Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահը «Նոր Օսմանեան» Անուանած Է Թուրքիոյ Գործելաոճը

November 20, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1119_yiannakis-omirouՀայաստանի եւ Կիպրոսի փոխադարձ աջակցութիւնը հիմնուած է ամուր հիմքերու վրայ: Այդ մասին յայտարարած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Եանաքիս Օմիրուն` երէկ խօսք առնելով Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին:

«Այդ փոխադարձ աջակցութիւնը կոփուած է մեր ժողովուրդներուն միացեալ պայքարներով մինչեւ  այսօր տառապանքի ենթարկող ընդհանուր թշնամիին դէմ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր արժէքներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ, որոնց մենք հաւատարիմ ենք», ըսած է Օմիրու:

Ան Կիպրոսի խորհրդարանականներուն եւ ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Հայաստանի վարած սկզբունքային եւ կայուն քաղաքականութեան համար` «յանուն մեր երկրի եւ ժողովուրդի ազատութեան եւ վերամիաւորման»: «Մեզի յայտնի է այն գինը, որ դուք կը վճարէք ձեր աջակցութեան համար, որուն  համար ալ երախտապարտ ենք ձեզի», յայտարարած է Օմիրու:

«Հակառակ Անգարայի յառաջացուցած բարդութիւններուն` Կիպրոս եւ Հայաստան պէտք է աշխուժացնեն երկկողմանի յարաբերութիւնները, միաւորեն միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ իրենց ուժերը եւ օգտագործեն կիպրական եւ  հայկական սփիւռքի լծակները որոշումներ կայացնող ատեաններուն մէջ` ընդհանուր ճակատ ձեւաւորելով ընդդէմ Թուրքիոյ  քաղաքականութեան: Ներկայացուցիչներու տան  անդամներուն եւ իմ անունովս այդ ուղղութեամբ գործելու ամբողջական պատրաստակամութիւն կը  յայտնեմ», յայտարարած է Եանաքիս Օմիրու, որ երէկ նաեւ տեսակցած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:

Ողջունելով հիւրերը` վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած են ջերմ, բարեկամական յարաբերութիւններ, եւ նման բարձր մակարդակի պաշտօնական այցելութիւնները կը նպաստեն երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ ընդլայնման: «Մեր ժողովուրդները իրարու կապուած են դարաւոր կապերով, որոնք ամուր հիմք են միջպետական յարաբերութիւններու, առեւտրատնտեսական կապերու, զինուորական եւ կրթամշակութային մարզերուն մէջ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ հետագայ  զարգացման համար», նշած է վարչապետը:

Եանաքիս Օմիրու բարձր գնահատած է հայ-կիպրական ոչ միայն երկկողմ, այլեւ բազմակողմ համագործակցութիւնը եւ աշխուժ որակած  ատիկա` ընդգծելով, որ ատոր մեծապէս կը նպաստէ նաեւ կիպրահայ համայնքին  գործունէութիւնը: Յովիկ Աբրահամեան  շնորհակալութիւն յայտնած է հայ համայնքին  նկատմամբ Կիպրոսի իշխանութիւններուն ցուցաբերած յարգալից եւ ջերմ վերաբերմունքին համար:

Գոհունակութիւն յայտնելով երկու երկիրներուն  միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին համար` զրուցակիցները կարեւոր նկատած են նաեւ առեւտրական-տնտեսական գործակցութեան աշխուժացումը: Այս ծիրին մէջ վարչապետը անհրաժեշտ նկատած է գործարարներու փոխադարձ հաղորդակցութիւններու աշխուժացումը` տնտեսական կապերու ներուժը բացայայտելու եւ գործակցութեան նոր ուղղութիւններ նախագծելու համար:

Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են առ այն, որ Հայաստան եւ Կիպրոս միշտ աջակցած են իրարու  եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում դրսեւորած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ Կիպրոսի խնդիրի լուծման հարցին մէջ` կարեւոր նկատելով անոնց խաղաղ լուծումը, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ չափանիշներու հիման վրայ:

Յովիկ Աբրահամեան եւ Եանաքիս Օմիրու խօսած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մասին եւ անդրադարձած Մեծ եղեռնի 100-ամեակի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Կիպրոսի մէջ տեղի ունենալիք ոգեկոչման եւ յիշատակի ձեռնարկներուն, որոնց կը մասնակցին ինչպէս հայաստանեան, այնպէս ալ կիպրական  բարձրաստիճան պաշտօնական պատուիրակութիւններ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Յետաձգեց 10 Դեկտեմբերին

Յաջորդը

Վարչապետ Աբրահամեան Աշկապատ Կը Մեկնի

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.