Գլխաւոր լուրեր

1123_garine-minassian

Փութին Պարգեւ Շնորհած Է Հայաստանի Նախագահի Խորհրդականին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է հրամանագիր մը, որով պետական պարգեւներ շնորհած է շարք մը երկիրներու  պաշտօնատարներու, որոնց կարգին` Հայաստանի նախագահի խորհրդական Կարինէ Մինասեանին` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու եւ  համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ  առեւտրական-տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ  մեծ ներդրում ունենալու համար:  

1123_Gogig-24

«Կոկիկեան» Հիմնադրամ. Արաբերէնի Փայլուն Ուսանողներու «Պայան» Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւնը

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, ուրբաթ, 21 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ արաբերէնի փայլուն ուսանողներու «Պայան» մրցանակաբաշխումը: Ներկայութեամբ պաշտօնական եւ ակադեմական անձնաւորութիւններու, դասախօսներու, ուսանողներու եւ անոնց ծնողներուն, սկիզբ առաւ ձեռնարկը լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որուն յաջորդեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհէյլա Հայեքի ողջոյնի խօսքը: Հայեք շեշտեց լիբանանեան շրջանակին հետ շաղուելու կենսականութիւնն ու շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն...

1123_tbrats-tas

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին. Լիբանանի Միջդպրաց Դասերու Գ. Համագումար

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի միջդպրաց դասերու միօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2014-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի զանազան շրջաններու Հայ  առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը: Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քահանաներէն` Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան ողջունելով ներկաները բացումը կատարեց համագումարին: «Մեր ընկերային յանձնախումբի առաջարկը իրականացնելով` այսօր...

aee65ad2b3824712aacff2bde2e3-grande

Խմբագրական. Նաեւ Քաղաքական Մակարդակի Վրայ (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Լիբանանի անկախութիւնը կը նշենք սովորական պայմաններու մէջ: Սովորականը այս պարագային բացասական երանգներ կը պարփակէ: Արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր անկախութեան օրը հեռացած է իր տօնական բնոյթէն եւ քաղաքական թէ ընդհանրապէս հասարակական առումներով նոր հեռանկարներու նախանշումներ կատարելու գլխաւոր առիթի հանգամանքէն: Հանրապետութեան նախագահի թափուր աթոռ, ինքնավերարտադրուող խորհրդարան, շրջանային իրադարձութիւններու անմիջական ազդեցութիւններ, ապահովական մակարդակի կացութիւններու ստեղծումներ, բանակը թիրախաւորած գործողութիւններ: Ահաւասիկ նման ընդհանուր պատկերի...

1121_124amiag1-f

Դաշնակցութեան Օրուան Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն.

Խաչերեան. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հայաստանի Իշխանութիւններուն` Նեմեսիսի Հերոսներուն Աճիւնները Հայրենիք Վերադարձնելու» Նալպանտեան. «ՀՅԴ-ն Կը Պահէ Իր Կոչումը` Ըլլալով Յեղափոխական, Ազգային Ու Ընկերային Արդարութիւն Հետապնդող Կուսակցութիւն» Իր 124 տարուան պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած ու անոր համար գործող կուսակցութիւնը, ազգային քաղաքական ուղղութեան մէջ անշեղ մնացողը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ներկան ու ապագան իր հիմնական նպատակը նկատողը, միշտ երիտասարդ կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան...

1121_pago-sahagian

Նախագահ Բակօ Սահակեան Փարիզի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային այցելութեամբ  Փարիզ կը գտնուի: Սահակեան հինգշաբթի այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն-2014»-ի ծիրին մէջ համաեւրոպական հեռաձայնային հանգանակութիւնը կազմակերպող գլխաւոր գրասենեակ: Նախագահ Սահակեան  երախտագիտութիւն յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի գրասենեակի ամբողջ անձնակազմին` մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թերզեանի գլխաւորութեամբ, բոլոր կամաւորներուն, որոնք  անմիջական մասնակցութիւն կ՛ունենան  «թելեթոն»-ին: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը Ֆրանսայի հայ համայնքը նկատած է սփիւռքի ամէնէն ...

1121_Turqmenstan11

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Մասնակցած Է ԱՊՀ-ի Երկիրներու Վարչապետերու Խորհուրդի Նիստին

Երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Թուրքմենիստան գտնուող վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան մասնակցած է ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու կառավարութիւններու  ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին, որուն ընթացքին  քննարկուած են ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող շուրջ երկու տասնեակ հարցեր: Մշակոյթի եւ արուեստի (գրաւոր ժառանգութեան պահպանում եւ վերականգնում, թանգարանային գործ, մշակութային ժառանգութիւն, շարժանկար, թատրոն) մարզերուն մէջ գործող ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու շարք մը կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան...

logo_ZOM1-F

Եթէ Չհասկցար, Վերստին Կը Բացատրենք

Նոյեմբեր 12-ին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ արձակուած հրթիռին պատճառով երեք հայ զինուորներ նահատակուեցան, իսկ հրթիռը արձակողը շքանշանով պարգեւատրուեցաւ: Կրկին, ազրպէյճանական բանակը յաջողեցաւ ձախողութիւն մը եւս արձանագրել` ի զուր փորձելով դուրս գալ իր ապրած տագնապէն եւ ակամայ ցոյց տալով ստորակայութեան բարդոյթ: Ազրպէյճանական իշխանութիւնները, ըստ սովորութեան, կրկին կը մեղադրեն հայկական կողմը, մինչդեռ փաստ է, որ հայկական կողմը երբեք չէ աշխատած «խաղաղութիւնը» խախտելու...

1121_asgeran

Ասկերանի Եւ Ֆրանսական Քաղաքին Միջեւ Համաձայնագիրը Ջղագառութեան Պատճառ Ազրպէյճանի Մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի Ֆրանսա այցելութեան ծիրին մէջ, Պուք Պել Էրի քաղաքապետարանին մէջ 19 նոյեմբերին ստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր` Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերան եւ Ֆրանսայի Պուք Պել Էրի քաղաքներուն միջեւ: Այդ կապակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը, հաւատարիմ մնալով վաղեմի սովորութեան, դժգոհութիւն յայտնած է երկրին կառավարութեան: Այդ մասին կը յայտնէ «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց...

large_1414966996-f

Խմբագրական. Մե՛ր Աշխատակարգի Սկզբունքը (ՀՅԴ 124-Ամեակին Առիթով)

Ժամանակակից աշխարհի բերած յարափոփոխութեան հետ անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ քայլ պահելը դիւրին գործ չէ: Առաւել եւս, երբ հարցը կը կեդրոնանայ գաղափարական արժեհամակարգերուն վրայ, որոնք առանցքային գիծեր պահելու դժուարին պայքարը կը մղեն այս օրերուն: Ներկայ ժամանակները յատկանշուած են տեղեկացուածութեամբ, բաց համակարգով, փոխներգործօնութեամբ (interactivity) եւ այս բոլորին իրականացման համար գերարագութեամբ: Համաշխարհային ներկայ կանոնները կը փորձեն ժամանակավրիպացնել արժէքները, աշխատակարգերը եւ այդ բոլորին...

1120_OSCE-Minsk-Group-1-620×300

Մինսքի Խմբակը Կոչ Ուղղած Է Ազրպէյճանին Թոյլ Տալ Մօտենալու Ուղղաթիռին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կոչ ուղղած են Ազրպէյճանին կարելիութիւններ ընձեռել  վերադարձնելու 12 նոյեմբերին կործանած  հայկական ուղղաթիռին զոհերուն մարմինները: Միջադէպէն շաբաթ մը ետք միջնորդները այս հարցին շուրջ արդէն երկրորդ յայտարարութիւնը տարածած են` ընդգծելով. «Խորապէս մտահոգ ենք, որ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ կործանած զինուորական ուղղաթիռի անկման վայր այցելելու համար մարդասիրական միջանցք չէ ստեղծուած»: Միջնորդները նշած են, որ հայկական ուղղաթիռին բեկորները ինկած են սահմանագիծի...

1120_sebuh2

Զօրավար Սեպուհի Աճիւններուն Սափորը Ամփոփուեցաւ Եռաբլուրի Մէջ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, 20-րդ դարու սկիզբի ազգային ազատագրական պայքարի, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նուիրեալ զօրավար Սեպուհի` Արշակ Ներսիսեանի աճիւններուն սափորը, անոր մահէն 7 տասնամեակ ետք` երէկ, ամփոփուեցաւ  Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ: Սափորը Նիւ Եորքէն  Հայաստան տեղափոխուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ջանքերով: ՀՅԴ մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեան անդրադառնալով...

Himnadram-Banner-2014-f

Հաղորդագրութիւն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, տարեկան իր աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս կը կազմակերպէ դրամահաւաք ռատիոթոն: «Դէպի Արցախ» կարգախօսով կազմակերպուած  համահայկական դրամահաւաքի հանգանակուած գումարը այս տարի եւս պիտի յատկացուի Վարդենիս- Մարտակերտ մայրուղիի շինութեան` ամբողջացնելով երկրորդ եւ վերջնական փուլի աշխատանքները: Անցեալ տարուան համահայկական դրամահաւաքին հանգանակուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ իրականացան հողի մշակման եւ հարթման գլխաւոր աշխատանքները: Մօտաւորապէս 116 քմ երկարութիւն ունեցող մայրուղին...

1120amerika

Հայ Որբերու Գորգը Կը Ցուցադրուի Սպիտակ Տան Մէջ

18 նոյեմբերին, Սպիտակ տան այցելուներու սրահին մէջ սկսաւ ցուցադրուելու հայ որբերու կողմէ նուիրուած «Ղազիրի գորգը», որուն առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երկար սպասուող այս ցուցադրութեան մասին բացատրութիւններ տուին քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Տէյվիտ Վալատաօ: Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 23 նոյեմբեր: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ կը նշէ, թէ ցուցադրութիւնը լուսարձակի...

