Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

November 21, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Himnadram-Banner-2014a«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, տարեկան իր աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս կը կազմակերպէ դրամահաւաք ռատիոթոն: «Դէպի Արցախ» կարգախօսով կազմակերպուած  համահայկական դրամահաւաքի հանգանակուած գումարը այս տարի եւս պիտի յատկացուի Վարդենիս- Մարտակերտ մայրուղիի շինութեան` ամբողջացնելով երկրորդ եւ վերջնական փուլի աշխատանքները:

Անցեալ տարուան համահայկական դրամահաւաքին հանգանակուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ իրականացան հողի մշակման եւ հարթման գլխաւոր աշխատանքները: Մօտաւորապէս 116 քմ երկարութիւն ունեցող մայրուղին ունի 10 մեթր լայնք,  որուն 7 մեթրը երթեւեկի համար նախատեսուած կուպրապատ մասն է:

Վարդենիս- Քարվաճառ ճանապարհի սկիզբի 12 քիլոմեթրը կուպրապատ է: Իսկ ճամբու մնացեալ հատուածը` մինչեւ Մարտակերտ, ծածկուած է հաստ եւ խտացած հողի շերտով, որ ինքնաշարժներու երթեւեկին համար գործածելի է:

Այս տարուան դրամահաւաքին հանգանակուած գումարին շնորհիւ պիտի աւարտի վերակառուցման երկրորդ հանգրուանով նախատեսուած` ճանապարհի մնացեալ մասին կուպրապատումն ու յարդարումը:

Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցումը` իբրեւ ռազմավարական ծրագիր, այլընտրանքային կապ կը հաստատէ մեր երկու հանրապետութիւններուն միջեւ:  Նոր մայրուղին ոչ միայն  պիտի աշխուժացնէ  ճամբու  երկայնքին գտնուող 22 մեծ ու փոքր գիւղերու կեանքը, այլեւ պիտի խթանէ զբօսաշրջութիւնը եւ պիտի նպաստէ մեր երկու հանրապետութիւններուն տնտեսութեան բարգաւաճման:

Լայնածաւալ այս ծրագիրը իր աւարտին հասցնելու, ինչպէս նաեւ տարաբնոյթ այլ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով հիմնադրամի աշխարհասփիւռ մարմինները կը կազմակերպեն դրամահաւաք:  Իր կարգին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը իր տարեկան դրամահաւաք ռատիոթոնը կը կազմակերպէ հինգշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2014-ին:

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի  սեմին,  համախումբ  մասնակցութիւն բերելու այս դրամահաւաքին եւ  թէկուզ փոքր նուիրատուութիւններով մասնակից  դառնալու  ազգային մեծ նշանակութիւն ունեցող այս ծրագիրի իրագործման:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Պէյրութ, 20 նոյեմբեր 2014

Նախորդը

Հայ Որբերու Գորգը Կը Ցուցադրուի Սպիտակ Տան Մէջ

Յաջորդը

Զօրավար Սեպուհի Աճիւններուն Սափորը Ամփոփուեցաւ Եռաբլուրի Մէջ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.