Խմբագրական. Մոնթեվիտէօ-Ստեփանակերտ Եւ Հայ Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը
Տարեսկիզբը հայութեան համար կը յատկանշուի քաղաքական բաւական ուշագրաւ եւ կարեւոր իրադարձութեամբ մը: Ձայնը կը հնչէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութենէն: Պաշտօնական Մոնթեվիտէոն նման յայտարարութեամբ մը հանդէս կու գայ` հայութեան ամէնէն հրատապ խնդիրին շուրջ շատ կարեւոր նախանշում կատարելով: 4 յունուար 2015 ստորագրութիւնը կրող Մոնթեվիտէոյի յայտարարութիւնը բառացիօրէն կ՛ըսէ. «Արտաքին գործոց նախարարը այսօր հանդիպում մը ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի միջազգային եւ ուրուկուէյեան ներկայացուցիչներու...