1116_Senor

Մարտական Դիրքի Վրայ Ազրպէյճանցի Զինուոր Մը Սպաննուած Է

Սենոր Հասրաթեան Երէկ կէսօրուան մօտ մարտական դիրքի վրայ սպաննուած է ազրպէյճանական բանակի 19-ամեայ զինուոր Ռուստամ Ազիզով: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու  գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ զինուորը  սպաննուած է հայկական կողմին հետ փոխհրաձգութեան ընթացքին: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ յստակացուցած, թէ հայկական ուժերու հետ սահմանագիծի ո՛ր հատուածին մէջ տեղի ունեցած է միջադէպը: Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած...

լօ1-f

ՀՅԴ Բիւրոյի Կոչը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 2014 թուականի նոյեմբերի 28-ին Հայաստան համահայկական հիմնադրամն իր տարեկան աւանդական դրամահաւաքի հեռուստամարաթոնով շարունակելու է անցեալ տարի սկզբնաւորուած Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցմանն ուղղուած նուիրատուութիւնների ծրագիրը: Յատկապէս վերջին ամիսների Ազրպէյճանի անթաքոյց թշնամական գործողութիւնները, պատերազմի նախապատրաստական ջանքերը եւս մէկ անգամ փաստում են հիմնադրամի` Արցախի անվտանգութեանն ու զարգացմանը միտուած ջանքերի կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը: Այլընտրանքային եւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող այս ճանապարհի կառուցումը յաւելեալ...

1119_Mohammad-Raiesi

Ռէյիսի. «Ես Գոհ Չեմ Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Իրավիճակէն»

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռէյիսի` լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մեկնաբանելով Ազրպէյճանի կողմէ վար առնուած ղարաբաղեան ուղղաթիռին դէպքը ըսած է. «Ես գոհ չեմ սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակէն»: Դեսպանը յոյս յայտնած է, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ղարաբաղեան հարցը խաղաղ միջոցով կը լուծեն: «Ես յոյս ունիմ, որ Ազրպէյճան եւ Հայաստան կը շարունակեն բանակցութիւնները եւ կը հասնին խնդիրի լուծման` առանց բանակներու  միջամտութեան:...

1119_Pace

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը «Յիշած» Եւ Դատապարտած Է Ազրպէյճանը` Սաֆարովը Ազատ Արձակելուն Համար

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի մնայուն յանձնախումբը դատապարտած է Ազրպէյճանը` բանտարկեալներու արտայանձման մասին համաձայնագիրը Ռամիլ Սաֆարովը անյապաղ ազատ արձակելու նպատակով օգտագործելուն համար: Յանձնախումբը բանաձեւը ընդունած է Բրիտանիոյ պատուիրակ Քրիսթոֆըր Չոփի զեկուցումին հիման վրայ, ուր մտահոգութիւն կը յայտնուի, որ համաձայնագիրը կիրարկուած է Ազրպէյճանին յանձնելէ ետք Ռամիլ Սաֆարովի անյապաղ ազատ արձակումը արդարացնելու համար: Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ համաձայնագիրը նախատեսուած չէ դատապարտեալներու` հայրենիք հասնելուն...

1119_yiannakis-omirou

Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահը «Նոր Օսմանեան» Անուանած Է Թուրքիոյ Գործելաոճը

Հայաստանի եւ Կիպրոսի փոխադարձ աջակցութիւնը հիմնուած է ամուր հիմքերու վրայ: Այդ մասին յայտարարած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Եանաքիս Օմիրուն` երէկ խօսք առնելով Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին: «Այդ փոխադարձ աջակցութիւնը կոփուած է մեր ժողովուրդներուն միացեալ պայքարներով մինչեւ  այսօր տառապանքի ենթարկող ընդհանուր թշնամիին դէմ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր արժէքներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ, որոնց մենք հաւատարիմ ենք», ըսած է Օմիրու: Ան...

Map-051012_jpg_470x424_q85-f

Ակնարկ. Երեւանը Մեկուսացուող Մոսկուայի Եւ Ապամեկուսացուող Թեհրանի Միջեւ

Հիւլէական թղթածրարի հարցին շուրջ միջազգային ընտանիքի 6+1 ձեւաչափով տարուող բանակցութիւնները այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, թէ կը միտին Իրանի ապամեկուսացման: Նախադրեալները կը յուշեն, որ Արեւմուտքը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, ելքեր կը փնտռէ Իրանի հետ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալու: Հիւլէականի հետ կապուած իւրանիոմի հարստացման սահմանափակումի պահանջներն ու ընդառաջումներու ելեւէջները հիմնովին քաղաքական շարժառիթներ ունին: Ընթացքը այնպէս է, որ Ռուսիոյ մեկուսացման դիմաց Իրանի ապամեկուսացման միտումներ...

Page 814 of 885 1 … 813 814 815 … 885