Գլխաւոր լուրեր

9279_b

Հայաստանի Մէջ Չինաստանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Նախագահ Սարգսեանին

Ըրլոնկ եւ նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի մէջ  Չինաստանի նոր նշանակուած  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիեն Ըրլոնկ: Նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուած է քաղաքական աշխուժ երկխօսութեան զուգահեռ առեւտրական-տնտեսական, մշակութային, կրթութեան, գիտութեան եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութեան խորացումը: Զրուցակիցները գոհունակութեամբ խօսած են Հայաստանի մէջ չինարէնի խորացած ուսուցումով...

1118_Hovig-Aprahamian

Վարչապետը Պատրաստ Է Քննարկումներու` Եռեակի 12 Կէտնոց Պահանջներուն Շուրջ

Յովիկ Աբրահամեան Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ոչ իշխանական ուժերուն կողմէ ներկայացուած 12 կէտնոց պահանջներուն շուրջ քննարկումներու պատրաստակամութիւն յայտնած է: «Եռեակին կողմէ ներկայացուած 12 կէտերէն  շատերը նոր չեն. անոնց կառավարութիւնը հրապարակաւ անդրադարձած կամ իրականացուցած է: Այդուհանդերձ, մեր դիրքորոշումները քարացած չեն, եւ մենք պատրաստ ենք քննարկումներու»,  երէկ յայտարարած է Աբրահամեան: Վարչապետը կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեամբ կ՛առաջարկէ «իւրաքանչիւր հարցի համար կառավարութեան...

1118_Ohanian_Heffern

Օհանեան Եւ Հեֆըրն Քննարկած Են Կործանած Ուղղաթիռի Անձնակազմին Հարցը

Հեֆըրն եւ Օհանեան Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան  մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն: Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են 12 նոյեմբերին  Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կործանած ուղղաթիռի անձնակազմի ճակատագիրը պարզելու եւ դիակները վերադարձնելու ուղղութեամբ միջազգային ջանքերը համակարգելու քայլերը:  

1117_arachnort

Վերամուտին Առիթով Կազմակերպուած Հանդիպումին Ընթացքին. «Մեր Կենսունակութեան Մեծագոյն Ազդակը Մեր Ունեցած Ազգային Կրթական Ժառանգութիւնն Է» Կ՛ըսէ Շահէ Եպս. Փանոսեան

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երկուշաբթի, 17 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերամուտի առիթով հանդիպում: Ներկայ էին Ազգային վարժարաններու խնամակալութիւնները, հոգաբարձութիւնները եւ տնօրէնները: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Յակոբ Եագուպեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն հրաւիրեց սրբազան հայրը փոխանցելու իր խօսքը: Առաջնորդ սրբազանը նկատել...

161114AndrzejKasprzyk-Info

Բակօ Սահակեան. «Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ստոր Եւ Ապակառուցողական Են»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 նոյեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:   Անդրադառնալով վերջերս վարժական թռիչք իրականացնող պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռը հարուածելու դէպքին, նախագահ Սահակեան Ազրպէյճանի գործողութիւնները անուանած է ստոր եւ ապակառուցողական: Երկրին ղեկավարը նշած է, որ Ազրպէյճանի այդպիսի կեցուածքը...

1117_Armen-Rusdamian

«Եռեակի Հանրահաւաքները Չցրուեցին Հանրութեան Մօտ Գոյութիւն Ունեցող Անորոշութիւնը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը տակաւին յստակ որոշում չունի, թէ ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան  անդամակցութեան: Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան նշած է. «Մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան  հետ համագործակցութիւնը մենք դրական կը  գնահատենք, որովհետեւ ատիկա մեր կենսական անհրաժեշտութեան հարցն է: Մենք շատոնց  հասկցած ենք, որ...

Մինասեան. «Լաւ Է, Որ Կառավարութիւնը Իր Խոստումին Տէր Կը Կանգնի»

Արծուիկ Մինասեան Հայաստանի Ազգային ժողովի երէկուան արտակարգ նիստին, երբ կը քննարկուէր կառավարութեան ներկայացուցած` սահմանամերձ համայնքներուն արտօնութիւններ տալու մասին հարցը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ կառավարութեան ներկայացուցած այդ օրէնքը անպայման  ողջունելի է:   «Յուսամ` այս դրական հատուածը կը պահպանէք, իսկ այստեղէն ներկայացուող առաջարկները նպատակ ունին միայն ու միայն բարելաւելու օրէնքը: Բացի ատկէ, ասիկա այն նախագիծն է, որ միասնականութեան...

պատրիարաքարանի-զինանշան-f

Հայրապետական Կոչ Եւ Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակի Յիշատակումի Յայտարարութիւն.

Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. Ողորմութեամբ Աստուծոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետական Կոչ Մեր պատուական եղբայրներուն` Արհի. արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն, գերապատիւ վարդապետներուն, յարգոյ քահանաներուն, սարկաւագներուն, առաքինազարդ կոյսերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը կը պատրաստուի 2015-ին բացառիկ միջոցառումներով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Շրջադարձային դառնալու կոչուած այս հանգրուանը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր պէտք...

1117_euro

«Մանկական Եւրատեսիլ – 2014» Մրցումին Հայաստան Գրաւեց Երրորդ Դիրքը

15 նոյեմբերին Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «Մանկական Եւրատեսիլ - 2014» երաժշտական մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչ Պեթթին տպաւորիչ եւ խանդավառ կերպով մեկնաբանելով «Արեւի մարդիկ» երգը` գրաւեց երրորդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Իտալիան` 159 կէտով, իսկ երկրորդ` Պուլկարիան` 147 կէտով (Հայաստանէն միայն մէկ կէտ աւելի): Հակառակ անհանգիստ ըլլալուն, 39 աստիճան ջերմութեան` Պեթթին շատ լաւ կերպով ներկայացուց իր երգը` տարբեր երկիրներէ ստանալով 146 կէտ: Ան...

1116_Senor

Կործանուած Ուղղաթիռի Անձնակազմին Գծով Տակաւին Նորութիւններ Չկան

Արցախի մէջ կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմին հետ կապուած` տակաւին նորութիւններ չկան, իրավիճակը կը մնայ նոյնը: Այս մասին «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան: Յիշեցնենք, որ ռազմափորձերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ կործանուած ուղղաթիռը կը գտնուի սահմանի չէզոք գօտիի հատուածին մէջ: Հայկական կողմը իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի վերադարձնէ զոհուածներուն դիակները: Այդ կապակցութեամբ արդէն դիմուած է...

աղվան51

«Ազրպէյճանը Պէտք Է Պատժուի» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Ազրպէյճանի կողմէ ուղղաթիռի կործանումը նոր իրավիճակ կը ստեղծէ յարաբերութիւններուն մէջ. մէկ բան յստակ է` Ազրպէյճանը զերօ մակարդակի հասցուց երկար ընդմիջումէ մը ետք այս տարի նախագահներու մակարդակով տեղի ունեցած երեք հանդիպումները: Կը կարծեմ, որ  Հայաստանը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր քաղաքականութիւնը, որովհետեւ մենք կորսնցուցինք մեր ուղղաթիռի անձնակազմը` հրաշալի տղաքը, եւ ակնյայտ է, որ այս ընթացքը շարունակելը  ուղղակի յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով:...

1116_Bas

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Յայտարարէ. «1915-ի Ողբերգութեան Ճանաչումը Կը Բխի Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Շահերէն»

Ճոն Պաս Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ճոն Պաս «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւններու լիակատար եւ անկեղծ ճանաչումը կը բխի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի շահերէն: «Մենք, ինչպէս նախապէս, կը կարծենք, որ այդ ցաւալի իրադարձութիւններուն, զանգուածային սպանութիւններուն եւ ողբերգութիւններուն լիակատար եւ անկեղծ ճանաչումը կը բխի թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛...

1116_seminar

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին. Երկօրեայ Սեմինար` «Հայ Դատի Նոր Մարտահրաւէրներ Եւ Փոխանցման Արդի Միջոցներ» Խորագիրով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի կազմակերպութեամբ շաբաթ, 16 եւ կիրակի, 17 նոյեմբերին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատի նոր մարտահրաւէրներ եւ փոխանցման արդի միջոցներ» խորագրեալ սեմինարը, որուն հրաւիրուած էին մասնակցելու լիբանանահայ աւելի քան 25 վարժարաններու տնօրէններն ու բարձր դասարաններու հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ գործող երիտասարդական, ուսանողական, մշակութային եւ մարզական...

1114_Sargsian

Նախագահ Սարգսեանի Պատգամը Ազրպէյճանին. «Վե՛րջ, Ղարաբաղի Եւ Հայաստանի Դէմ Կռուիլը Կարճ Ու Հաճելի Զբաղում Պիտի Չըլլայ»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղ աշխատանքային այցելութեան երկրորդ օրը Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ «Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ հետեւեցաւ զոյգ հանրապետութիւններու զինեալ ուժերու «Միասնութիւն-2014» գործնական-մարտավարական ռազմափորձերուն: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` ցուցադրուեցաւ «հրասայլային երկամարտ», ուր մրցութային կարգով որոշուեցաւ կրակային եւ այլ չափանիշներով լաւագոյն մասնակիցը: Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները նոյն...

1114_Agvan_Vardanyan

Ըստ Աղուան Վարդանեանի. Քաղաքական Ուժերը Կրնային Զուգահեռ Տանիլ Սահմանադրական Փոփոխութիւններն Ու Ներքաղաքական Պայքարը

Աղուան Վարդանեան Խորհրդարանական երէկուան ասուլիսներուն  ընթացքին, խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ ներքաղաքական իրավիճակին մասին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշած է. «Հետզհետէ աւելի կը  համոզուիմ, որ մենք հանգիստ կրնայինք այս երկու հոլովոյթները չխառնել իրարու: Քաղաքական ուժերը շատ հանգիստ կրնային ներքաղաքական պայքարը պահել օրակարգի  վրայ` զուգահեռ զբաղելով սահմանադրական բարեփոխումներու հարցով, որովհետեւ այս երկու հոլովոյթները իրարու չէին խաչաձեւեր: Ատիկա Հայաստանի...

Shahan-0067

«Մենք Փախչող Ժողովուրդ Չենք, Մենք Արմատներուն Վերադարձող Ժողովուրդ Ենք» Կ՛ըսէ Շահան Արք. Սարգիսեան

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան երէկ` ուրբաթ, 14 նոյեմբերին, կէսօրուան  ժամը 12:00-ին, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ հայաստանաբնակ սուրիահայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Հաւաքին ներկայ եղան աւելի քան 600 սուրիահայեր, որոնք եկած էին լսելու առաջնորդ սրբազանին պատգամը: Հոգեհանգստեան աղօթքէն ետք, սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ բազմութեան, որ այսքան կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կրցաւ...

1114_nareg1-f

Նարեկ Դուրեան Ներկայացուց «Քոմա Նոստրա»-ն

Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ելոյթ ունեցաւ Նարեկ Դուրեան` ներկայացնելով «Քոմա Նոստրա» մենախաղը, ուրբաթ, 14 նոյեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: «Քոմա Նոստրա» ներկայացումը նուիրուած է Նարեկ Դուրեանի ծննդեան 55 ամեակին: Ներկայացումը կը սկսի շտապ օգնութեան մեքենայի մը մէջ, ապա Դուրեան կը սկսի պատմել իրեն հետ պատահածին մասին հիւմըրով ու հաճելի իրավիճակներ ստեղծելով: Բեմին...

Ռուսիոյ Օդուժի Օդանաւերը Պիտի Կարենան  Օգտագործել Ստեփանակերտի Օդակայանը

Ակնարկ. Միջազգային Երաշխաւորութեամբ Գործարկել Ստեփանակերտի Օդակայանը

Հայկական ուղղաթիռի խոցումը ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ զինադադարի հերթական խախտումներու ծիրէն դուրս կու գայ. ոչ անպայման այն իմաստով, որ ասիկա արձակազէններու գործողութիւններէն կամ անդադրում կրակահերթերէն տարբեր է: Այլ` յատուկ քաղաքական նպատակ հետապնդող քայլ է, առնուած Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ: Դէպքի հանգամանքները պարզելը անշուշտ օգտակար է: Նկատելը, որ զինուած ուղղաթիռ չէր, որ ազրպէյճանական սահմանը չէր հատած, որ Ազրպէյճան այդ բոլորին հակառակը փաստելու համար...

9079_b-f

Նախագահ Սարգսեան Զինուորական Ուղղաթիռով Մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն ընդհանուր հրամանատար Սերժ Սարգսեան  երէկ  աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ստեփանակերտի օդակայան հասած է զինուորական ուղղաթիռով եւ զայն դիմաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: Նշենք, որ Ազրպէյճանի կողմէ ղարաբաղեան ուղղաթիռի վար առնուելու դէպքին անդրադառնալով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ Ղարաբաղի օդային տարածքը ոչ թռիչքային գօտի հռչակած...

1113Tavit-Ishkhanian-f

Իշխանեան. «Այս Դէպքին Համարժէք Պատասխանը Պիտի Չուշանայ»

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական օդուժի ‹‹Մի-24›› ուղղաթիռը հարուածելու համար պատասխանատու են թէ՛ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, թէ՛ ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը: ‹‹Այս ապակայունութիւնը Ազրպէյճանը կը ստեղծէ իր քաղաքական շահերուն համար, սակայն որքան Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանատու են տուեալ իրավիճակին համար, այնքան ալ պատասխանատու են միջազգային կառոյցները, մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը,...

Page 815 of 885 1 … 814 815 816 … 885