Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռէյիսի` լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մեկնաբանելով Ազրպէյճանի կողմէ վար առնուած ղարաբաղեան ուղղաթիռին դէպքը ըսած է. «Ես գոհ չեմ սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակէն»:
Դեսպանը յոյս յայտնած է, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ղարաբաղեան հարցը խաղաղ միջոցով կը լուծեն: «Ես յոյս ունիմ, որ Ազրպէյճան եւ Հայաստան կը շարունակեն բանակցութիւնները եւ կը հասնին խնդիրի լուծման` առանց բանակներու միջամտութեան: Այդ հարցը պէտք է լուծուի միայն խաղաղ միջոցով», ըսած է դեսպանը:


