Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուիս Ալմակրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին Ճանչնալու Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

Յունուար 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

010715_almagroԿիրակի, 4 յունուարին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ ՀՅԴ Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ հանդիպում մը ունեցան Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար տոքթ. Լուիս Ալմակրոյի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն կարգին յատկապէս քննարկուեցան Հարաւային Կովկասի քաղաքական իրադարձութիւններն ու Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի բազմաթիւ խախտումները, ինչ որ նախարարը բուռն կերպով դատապարտեց: Նախարար Ալմակրօ նոյնպէս կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքը, նաեւ վերահաստատելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, մայիս 1918-էն դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն համաձայն:

Նախարար Ալմակրոյի յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը ցոլացնէ շրջանի կարգավիճակին մասին Ուրուկուէյի գիտակցութիւնը: Սեպտեմբեր 2011-ին Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը հրապարակային ձեւով յայտարարեց, թէ Ուրուկուէյ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի քննարկման սկիզբ տուած էր, այդ ուղղութեամբ պաշտօնական որոշում որդեգրելու միտումով: Ապա, զանազան առիթներով հանդիպումներ տեղի ունեցան Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարին ու կառավարական բարձր պաշտօնեաներու եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ Ուրուկուէյի մօտ անոնց դեսպաններուն հետ: Խորհրդարանական գետնի վրայ, Ուրուկուէյի տասնեակ երեսփոխաններ եւ ծերակուտականներ առիթ ունեցան հանդիպելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ դեկտեմբեր 2011-ին` Մոնթեվիտէօ իր այցելութեան առիթով: Միւս կողմէ, Ուրուկուէյի Երեսփոխանական տան նախագահ տոքթ. Խորխէ Օռիքոյի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նոյեմբեր 2012-ին եւ հանդիպումներ ունեցաւ երկրին գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն ու զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հարցը նաեւ ներկայ եղած է 2011 թուականէն ի վեր Ուրուկուէյի բոլոր քաղաքական կազմակերպութիւններու խորհրդարանականներուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ Ազրպէյճան կատարած այցելութեանց ժամանակ:

Մինչ այդ յուլիս 2014-ին հիմնահարցը նոյնպէս ներկայացուեցաւ նախագահներ Խոսէ Մուխիքայի եւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած միասնական յայտարարութեան մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Ուրուկուէյ այցելութեան առիթով: Զոյգ նախագահները ընդգծեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը, Մինսքի խմբակին աջակցութեամբ:

4 յունուարին հրապարակուած սոյն յայտարարութիւնը կը գտնուի Հարաւային Կովկասի շրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան օժանդակելու նպատակով Ուրուկուէյի կողմէ սկիզբ տրուած աշխատանքներուն ծիրին մէջ` առ ի հետեւումն երկրին արտաքին քաղաքականութեան աւանդական արժէքներուն:

Հանդիպման վերջաւորութեան նախարար Ալմակրօ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդներուն փոխանցեց իր բարեմաղթանքները` 6 յունուարի հայկական Ս. Ծնունդի տօնին առիթով:

Ստորեւ` Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը.

«Արտաքին գործոց նախարարը այսօր հանդիպում մը ունեցաւ Հայ դատի յանձնախումբի միջազգային եւ ուրուկուէյեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հարաւային Կովկասը յուզող հարցեր, եւ արտաքին գործոց նախարարը բուռն կերպով դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումները, որոնք հետզհետէ կը շարունակուին: Նոյնպէս, նկատի ունենալով Մինսքի խմբակին տարած աշխատանքը, որուն եզրափակման պիտի սպասէ Ուրուկուէյը ճանաչման առնչութեամբ իր որոշումը որդեգրելու համար, շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան սկզբունքը` մայիս 1918-էն դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններով (նախքան խորհրդայնացումը):

«Ապա, արտաքին գործոց նախարարը 6 յունուարի Ծնունդի տօնին առիթով իր ողջոյնի պատգամը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդներուն` յոյս յայտնելով, որ վերջինս ազգերու միջազգային հանրութեան կողմէ իր ճանաչումը ստանայ շուտով:

 

 

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Յաջորդը

Խմբագրական. Մոնթեվիտէօ-Ստեփանակերտ Եւ Հայ Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Խաղաղութեան Պայմանագիրի  Բազմաթիւ Հարցերու Շուրջ Ոչ Իտէալական,  Բայց Փոխընդունելի Ձեւակերպումներ  Կարելի Եղած Է Գտնել»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Խաղաղութեան Պայմանագիրի Բազմաթիւ Հարցերու Շուրջ Ոչ Իտէալական, Բայց Փոխընդունելի Ձեւակերպումներ Կարելի Եղած Է Գտնել»

Մարտ 25, 2023
Ներկայացուցիչներու Տան 69 Անդամներ  Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Ազրպէյճանին  Զինուորական Օգնութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան 69 Անդամներ Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Ազրպէյճանին Զինուորական Օգնութիւնը

Մարտ 25, 2023
Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ  Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի  Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին
Գլխաւոր լուրեր

Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In