Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, ուրբաթ, 21 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ արաբերէնի փայլուն ուսանողներու «Պայան» մրցանակաբաշխումը:
Ներկայութեամբ պաշտօնական եւ ակադեմական անձնաւորութիւններու, դասախօսներու, ուսանողներու եւ անոնց ծնողներուն, սկիզբ առաւ ձեռնարկը լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որուն յաջորդեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհէյլա Հայեքի ողջոյնի խօսքը: Հայեք շեշտեց լիբանանեան շրջանակին հետ շաղուելու կենսականութիւնն ու շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն եւ յատկապէս հայկական վարժարաններու արաբերէնի ուսուցիչներուն ու «Պայան» մրցանակի դատական կազմի անդամներուն: Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան պատուոյ հիւր, պատկերասփիւռի հաղորդավար Փոլա Եագուպեանը:
Փոլա Եագուպեան իր արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատեց «Կոկիկեան» հիմնարկի եւ յատկապէս անոր նախագահ Միշել Կոկիկեանի տարած աշխատանքը ի նպաստ լիբանանահայ երիտասարդութեան: Եագուպեան իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան ըսաւ. «Կ՛ուզեմ ըսել բոլոր երիտասարդներուն, որոնք կը պայքարին արաբերէնին տիրապետելու համար, թէ այս պայքարը շարունակեցէք, որովհետեւ կարեւոր պայքար է ան»: Ան աւելցուց ըսելով. «Մենք կ՛ուզենք, որ արաբերէնը ըլլայ դիւրին եւ սրտի մօտիկ, եւ ես վստահ եմ, որ պիտի գայ սերունդ մը, որ յեղափոխութիւն պիտի կատարէ արաբերէնին մէջ»:
Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ 2013-ի «Պայան»-ի մրցանակակիր Քրիստին Ճիպելեան` Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանէն: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին «Պայան» ձեռնարկի կազմակերպման համար, որ առիթը կ՛ընծայէ հայ աշակերտին բարելաւելու իր արաբերէնի գիտելիքները եւ անոր մէջ վառ կը պահէ մրցակցութեան ոգին:
Ապա «Կոկիկեան» հիմնարկի անձնակազմէն Արամ Գարատաղլեան բեմ հրաւիրեց 2013-2014 դպրոցական տարեշրջանին հայկական 13 բարձրագոյն վարժարաններէն արաբերէնի բարձրագոյն միջին ապահոված 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու ուսանողները, որոնք յատուկ յուշանուէրներով պատուըուեցան Ֆլաւի Կոկիկեանի եւ «Կոկիկեան» հիմնարկի վարչութեան կողմէ:
Իսկ «Պայան»-ի 2014-ի մրցանակակիր ուսանողներն էին.
Առաջին մրցանակակիր` Ռոտրիկ Սեփեթճեան (Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան):
Երկրորդ մրցանակակիր` Միրնա Շերպեթճեան (Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան – Այնճար):
Երրորդ մրցանակակիր` Լարա Պերոյեան (ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յովակիմեան բարձրագոյն վարժարան):
Բոլոր մրցանակակիրները ստացան նիւթական պարգեւներ, տրամադրուած` «Քրետիթ պանք» դրամատան կողմէ:
Ապա առաջին մրցանակակիր Ռոտրիկ Սեփեթճեան կարդաց իր շարադրութիւնը, իսկ Հռիփսիմեանցի տնօրէն քոյր Արմինէ Մարկարոսեան երկրորդ անգամ ըլլալով ստանձնեց «Պայան»-ի մրցանակը:
Այս առիթով Ուատիհ Սաֆիի «Լպնան» երգը մեներգեց Հայկազեանի ուսանողներէն Նժդեհ Պոտրումեան: Օրուան հանդիսավարն էր Արամ Գարատաղլեան:


