Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ժողովուրդին Համար Անհրաժեշտ Են Նոր Հոգի Ու Նորոգեալ Կամք

Յունուար 6, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bishop-Shahe-Panossian19022014Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, կու գամ սրտագինս շնորհաւորելու լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ մաղթելու, որ գալիք ժամանակները մեզ առաջնորդեն աւելի բարիին, վսեմին ու ճշմարիտին, որպէսզի ի խնդիր մեր քրիստոնէական ու ազգային արժէքներու յարատեւութեան ու վերածաղկումին, ազգովին դառնանք աւելի պայծառատես ու արի:

2015 թուականը մեր հաւաքականութեան կը բերէ Հայոց ցեղասպանութեան զարհուրանքներուն ու մեր ազգութեան կորսնցուցած արժէքներուն հարիւրամեայ յիշատակը: Տագնապներով լեցուն արդի աշխարհին մէջ, մեր ժողովուրդին համար անհրաժեշտ են նոր հոգի ու նորոգեալ կամք, որպէսզի կարենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով խաղաղութեամբ յիշել մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ պատիւ ընծայել նաեւ անոնց, որոնք ի սփիւռս աշխարհի եւ ի խնդիր հայրենիքի ու ազգութեան լինելութեան, հաւատարմութեամբ կը պահեն մեր անմահ նահատակներուն կտակը ու վճռակամութեամբ կը շարունակեն պահանջել մեզմէ խլուածն ու յափշտակուածը:

Տօնական այս մթնոլորտին մէջ եւ աւելի պայծառ օրերու ակնկալութեամբ, կ՛աղօթեմ, որ բարին Աստուած, յաւելեալ յոյս եւ քաջութիւն ներշնչէ մեր հաւաքականութեան: Թող որ Ս. Ծնունդով աստուածային սիրոյ ճառագայթը դարձեալ ցոլայ մեր ազգին վրայ ու մեր մէջ պլպլացնէ մեր նախնիներուն հաւատքի ճրագը, որպէսզի տագնապներով լեցուն արդի աշխարհին մէջ, մենք կարենանք քրիստոնէական արժէքներու ու ազգային մեր շունչին յարատեւութեան համար գտնել նոր կամք ու յաւելեալ կորով:

2015 թուականը նշանակալից կրնայ դառնալ մեզի համար, եթէ ուխտի գիտակցութեամբ կարենանք յաւելեալ գուրգուրանքով վարուիլ հայրենական աւանդներուն ու յիշատակներուն հետ եւ զանոնք հաւատարմութեամբ փոխանցենք նորահաս սերունդներուն, որպէսզի անոնք եւս քաջութեամբ տանին իրենց կեանքին պայքարը:

Այս հանգրուանին պէտք է վերստին կեանք տանք այն հաւատքին, որ դար մը ամբողջ, սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ իսկ, մեզ կանգուն պահեց իբրեւ ցեղային միաւոր եւ իւրայատուկ դիմագիծ ունեցող հաւաքականութիւն: Հաւաքաբար կարիքը ունինք յաւելեալ հաւատքի ու տեսիլքի, որպէսզի արդի կեանքէն եկող ու մեր ժողովուրդին նկարագիրը խաթարող, մեզ այլասերող եւ բարոյապէս մեր ազգային ամրութիւնը քայքայող հոսանքներուն դիմաց, մեր պապերուն հաւատքի լոյսը դարձեալ ողողէ մեզ ու աստուածային առաքինութիւններ հաստատուին մեր կեանքին մէջ:

Այս սպասումներով, կ՛աղօթեմ, որ ամենաբարին Աստուած առաւել եւս զօրացնէ եւ արդիւնաւորէ Լիբանանի հայոց թեմի սահմաններուն մէջ ու մեր ազգի կեանքին մէջ գործող մեր եկեղեցիներուն, վարժարաններուն, հոգեւոր եւ ազգային կեդրոններուն, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, հայրենակցական միութիւններուն, մամլոյ գործակալութեանց եւ ընկերային ու քաղաքական կառոյցներուն եւ մարմիններուն աշխատանքը, բարօր կեանք պարգեւէ մեր ժողովուրդին ամէնուրեք, մեր հայրենիքը դարձնէ աւելի բարգաւաճ ու ծաղկուն եւ մեզ հաւաքաբար առաջնորդէ մեր մաքառումներու ու ձգտումներու ամբողջական պսակումին:

Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս. Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի:

Աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Նախորդը

Տօնէն Ետք` Մեր Բաժինը

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը. «Եթէ Աստուած Մեր Կողմն Է, Ո՞վ Կրնայ Մեզի Հակառակ Ըլլալ»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?