Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի միջդպրաց դասերու միօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2014-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի զանազան շրջաններու Հայ առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը: Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քահանաներէն` Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան ողջունելով ներկաները բացումը կատարեց համագումարին: «Մեր ընկերային յանձնախումբի առաջարկը իրականացնելով` այսօր մեր դպրաց դասերը հաւաքուած են հոս, իրարու կը հանդիպին հոգեւոր նոր շունչ ստեղծելով», ըսաւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան եւ աւելցուց. «Այս համագումարով պիտի քալենք քայլ առ քայլ արդարացնելով մեր գործունէութեան ծրագիրը, յաջողութիւն բոլորիդ»: Ապա Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան Ս. Աստուածաշունչին ընդմէջէն ներկայացուց «ծառայութեան» գաղափարը:
Դադարէ մը ետք, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քահանաներէն` Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան մանրամասն ներկայացուց մեր եկեղեցւոյ մէջ կարգերու եւ աստիճաններու կարգավիճակը` սկսելով դպիրէն մինչեւ կիսասարկաւագ ու սարկաւագ, թուելով իւրաքանչիւրին ձեռնադրութեան պայմաններն ու անոնց պարտականութիւնները: Ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան Ժունիէի Ս. Յարութիւն, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Պէյրութի Ս. Նշան Մայր, Այնճարի Ս. Պօղոս, Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիներու դպրաց դասերու կատարած գործունէութեան մասին ամփոփ զեկուցումներ: Արծարծուեցան նաեւ կարգ մը դժուարութիւններ, ինչպէս` երիտասարդ մարդուժի կարիք, եկեղեցիներու դպրաց դասերու հասարակաց միացեալ կանոնագիրքի մշակման պահանջ եւ այլն:
Ապա Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` ներկաներուն փոխանցելով թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը: Ապա ներկաները բաժնուեցան ինը խումբերու` քննելու համար իրենց զեկուցումները եւ բանաձեւելու իրենց առաջարկները: Ներկայացուեցան նաեւ բարեփոխման զանազան առաջարկներ:


