զիջում, երբ պաշտօնական Երեւանը Արցախը ճանչցաւ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Մնացեալը այդ դիրքորոշումին հետեւած գործընթացին արդիւնքներն են:

«Ա.»

Նախորդը

«Զինաթափումը Պիտի Չարտօնենք Եւ Քարպալայական Ճակատամարտով Անոր Դէմ Պիտի Դնենք» Յայտարարեց Շէյխ Քասեմ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (29 Սեպտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  22-րդ Կէտը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 22-րդ Կէտը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի  Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Կը Զօրակցիմ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Թրամփի Ծրագիրին»

Հոկտեմբեր 1, 2025
Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?