Միացեալ Նահանգներու Մոնթեպելլօ Քաղաքի Նոր Քաղաքապետը` Ճեք Հաճինեան
Ճեք Հաճինեան Մոնթեպելլօ քաղաքի քաղաքապետ ընտրուած է Ճեք Հաճինեան, կը տեղեկացնէ «Ասպարէզ» թերթը: «Ծնած ըլլալով Մոնթեպելլոյի մէջ` իմ սէրս եւ նուիրումս պիտի ներդնեմ քաղաքին բարգաւաճման համար», ըսած է նորընտիր քաղաքապետը 25 նոյեմբերին տեղի ունեցած երդման արարողութեան ընթացքին: Իբրեւ Մոնթեպելլոյի երկարամեայ բնակիչ` Հաճինեան գործուն մասնակցութիւն ունեցած է Մոնթեպելլոյի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին, հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն մէջ: Ան եղած է Հայ...



















