Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Որբերու Գորգը Կը Ցուցադրուի Սպիտակ Տան Մէջ

November 21, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1120_kork18 նոյեմբերին, Սպիտակ տան այցելուներու սրահին մէջ սկսաւ ցուցադրուելու հայ որբերու կողմէ նուիրուած «Ղազիրի գորգը», որուն առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երկար սպասուող այս ցուցադրութեան մասին բացատրութիւններ տուին քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Տէյվիտ Վալատաօ: Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 23 նոյեմբեր:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան այս մասին հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ կը նշէ, թէ ցուցադրութիւնը լուսարձակի տակ կը դնէ ամերիկացիներուն առատաձեռնութիւնը, որ հարիւր հազարաւոր հայերու, ներառեալ` որբերու, կեանքը փրկած է Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք: Համբարեան շեշտած է, թէ այդ միջամտութեան արդիւնքն է Ղազիրի որբանոցի հայ որբերուն պատրաստած այս հոյակապ գորգը, որ պատմական արժէք ունի ու առիթ կ՛ընծայէ ծանօթանալու Հայոց ցեղասպանութեան ծալքերուն:

Համբարեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր քոնկրեսականներուն, ինչպէս նաեւ Հայկական համագումարին ու Հայկական գորգի ընկերակցութեան, որոնք ապահոված են այս ցուցադրութեան իրականացումը:

Յայտնենք, որ ցուցադրութեան մասին բացատրութեան մէջ գորգը ուղղակիօրէն չի կապուիր Հայոց ցեղասպանութեան: Այս մասին «Ասպարէզ»-ի հարցումին պատասխանելով` Սպիտակ տունը նշած էր. «Նախագահն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակաբար պատմական իրականութիւն նկատած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն տեղի ունեցած 1.5 միլիոն հայերու սպանդը ու ցաւակցութիւն յայտնած են անոր համար` միաժամանակ շեշտելով, որ անոր ամբողջական, անկեղծ եւ արդար ճանաչումը բոլորին, ներառեալ` Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ամերիկայի համար, նպաստաւոր պիտի ըլլայ»:

Գորգը ունի մօտաւորապէս 11.7 ոտքով 18.5 ոտք ծաւալ ու բաղկացած է 4,404,206 հանգոյցներէ: Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին հիմնած Ղազիրի որբանոցի հայ որբուհիները զայն գործած են մօտաւորապէս տասը ամսուան ընթացքին:

Շիֆ անցեալ դեկտեմբերին դիմած էր Սպիտակ տուն, որպէսզի գորգը տրամադրուի Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին ի պատիւ կազմակերպուելիք հանրային ձեռնարկի մը համար:

Գորգը կը ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներուն իբրեւ երախտագիտութիւն` Սպիտակ տան նուիրուած երկու այլ իրերու (նուիրուած Ֆրանսայի եւ Ճափոնի կողմէ) մասին կազմակերպուելիք ցուցադրութեան մը ընթացքին: Գորգին ոդիսականը վերջերս լուսարձակի տակ առնուած էր, երբ փորձ կատարուած էր զայն ցուցադրելու անցեալ տարի, Յակոբ Մարթին Տէրանեանի կողմէ այդ գործին մասին գրուած հատորի ներկայացման ձեռնարկին ընթացքին, «Սմիթսոնիըն» հիմնարկին մէջ, սակայն Սպիտակ տունը արտօնութիւն չէր տուած ցուցադրութեան:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը գորգին ցուցադրութիւնը ապահովելու համար արշաւի մը նախաձեռնած էր, ու աւելի քան 30 քոնկրեսականներ կոչ ուղղած էին Սպիտակ տան, որ վերատեսութեան ենթարկէ գորգի ցուցադրութեան ընդդիմանալու իր որոշումը:

 

 

Նախորդը

Մարտական Դիրքի Վրայ Ազրպէյճանցի Զինուոր Մը Սպաննուած Է

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.