Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի մնայուն յանձնախումբը դատապարտած է Ազրպէյճանը` բանտարկեալներու արտայանձման մասին համաձայնագիրը Ռամիլ Սաֆարովը անյապաղ ազատ արձակելու նպատակով օգտագործելուն համար:
Յանձնախումբը բանաձեւը ընդունած է Բրիտանիոյ պատուիրակ Քրիսթոֆըր Չոփի զեկուցումին հիման վրայ, ուր մտահոգութիւն կը յայտնուի, որ համաձայնագիրը կիրարկուած է Ազրպէյճանին յանձնելէ ետք Ռամիլ Սաֆարովի անյապաղ ազատ արձակումը արդարացնելու համար:
Բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ համաձայնագիրը նախատեսուած չէ դատապարտեալներու` հայրենիք հասնելուն պէս անյապաղ ազատ արձակման համար:
«Ընդունելով, որ անդամ-պետութիւնները, տուեալ համաձայնութեան 12-րդ յօդուածով բանտարկութեան դատապարտուած անձերու ներման եւ համաներման գերիշխան իրաւունք ունին, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը կը յիշեցնէ, որ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ բարեխղճութեան սկզբունքները կը ճանչցուին նաեւ Միջազգային համաձայնագիրներու իրաւունքի մասին Վիեննայի համաձայնագիրով, ինչպէս նաեւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքները կը պահանջեն, որ համաձայնագիրները մեկնաբանուին իրենց նպատակներուն եւ խնդիրներուն համապատասխան», ըսուած է բանաձեւին մէջ:
Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարով 2012 թուականի օգոստոսի վերջաւորութեան արտայանձնուած էր Ազրպէյճան: Հայրենիք հասնելուն պէս հայ սպան գազանաբար սպաննելուն համար դատապարտուած յանցագործը արդարացուած, պաշտօնի բարձրացում եւ պարգեւներ (տուն եւ 8 տարուան աշխատավարձ) ստացած էր:


