Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ը 2014-ին. Արագընթաց Արհեստագիտութեան Հետ Քայլ Պահելու Առաջադրանքով

January 3, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԲԱՐ­ՍԵՂ­ԵԱՆ

Կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ ալ մե­ծա­պէս նկա­տե­լի է ար­հես­տա­գի­տու­թեան արա­գըն­թաց զար­գա­ցու­մը, որ բնա­կա­նա­բար կը թա­կէ նա­եւ տպա­գիր մա­մու­լին դռնե­րը` անոր ուղղ­ուած բա­զում մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն կող­քին յա­ւել­եալ ձեռ­նոց նե­տե­լով մա­մու­լի կա­ռոյց­նե­րուն:

Հա­ւա­նա­բար ոչ իրա­տե­սա­կան պի­տի ըլ­լայ ըսել, որ աւե­լի քան 85-ամ­եայ «Ազ­դակ»-ը մնա­յուն կեր­պով քայլ կը պա­հէ ար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ ար­ձա­նագ­րուող նո­րօր­եայ զար­գա­ցում­նե­րուն հետ, սա­կայն կա­րե­լի է հաս­տա­տել, որ անի­կա կը փոր­ձէ կա­րե­լիու­թեան եւ իրեն ըն­ձեռ­ուած սահ­ման­նե­րուն մէջ օգտո­ւիլ անոնց­մէ` իր առա­քե­լու­թեան ու նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յեց­նե­լով զա­նոնք:

Ար­դա­րեւ, «Ժի­րայր Պու­տագ­եան  ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րոն»-ին մէջ կա­րե­լի եղաւ թուայ­նաց­նել, մա­շու­մէ եւ փճա­ցու­մէ փրկել ո՛չ միայն «Ազ­դակ»-ի հա­ւա­քա­ծո­նե­րը, այլ նա­եւ` այլ թեր­թեր եւ գրա­կան հա­տոր­ներ: 2014-ին բարձ­րա­ցաւ թիւը տե­սագր­ուած հար­ցազ­րոյց­նե­րուն, որոնց ըն­թաց­քին ար­ծարծ­ուե­ցան տար­բեր բնոյ­թի նիւ­թեր եւ խնդիր­ներ` զա­նոնք դնե­լով աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ:

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցը, սուր­ի­ա­հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած դժուար օրե­րը, Քե­սա­պի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցում­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան վի­ճա­կը, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րը, գա­ղու­թին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, Հայ դա­տին ու պա­հան­ջա­տի­րու­թեան առնչ­ուած հար­ցե­րը, սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րուն վե­րա­բե­րող զար­գա­ցում­նե­րը, լի­բա­նան­եան, շրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կով դէպ­քե­րը շա­րու­նա­կե­ցին մնալ «Ազ­դակ»-ի աշ­խա­տանք­նե­րուն հիմ­նա­կան առանցք­նե­րը, որոնց առն­չուող յօդ­ուած­ներ, մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ եւ հար­ցազ­րոյց­ներ տեղ գտան մեր էջե­րուն մէջ:

«Ազ­դակ»-ի Դի­մա­տետ­րի տար­բեր էջե­րը, որոնց կը հե­տե­ւին տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր ան­ձեր, բա­ւա­կան աշ­խուժ ձե­ւով կը գոր­ծեն, կը հան­դի­սա­նան քննար­կում­նե­րու ու միտ­քե­րու փո­խա­նակ­ման բեմ: Ամէ­նօր­եայ դրու­թեամբ այդ էջե­րուն վրայ կը տե­ղադր­ուին «Ազ­դակ»-ի կայ­քին վրայ զե­տեղ­ուած լու­րեր, յօդ­ուած­ներ, տե­սագր­ուած նիւ­թեր եւ այլն:

Թեր­թը իր հա­յե­րէն եւ արա­բե­րէն կայ­քե­րով փոր­ձեց նա­եւ ճշգրիտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցո­ղի դե­րին մէջ ըլ­լալ` ջրե­լով թրքա­կան եւ ազր­պէյ­ճա­նա­կան մնա­յուն փոր­ձե­րը` պատ­մու­թիւնը խե­ղա­թիւ­րե­լու եւ դէպ­քե­րը այլակերպուած տե­սան­կիւ­նէն ներ­կա­յաց­նե­լու:

www.aztagdaily.com-ը կը շա­րու­նա­կէ կա­նո­նա­ւոր կեր­պով գոր­ծել. անոր հո­վա­նա­ւորն է «Վի­վա­սել-Էմ. Թի. Էս.»-ը:

«Ազ­դակ»-ի կայ­քէ­ջի արա­բա­տառ բա­ժան­մուն­քը` www.aztagarabic.com-ը, որուն հո­վա­նա­ւորն է Լե­ւոն Զե­քի Ետալ­եան, իր կար­գին շա­րու­նա­կեց իր աշ­խուժ աշ­խա­տանք­նե­րը:

20141216_083939«Ազ­դակ»-ի յար­կին տակ  թուայ­նաց­ման աշ­խուժ
աշ­խա­տանք­ներ

20141216_084228«Ժի­րայր Պու­տագ­եան ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րոն»-ին մէջ թուայ­նաց­ման մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քը բա­ւա­կան աշ­խուժ թափ ստա­ցաւ 2014-ին: Ար­դա­րեւ, «Ազ­դակ»-ի ար­խիւ­նե­րու թուայ­նաց­ման առա­ջին հանգր­ուա­նը` թեր­թե­րու լու­սան­կար­չու­թիւնը, ար­դէն իսկ հա­սաւ իր աւար­տին: Այս­պի­սով փրկուե­ցաւ «Ազ­դակ»-ի ողջ հա­ւա­քա­ծոն ամէն տե­սակ վտան­գէ, եւ տպա­գիր տար­բե­րա­կին կող­քին, ար­դէն իսկ կա­րե­լի եղաւ ու­նե­նալ թուա­յին տար­բե­րա­կը: Ընթացք առին նա­եւ երկ­րորդ հանգր­ուա­նի աշ­խա­տանք­նե­րը, որոնք կ՛ընդգր­կեն թեք­նիք բա­ժին, այ­սինքն` լու­սան­կար­նե­րուն ուղ­ղու­թիւնը շտկել, կտրել եւ վե­րան­ուա­նել: Վե­րան­ուա­նու­մը պի­տի դիւ­րաց­նէ ու­սում­նա­սի­րո­ղին գոր­ծը, որ պար­զա­պէս իր փնտռած թեր­թին տա­րեթիւը եւ էջը դնե­լով փնտռտու­քի յա­տուկ բա­ժի­նին մէջ` պի­տի յա­ջո­ղի գտնել զայն: Եր­րորդ հանգր­ուա­նը կը նա­խա­տե­սէ որո­նե­լի դարձ­նել այս ար­խիւ­նե­րը յա­տուկ ծրա­գի­րի մը մի­ջո­ցով, եւ ու­սում­նա­սի­րո­ղը պի­տի կա­րե­նայ յօդ­ուա­ծի մը վեր­նա­գի­րը կամ յօդ­ուա­ծա­գի­րին անու­նը դնե­լով` իր փնտռտու­քը կա­տա­րել:

«Ազ­դակ»¬ի ար­խիւ­նե­րէն բա­ցի, թուայ­նացո­ւե­ցան եւ կո­րուս­տէ փրկուե­ցան նա­եւ այլ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ:

Թուայ­նա­ցում «Տի Ար­մինի­ըն Ռի­վիու»-ի
հա­ւա­քա­ծո­յին

010315AR-Cover-First-issue-296x420Անգլ­ի­ա­լե­զու «Տի Ար­մինի­ըն Ռի­վիու» հրա­տա­րա­կու­թեան տպա­գիր տար­բե­րակ­նե­րը, «Ռի­վիու»-ի խմբա­գիր փրոֆ. Աս­պետ Գո­չիկ­եա­նի եւ «Ազ­դակ»-ի տնօ­րէ­նու­թեան մի­ջեւ կա­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեամբ թուայ­նաց­ուե­ցան` հան­դէ­սին ամ­բողջ բո­վան­դա­կու­թիւնը տրա­մադ­րե­լի եւ հա­սա­նե­լի դարձնե­լով ժա­մա­նա­կա­կից հա­յա­գի­տու­թեան խնդիր­նե­րը ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն:

Ռու­բէն Դար­բին­եա­նի մտայ­ղա­ցու­մով եւ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 1948-էն ի վեր, որոշ ընդ­մի­ջում­նե­րով, Պոս­թը­նի մէջ հրա­տա­րա­կուող «Տի Ար­մինի­ըն Ռի­վիու» հան­դէ­սը հա­յա­գի­տա­կան նիւ­թեր հե­տա­զօ­տող­նե­րուն հա­մար վա­ւե­րա­կան աղ­բիւր է: Այս հան­դէ­սի էջե­րուն ստո­րագ­րած են ժա­մա­նա­կա­կից հայ գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մա­գի­տու­թեան մէջ վա­ւե­րա­կան անուն­ներ: Հան­դէ­սի էջե­րուն կը հան­դի­պինք ո՛չ միայն ամե­րի­կա­հայ, այլ նա­եւ սփիւռ­քա­հայ եւ հայ­րե­նի գիտ­նա­կան­նե­րու պատ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­բա­նա­կան բնոյ­թի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րուն:

«Տի Ար­մինի­ըն Ռի­վիու»-ի հրա­տա­րա­կու­թիւնը կը հո­վա­նա­ւո­րէ 2003-ին հաս­տատ­ուած «Ալիս եւ Հե­րի Սա­չաքլ­եան-Ար­մինի­ըն Ռի­վիու հիմ­նադ­րամ»-ը:

Պաղ­տա­տի «Գո­յա­մարտ»-ի Հա­ւա­քա­ծո­յի
թուայ­նա­ցում

010315KOYAMARDՆկա­տի ու­նե­նա­լով Իրա­քի մէջ 2014-ին տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րը, դժուա­րու­թիւն­ներ յաղ­թա­հա­րե­լէ ետք, Պաղ­տա­տի մեր ազ­գա­յին­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան «Գո­յա­մարտ» շա­բա­թա­թեր­թի ամ­բող­ջա­կան հա­ւա­քա­ծոն, բնագ­րա­յին վի­ճա­կով, մա­յի­սին հասց­նել «Ազ­դակ»: Թէ­եւ ժա­մա­նա­կի մա­շու­մի գոր­ծօ­նը իր հետ­քը ձգած է առա­ջին թիւե­րուն վրայ, այ­դու­հան­դերձ, կա­րե­լի եղաւ փրկել հա­մար­նե­րը, նկա­րա­հա­նել եւ թուայ­նաց­նել զա­նոնք:

«Գո­յա­մարտ» շա­բա­թա­թեր­թը Պաղ­տա­տի մէջ կը սկսի հրա­տա­րակ­ուիլ 8 նո­յեմ­բեր 1948-ին: Հիմ­նա­դիր­ներն են` Արամ Տիւզ­եան, տոքթ. Բաբ­գէն Փա­փազ­եան, Լե­ւոն Գար­մէն (Ստե­փան­եան), Մար­գար Սօ­սոյ­եան, Յա­կոբ Տէր Ներ­սէս­եան (հրա­տա­րակ­ուած է Իրա­քի օր­ուան Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ­ին որո­շու­մով):

Թեր­թին ար­տօ­նա­տէրն ու պա­տաս­խա­նա­տուն է Արամ Տիւզ­եան: Խմբա­գիր­ներն են տոքթ. Բաբ­գէն Փա­փազ­եան եւ Լե­ւոն Գար­մէն: Շատ լայն շրջա­նա­կի աշ­խա­տա­կից­ներ ու­նե­ցած է` Յա­կոբ Իրա­զեկ, Հայկ Օհան­եան, տոքթ. Գ. Աս­թարճ­եան, Տ. Մես­րոպ քհնյ. Օր­ջան­եան, տոքթ. Գուր­գէն Փա­փազ­եան, Գա­լուստ Սիւր­մէն­եան, Մար­գար Սօ­սոյ­եան, Հ. Իզ­միրլ­եան, Դա­ւիթ Թա­դէ­ոս­եան եւ այլն:

Թեր­թը կը փակ­ուի 26 օգոս­տոս 1954-ին` կա­ռա­վա­րա­կան հրա­մա­նով (պատ­ճա­ռը այն էր, որ Իրաք հիմ­նա­դիր­նե­րէն էր «Պաղ­տա­տի ուխտ»-ին, որուն հիմ­նա­դիր­նե­րէն էր նա­եւ Թուրք­ի­ան):

1958-ին վերս­տին կը սկսի հրա­տա­րակ­ուիլ «Գո­յա­մարտ»-ը, այս ան­գամ ար­տօ­նա­տէրն էր Նի­կո­ղոս Ալեք­սանդր­եան, իսկ խմբա­գիր­ներն էին Լե­ւոն Գար­մէն եւ տոքթ. Բ. Փա­փազ­եան: Դժբախ­տա­բար եր­կար կեանք չու­նե­ցաւ եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս փակ­ուե­ցաւ նոյն տար­ւան օգոս­տո­սին»:

010315pakin«Բա­գին»-ի հա­տոր­ներ

Այս տար­ուան ըն­թաց­քին թուայ­նաց­ուե­ցան նա­եւ 1993-ին լոյս տե­սած «Բա­գին»-ի զոյգ թիւե­րը, որոնք նուիր­ուած են ար­ցախ­եան հե­րոս նա­հա­տակ­նե­րուն: Հոն կա­րե­լի է գտնել ար­ցախ­եան ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մաս­նակ­ցած հե­րոս­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թեան կեն­սագ­րա­կան­նե­րը, լու­սան­կար­նե­րը եւ անոնց նա­հա­տա­կու­թեան պայ­ման­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ: Այս ար­ժէ­քա­ւոր հրա­տա­րա­կու­թին­նե­րը ար­դէն իսկ սպա­ռած են, թուայ­նաց­ման մի­ջո­ցով կա­րե­լի եղաւ զա­նոնք դնել աշ­խար­հի որե­ւէ տեղ գտնուող հայ ըն­թեր­ցո­ղին տրա­մադ­րու­թեան տակ:

«Ազ­դակ-Բա­ցա­ռիկ»-ներ  եւ յա­ւել­ուած

Պօ­ղոս Սնապ­եա­նի նուիր­ուած յա­ւել­ուած

010315snab-havelvatz2006-էն մին­չեւ իր մա­հը «Ազ­դակ»-ի մեծ ըն­տա­նի­քին մաս կազ­մած վաս­տա­կա­շատ ու մե­ծար­ժէք մտա­ւո­րա­կան Պօ­ղոս Սնապ­եան, որուն խմբագ­րու­թեամբ լոյս տե­սան ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րուն կող­մէ ան­համ­բեր սպաս­ուած «Ազ­դակ»-ի գրա­կան յա­ւել­ուած­նե­րը, 2014-ին կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն:

Պօ­ղոս Սնապ­եա­նին մահ­ուան օրէն մին­չեւ իր քա­ռա­սուն­քը «Ազ­դակ»¬ի խմբագ­րու­թեան հա­սած եւ Պօ­ղոս Սնապ­եա­նին նուիր­ուած յօդ­ուած­ներ, յու­շագ­րու­թիւն­ներ, մա­հագ­րու­թիւն­ներ եւ ցա­ւակ­ցա­գիր­ներ անոր մահ­ուան քա­ռա­սուն­քին առի­թով ամ­փոփ­ուե­ցան «Ազ­դակ»¬ի յա­տուկ յա­ւել­ուա­ծին մէջ` իբ­րեւ յար­գանք Պօ­ղոս Սնապ­եա­նի ան­մեռ յի­շա­տա­կին:

«Յա­ւել­ուած»-ը կը բաղ­կա­նայ 24 էջե­րէ: Այս­տեղ իրենց ստո­րա-    գ­րու­թիւնը դրին` Նա­զա­րէթ Պէր­պէր­եան (Աթէնք), Մա­րի Ռոզ Ապու­սէֆ­եան (Սան Ֆրան­սիս­քօ), Շա­հան­դուխտ, Կա­րօ Ար­մէն­եան, Պօ­ղոս Շահ­մե­լիք­եան (Լոս Ան­ճե­լըս), Նո­րա Արիս­եան (Դա­մաս­կոս), Սե­դա Գրի­գոր­եան (Լոս Ան­ճե­լըս), Նո­րա Բար­սեղ­եան, Սալ­բի Քիւրքճ­եան-Թաշճ­եան, Սե­ւակ Քեն­տիրճ­եան, Ժաք Յ. Յա­կոբ­եան, Փա­նոս Ճե­րան­եան (Մոն­րէ­ալ), Համ­բիկ Պի­լալ­եան եւ Գէ­որգ Պե­տիկ­եան: Յա­ւել­ուա­ծին մէջ լոյս տե­սան նա­եւ հան­գուց­եա­լին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին ար­տա­սան­ուած դամ­բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րը կամ այդ առ­թիւ հա­սած ցա­ւակ­ցա­գիր­նե­րը, նա­եւ` գրա­ւոր պատ­ճէ­նը այն շա­հե­կան ու բո­վան­դա­կա­լից հար­ցազ­րոյ­ցին, զոր այդ օրե­րուն «Վա­նայ Ձայն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի հա­ղոր­դա­վար Հու­րի Փա­փազ­եան¬Էմմի­եան կա­տա­րեց երես­փո­խան Յա­կոբ Բագ­րա­տունիի ու «Բա­գին»-ի այժ­մու խմբա­գիր Յա­կոբ Պալ­եա­նի հետ` զա­նոնք խօ­սեց­նե­լով Պօ­ղոս Սնապ­եա­նի մա­սին:

Հա­ւաք` «Ազ­դակ»-ի Նոր Տար­ուան Բա­ցա­ռիկ Թիւի
Հրա­տա­րա­կու­թեան Առի­թով

10 յուն­ուա­րին «Ազ­դակ»-ի «Ժի­րայր Պու­տագ­եան» մամ­լոյ ու­սում­նա­սի­րու­թեան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւաք մը` «Ազ­դակ»-ի 2014-ի Ամա­նո­րի բա­ցա­ռիկ թիւին հրա­տա­րա­կու­թեան առի­թով:

Մտեր­միկ հան­դի­պու­մին ներ­կայ գտնուե­ցան «Ազ­դակ»-ի անձ­նա­կազ­մը, Նոր տար­ուան բա­ցա­ռիկ թիւի աշ­խա­տա­կից­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ` մամ­լոյ մշակ­ներ եւ «Ազ­դակ»-ի աջա­կից­ներ:

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց «Ազ­դակ»-ի խմբագ­րա­կազ­մի ան­դամ Ար­շօ Պալ­եան:

Ապա խօսք առին «Ազ­դակ»-ի տնօ­րէն եւ գլխա­ւոր խմբա­գիր Շա­հան Գան­տա­հար­եան, Մե­լանք­թոն եւ Հայկ Արս­լան­եան Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն եւ «Ազ­դակ»-ի Նոր տար­ուան բա­ցա­ռի­կի նիւ­թե­րու լեզ­ուա­կան սրբագ­րու­թեան ու մշա­կու­մի պա­տաս­խա­նա­տու Տիգ­րան Ճին­պաշ­եան:

«Ազ­դակ»-ի բա­ցա­ռի­կի
ներ­կա­յա­ցում Երե­ւա­նի մէջ

Յուն­ուար 22-ին Երե­ւա­նի «Ուր­բաթ» լրագ­րող­նե­րու ակում­բին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ազ­դակ» օրա­թեր­թի բա­ցա­ռիկ հա­տո­րի եւ Պոլ­սոյ «Մար­մա­րա» օրա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ռո­պեր Հատ­տէճ­եա­նի գիր­քե­րու շնոր­հա­հան­դէ­սը:

Բա­ցա­ռիկն ու հա­տո­րը ներ­կա­յա­ցուց հայ­րե­նի լրագ­րող Թա­թուլ Յա­կոբ­եա­նը: Եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով` «Ազ­դակ» բա­ցա­ռի­կը կը ներ­կա­յաց­ուի Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Խօսք առաւ նա­եւ «Սփիւռք» կեդ­րո­նի տնօ­րէն, գրա­կա­նա­գէտ Սու­րէն Դանի­էլ­եան, որ կա­րե­ւոր նկա­տեց այն աշ­խա­տան­քը, զոր «Ազ­դակ» կը կա­տա­րէ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման իմաս­տով:

«Ազ­դակ» օրա­թեր­թի եւ Հատ­տէճ­եա­նի գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան մա­սին խօսք ար­տա­սա­նե­ցին նա­եւ շար­ժան­կա­րիչ­ներ Ժիւլի­եթ Կա­ժոյ­եանն ու Ար­փէն Մով­սիս­եա­նը:

Ապ­րիլ­եան բա­ցա­ռի­կի
ներ­կա­յա­ցում Երե­ւա­նի մէջ

010315Aztag-Patsarig41«Ազ­դակ»-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Շա­հան Գան­տա­հար­եան 22 ապ­րի­լին Երե­ւա­նի «Ուր­բաթ» ակում­բին հետ լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ  ապ­րիլ 24-ի բա­ցա­ռի­կին մա­սին, որ ամ­բող­ջու­թեամբ նուիր­ուած է հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ 100-ամ­եա­կին ըն­դա­ռաջ ծրա-       գ­րուող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն:  Ան յայտ­նեց, որ «Ազ­դակ» լոյս կը տես­նէ ամէն օր, կը բաղ­կա­նայ 10 էջե­րէ: Շա­հան Գան­տա­հար­եան տե­ղե­կա­ցուց, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին նուիր­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը պէտք է նպա­տակ ու­նե­նան հան­րա­յին կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րել:

«Ազ­դակ»-ի ապ­րիլ 24-ի բա­ցա­ռի­կին ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րեց ազ­գագ­րա­գէտ դոկտ. Յա­րու­թիւն Մա­րու­թեա­նը:

Տե­ղին է նշել, որ «Ազ­դակ»-ի բա­ցա­ռիկ­նե­րուն հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը կը շա­րու­նա­կեն ստանձ­նել տէր եւ տի­կին Ալեք­քօ եւ Անի Պե­զիք­եան­նե­րը:

Գրա­կան թեր­թը 2014-ին լոյս տե­սաւ պար­բե­րա­բար. անոր հո­վա­նա­ւոր­ներն են տէր եւ տի­կին Գօ­գօ Եսայ­եան­նե­րը եւ տէր եւ տի­կին Զոհ­րապ Քը­ւըր­եան­նե­րը:

Մեր կո­րուստ­նե­րը

2014 թուա­կա­նին «Ազ­դակ»-ի ըն­տա­նի­քը ու­նե­ցաւ մարդ­կա­յին կո­րուստ­ներ, որոնք ո՛չ միայն ցաւ պատ­ճա­ռե­ցին, այլ նա­եւ ստեղ­ծե­ցին ատակ ու վաս­տա­կա­շատ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու առ­յա­ւէտ բա­ժա­նու­մի ափ­սո­սան­քը եւ կա­րե­ւոր մար­դու­ժի ան­հե­տաց­ման փաս­տը:

010315harry33– 21 ապ­րի­լին Նիւ Եոր­քի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց յայտ­նի լրագ­րող-լու­սան­կա­րիչ Հե­րի Գուն­տաքճ­եան: Գուն­տաքճ­եա­նին տա­րի­նե­րով վստահ­ուած է «Էսոշի­էյ­թըտ Փրես» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան արա­բա­կան եր­կիր­նե­րու, Մի­ջին Արե­ւել­քի, հիւ­սի­սա­յին եւ արե­ւել­եան Ափ­րի­կէի շրջան­նե­րու գլխա­ւոր լու­սանկա­րի­չի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը:

Մեծ եղած է Գուն­տաքճ­եա­նի ներդ­րու­մը նա­եւ հայ­կա­կան մա­մու­լին մէջ: Ան եր­կար տա­րի­ներ կա­մա­ւո­րա­բար «Ազ­դակ»-ին տրա­մադ­րած է ան­ձամբ իր լու­սան­կա­րած կամ «Էսոշի­էյ­թըտ Փրես»-ի լու­սան­կար­նե­րէն:

010315Hagop-Manouguian– 17 մա­յի­սին մա­հա­ցաւ գրի­չի լի­բա­նա­նա­հայ վաս­տա­կա­ւոր սպա­սար­կու, «Ազ­դակ»-ի մնա­յուն աշ­խա­տա­կից Յա­կոբ Մա­նուկ­եան: Խմբագ­րու­թիւնը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իրե՛ն վստա­հած էր թեր­թին յղուած հա­յե­րէն նո­րա­տիպ գիր­քե­րը հան­րու­թեան ծա­նօ­թաց­նե­լու, զա­նոնք գրա­խօ­սե­լու պար­տա­կա­նու­թիւնը: Ու ան իր այդ ծա­ռա­յու­թիւնը կը կա­տա­րէր խղճա­միտ մօ­տե­ցու­մով ու պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ:

Նա­խա­պէս Յա­կոբ Մա­նուկ­եա­ն եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տակ­ցած է «Բա­գին» գրա­կան ամ­սա­գի­րին:

– 14 յու­նի­սին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց «Բա­գին» ամ­սա­գի­րի եր­կար տա­րի­նե­րու վաս­տա­կա­ւոր խմբա­գիր, հայ ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման մէջ իր ու­րոյն ներդ­րու­մը ու­նե­ցած վաս­տա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան եւ ՀՅ Դաշ­նակ­ցու­թեան գրա­կան ան­դաս­տա­նին մէջ հան­րա­ծա­նօթ հե­ղի­նա­կու­թիւն Պօ­ղոս Սնապ­եան:

010315baronՊօ­ղոս Սնապ­եան ծնած է 11 օգոս­տոս 1927-ին, Մու­սա Լե­րան Պիթ­ի­աս գիւ­ղը: Նա­խակր­թու­թիւնը կը ստա­նայ ծննդա­վայ­րի եւ Այն­ճա­րի «Յա­ռաջ» վար­ժա­րա­նին մէջ:1944-ին կ՛ըն­դուն­ուի Երու­սա­ղէ­մի Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նը եւ կ՛աւար­տէ զայն 1949-ին: 1949-ին աւար­տե­լէ ետք, կը վե­րա­դառ­նայ Լի­բա­նան, ուր Այն­ճա­րի ու Պէյ­րու­թի մէջ կը զբա­ղի ու­սուց­չու­թեամբ:

1950-էն սկսեալ իր գրա­կան եւ քննա­դա­տա­կան գոր­ծե­րը լոյս կը տես­նեն «Նա­յի­րի» եւ «Ակօս» հան­դէս­նե­րուն մէջ: Աշ­խա­տակ­ցած է նա­եւ սփիւռ­քա­հայ շարք մը թեր­թե­րու` պատմ­ուածք­նե­րով, տպա­ւո­րա­պաշտ էջե­րով եւ քննա­դա­տա­կան եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան յօդ­ւած­նե­րով: Եր­կու տա­րի, 1957-ին եւ 1959-ին, լոյս կ՛ըն­ծա­յէ «Միջ­նա­բերդ» գրա­կան տա­րե­գիր­քը: 1962 յուն­ուա­րին, Կա­րօ Սա­սունիի խմբագ­րա­պե­տու­թեամբ, երբ լոյս կը տես­նէ ՀՅ Դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը հան­դի­սա­ցող գրա­կա­նու­թեան եւ ար­ուես­տի «Բա­գին» ամ­սա­գի­րը, Եդ­ուարդ Պօ­յաճ­եա­նի հետ կը կոչ­ուի խմբա­գի­րի պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նին:

1962-ին կը մեկ­նի Փա­րիզ եւ Սոր­պո­նի ու Ալ­ի­անս Ֆրան­սե­զի մէջ եր­կու տա­րի, իբ­րեւ ազատ ունկն­դիր, կը հե­տե­ւի գրա­կան եւ իմաս­տա­սի­րա­կան դա­սըն­թացք­նե­րու: Վե­րա­դար­ձին կը շա­րու­նա­կէ «Բա­գին»-ի մէջ իրեն վստահ­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը: Խմբա­գի­րի պաշ­տօ­նը կը վա­րէ ամ­բողջ 42 տա­րի, մին­չեւ 2003: Մի­ա­ժա­մա­նակ կը դա­սա­ւան­դէ հայ գրա­կա­նու­թիւն, Այն­ճա­րի եւ Պէյ­րու­թի ազ­գա­յին երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու աւար­տա­կան դա­սա­րան­նե­րուն մէջ:

1966-1973 մաս կը կազ­մէ «Ազ­դակ» օրա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան` իբ­րեւ ազ­գա­յին եւ գրա­կան-մշա­կու­թա­յին էջե­րու պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գիր:

Եղած է Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մէջ հաս­տատ­ւած (1966) «Գէ­որգ Մե­լի­տի­նե­ցի» գրա­կան մրցա­նա­կի դա­տա­կազ­մի ան­դամ եւ խմբագ­րած է աւե­լի քան 50 գրա­կան հա­տոր:

1983-էն աւան­դած է հայ գրա­կա­նու­թիւն` Հա­մազ­գա­յի­նի Հա­յա­գի­տա­կան բարձ­րա­գոյն հիմ­նար­կի բո­լոր դա­սա­րան­նե­րուն:

2006-էն մին­չեւ իր մա­հը ստանձ­նած էր «Ազ­դակ»-ի գրա­կան յա­ւել­ուա­ծի խմբագ­րու­թիւնը:

Պօ­ղոս Սնապ­եա­նի տպա­գիր առա­ջին գրու­թիւնը, չա­փա­ծոյ կտոր մը` «Տաղ տրտմու­թեան», լոյս կը տես­նէ Երու­սա­ղէ­մի վան­քին պաշ­տօ­նա­թերթ «Սի­ոն»-ի մէջ, իսկ լոյս ըն­ծա­յած առա­ջին հա­տո­րը, վի­պակ մը` «Ժա­մա­նակ չկայ», 1953-ին, Պէյ­րութ: Ան­կէ ետք լոյս ըն­ծա­յած է վի­պա­կան, քննա­դա­տա­կան ու հրա­պա­րա­կագ­րա­կան բնոյ­թի աւե­լի քան 30 հա­տոր ու հրա­տա­րա­կե­լի ու­նի նոյն սե­ռի տա­սէ աւե­լի գոր­ծեր:

Խմբագ­րած ու հրա­տա­րա­կած է նա­եւ տար­բեր հե­ղի­նակ­նե­րէ վերց­ուած 75 հա­տոր:

2003-ին ար­ժա­նա­ցած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» շքան­շա­նին, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց» շքան­շա­նին,  Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան «Հա­մազ­գա­յին»-ի շքան­շա­նին, իսկ 2010-ին` Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեան գի­րին:

Յետ­մա­հու Պօ­ղոս Սնապ­եան պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ Այն­ճա­րի շքա- ն­շա­նով:

«Ազ­դակ»-ի «Ոս­կի ֆոնտ»-ին
նուիր­ուած գոր­ծեր

«Ազ­դակ» որո­շած է ու­նե­նալ իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հա­ւա­քա­ծո­յի «Ոս­կի ֆոնտ»-ը, որ պի­տի մնայ ան­ձեռնմ­խե­լի, ուր պի­տի ար­ձա­նագր­ուին եւ պահ­ուին մնա­յուն ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող այն բո­լոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, որոնք կը նուիր­ուին կեր­պար­ուես­տա­գէտ­նե­րու կող­մէ:

Այս տա­րի «Ոս­կի ֆոնտ»-ը ստա­ցաւ ճանչց­ուած գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու հե­տեւ­եալ գոր­ծե­րը.

vosgi-Fond– Պե­տիկ Հեր­կել­եա­նի ծննդեան վաթ­սու­նամ­եա­կին առի­թով Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րէն, մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ար­ժա­նա­ցած ար­ուես­տա­գէտ Եու­րո­զի (Եու­րի Գէ­որգ­եան) «Հա­յու­հին» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը:

– Գրի­գոր Նո­րիկ­եա­նի «Մեկ­նում առանց վե­րա­դար­ձի» խո­րա­գի­րով իւ­ղա­ներ­կը:

– Յա­րու­թիւն Թո­րոս­եա­նի «Ար­ուար­ձան» անու­նը կրող գոր­ծը:

– Յա­րու­թիւն Ար­մէն­եա­նի «Էրո­հե­տի կա­պոյտ­ներ» ջրա­ներ­կը:

– Թա­լին Տէր Քէ­շիշ­եա­նի «Հայ­րե­րուն հա­մար» պաս­տա­ռը:

– Մա­րալ Տէր Պօ­ղոս­եա­նի «Քա­ղա­քին հին տու­նե­րը» գոր­ծը:

– Մի­րէյ Կո­կիկ­եա­նի «Ձմեռ­նա­յին ջեր­մու­թիւն» պաս­տա­ռը:

Տար­բեր Նիւ­թե­րով Տե­սագր­ուած Զրոյց­ներ

Այս տար­ուան ըն­թաց­քին թա­փով շա­րու­նակ­ուե­ցան հա­մա­հայ­կա­կան եւ նե­րազ­գա­յին, շրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին, Հա­յաս­տանն ու սփիւռ­քը յու­զող տար­բեր նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րող տե­սագր­ուած զրոյց­նե­րը` հա­սա­րա­կա­կան, մշա­կու­թա­յին, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու, մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, ազ­գա­յին­նե­րու, երի­տա­սարդ­նե­րու եւ այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: Հան­դի­պում­նե­րը կա­յա­ցան «Ազ­դակ»-ի «Ար­սէն Չաղ­լաս­եան» ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ: Զրոյց­նե­րը վա­րե­ցին «Ազ­դակ»-ի մի­ջազ­գա­յին լու­րե­րու խմբա­գիր Վահ­րամ Էմմի­եան եւ «Ազ­դակ»-ի պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գիր­նե­րէն Նո­րա Բար­սեղ­եան:

– 3 յուն­ուար. «Վի­վա­սել-Էմ. Թի. Էս.»-ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րիկ­եա­նի հետ. նիւթ` «Վի­վա­սել¬Էմ. Թի. Էս.»¬ի իրա­կա­նա­ցու­ցած ծրա­գիր­ներն ու կա­տար­ուե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րը»:

– 10 յուն­ուար.  Ար­ուես­տա­գէտ, լու­սան­կա­րիչ Արա Օշա­կա­նի հետ, Լի­բա­նա­նի մէջ ապաս­տան գտած սուր­ի­ա­հա­յե­րու եւ իր ծննդա­վայր Լի­բա­նա­նը նկա­րե­լու, նա­եւ` ապա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն ու հե­ռան­կար­նե­րուն մա­սին:

– 11 յուն­ուար. ՀՅԴ Բիւ­րո­յի ան­դամ Մկրտիչ Մկրտիչ­եա­նի հետ. նիւթ` Հա­յաս­տա­նի Մաք­սա­յին միու­թեան մի­ա­ցու­մը եւ Թուրք­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին Երե­ւան այ­ցե­լու­թիւնը, նա­եւ` Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը խօս­քի ազա­տու­թեամբ ար­դա­րաց­նող Մարդ­կա­յին իրա­ւանց Եւ­րո­պա­յի դա­տա­րա­նին վճի­ռը:

– 31 յուն­ուար.  Եւ­րո­պա­կան եւ մի­ջի­նա­րե­ւել­եան յա­ռա­ջա­տար օրա­թեր­թե­րու հետ աշ­խա­տակ­ցած ու աշ­խա­տակ­ցող լրագ­րող եւ քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծա­բան Վի­գէն Չը­թըր­եա­նի հետ. նիւթ` «Արա­բա­կան գա­րուն», նոր «Սայքս-Փի­քօ»-ի հա­մա­ձայ­նու­թեան մը գո­յու­թեան շուրջ տա­րա­ձայ­նու­թիւն, քրտա­կան ազ­դակ եւ հայ-թուրք յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ:

– 13 փետր­ուար. ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ տոքթ. Յով­հան­նէս Թաս­լաք­եա­նի հետ. նիւթ` 2010-ի աւար­տէն ի վեր Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ ըն­թացք առած շարք մը իրա­դար­ձու­թիւն­ներ, ռուս-ամե­րիկ­եան եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ-Իրան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, Ուք­րան­իոյ մէջ ստեղծ­ուած իրա­վի­ճակ:

– 18 փետր­ուար. Քա­լի­ֆորն­իոյ հա­մալ­սա­րա­նի Լոս Ան­ճե­լը­սի մաս­նա­ճիւ­ղի` «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի հան­րա­յին առող­ջա­պա­հու­թեան բա­ժան­մուն­քի փոխտ­նօ­րէն Յա­րու­թիւն Ար­մէն­եա­նի հետ. նիւթ` գի­տա­կան, մաս­նա­գի­տա­կան, ար­ուես­տի եւ գրա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

– 13 մարտ. Լի­բա­նա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի եւ լի­բա­նան­եան բա­նա­կի Սպա­յից վար­ժա­րա­նի քա­ղա­քա­կան գի­տու­թեանց դա­սա­խօս դոկտ. Նո­րա Պայ­րագ­տար­եան-Գա­պագ­եա­նի հետ` մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թեանց վե­րա­բե­րող տար­բեր նիւ­թեր:

– 28 մարտ. Երե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի փոխտ­նօ­րէն, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Մհեր Յով­հան­նիս­եա­նի հետ. նիւթ` հա­յա­գի­տա­կան հար­ցեր, մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թիւն, ուս­ման ներ­կայ վի­ճակ:

– 1 ապ­րիլ. Թուրք փաս­տա­բան մեթր Էր­տալ Տո­ղա­նի հետ, մաս­նակ­ցու­թեամբ պոլ­սա­հայ լրագ­րող Հրանդ Գաս­պար­եա­նի. նիւթ` Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով Թուրք­իոյ կի­րար­կած ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փոխ­հա­տուց­ման հարց եւ Թուրք­իոյ մէջ այ­լա­խոհ­նե­րու երե­ւոյթ:

– 5 ապ­րիլ. Սամց­խէ-Ջա­ւախ­քի հայ­կա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու խոր­հուր­դի հա­մա­կար­գող Ար­տակ Գաբրի­էլ­-եա­նի հետ. նիւթ` Ջա­ւախ­քի կրթա­կան-մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան, առող­ջա­պա­հու­թեան, քա­ղա­քա­կան,  տե­ղե­կատ­ուա­կան մար­զե­րուն մէջ դի­մագ­րա­ւած հար­ցեր եւ մար­տահ­րա­ւէր­ներ:

– 9 ապ­րիլ. Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ակա­դեմ­իա­յի պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն փրոֆ. դոկտ. Աշոտ Մել­քոն­եա­նի հետ. նիւթ` պատ­մա­կան խնդիր­նե­րու ար­ծարծ­ման Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրա­ւա­կան հա­մա­կար­գի աշ­խու­ժաց­ման մէջ ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւնն ու իրա­ւա­կան թղթած­րա­րի պատ­րաս­տու­թեան մէջ պատ­մա­բան­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը:

010315Nora– 12 ապ­րիլ. «Սի­վիլ­նեթ»-ի լրագ­րող Մար­իա Թի­թիզ­եա­նի հետ. Քե­սա­պէն Լա­թաք­իա ապաս­տա­նած­նե­րուն տուած այ­ցե­լու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի լրատ­ուա­կան դաշ­տին մա­սին:

010315Vahram-Giro– 15 ապ­րիլ. ՀՅԴ Բիւ­րո­յի Հայ դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Կի­րօ Մա­նոյ­եա­նի հետ. նիւթ` Հայ դա­տի թղթած­րա­րին առն­չուող շարք մը հար­ցեր:

– 5 յու­նիս. Հայ­կազ­եան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ­կա­կան սփիւռ­քի ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն դոկտ. Անդ­րա­նիկ Տա­գէս­եա­նի հետ. «Լի­բա­նա­նի հա­յե­րը (Բ.)» խո­րա­գի­րով խորհր­դա­ժո­ղո­վին մա­սին:

010315zrouyts– 23 յու­նիս. Յա­կոբ Գառ­նեշ­եա­նի, Գէ­որգ Յա­կոբճ­եա­նի եւ Խա­չիկ Խա­չեր­եա­նի հետ` Մի­ջին Արե­ւել­քի ու հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րուն մա­սին:

– 25 յու­նիս. ՀՅԴ-ի մամ­լոյ դիւա­նի պա­տաս­խա­նա­տու Ար­տա­շէս Շահ­պազ­եա­նի հետ. նիւթ` Հա­յաս­տա­նի ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, հա­յաս­տան­եան տե­ղե­կատ­ուա­կան դաշ­տին դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րը:

– 3 յու­լիս. ՀՅԴ Բիւ­րո­յի ան­դամ Մկրտիչ Մկրտիչ­եա­նի հետ. նիւթ` մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ չճանչց­ուած պե­տու­թիւն­նե­րու երե­ւոյթ եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցին վրայ անոր ազ­դե­ցու­թիւնը. հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րով բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րը:

– 8 յու­լիս. Երե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի փոխտ­նօ­րէն, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Մհեր Յով­հան­նիս­եա­նի հետ. նիւթ` Երե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի սփիւռ­քի եւ Լի­բա­նա­նի հետ գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

– 11 օգոս­տոս. «Պենթ­լի» հա­մալ­սա­րա­նի մէջ աւագ դա­սա­խօս, «Ար­մինի­ըն ռի­վիու»-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Աս­պետ Գո­չիկ­եա­նի հետ. նիւթ` Եւ­րաս­ի­ա­կան տնտե­սա­կան միու­թեան կազ­մու­թիւն, Ուք­րան­իոյ տագ­նապ, հայ-ազր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ ար­ձա­նագ­րուող զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­ներ եւ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն:

– 21 օգոս­տոս. ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ տոքթ. Յով­հան­նէս Թաս­լաք­եա­նի հետ. նիւթ` շրջա­նա­յին զար­գա­ցում­ներ:

– 27 օգոս­տոս. Մի­շի­կըն հա­մալ­սա­րա­նի Տիր­պոռ­նի մաս­նա­ճիւ­ղի պատ­մու­թեան դա­սա­խօս դոկտ. Արա Սանճ­եա­նի հետ` հա­յոց պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցե­րուն մա­սին:

– 15 սեպ­տեմ­բեր. «Նիւ­թեր ՀՅ Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան հա­մար» շար­քի 8-րդ, 9-րդ եւ 10-րդ հա­տոր­նե­րուն մա­սին տե­ղի ու­նե­ցաւ հար­ցազ­րոյց մը հա­տոր­նե­րու խմբա­գիր, պատ­մա­բան Եր­ուանդ Փամ­պուք­եա­նի հետ. նիւթ` հա­տոր­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան եւ հրա­պա­րակ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւնը:

– 15 հոկ­տեմ­բեր. հայ­րե­նի լրագ­րող, «Ազ­դակ»-ի երե­ւան­եան աշ­խա­տա­կից, փոր­ձա­գէտ եւ վեր­լու­ծա­բան Թա­թուլ Յա­կոբ­եա­նի հետ. նիւթ` Եւ­րո­պա­կան տնտե­սա­կան միու­թեան Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թիւնը, անոր ազ­դե­ցու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ:

010315IMG_9789– 23 հոկ­տեմ­բեր. «Վե­րա­դարձ հայ­րե­նիք» հիմ­նադ­րա­մի հիմ­նա­դիր­ներ Րաֆ­ֆի Գա­սարճ­եա­նի եւ Ճորճ Թա­պաք­եա­նի հետ. նիւթ` հիմ­նադ­րա­մի հաս­տատ­ման պատ­ճառ­նե­րը, անոր կա­րե­ւո­րու­թիւնը, տա­րած աշ­խա­տանք­ներն ու ապա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րը:

– 29 հոկ­տեմ­բեր. Լի­բա­նա­նի պե­տա­կան եւ Սեն Ժո­զեֆ հա­մալ­սա­րան­նե­րու դա­սա­խօս, ար­ուես­տա­գէտ Յա­կոբ Տէր Ղու­կաս­եանի հետ. նիւթ` ֆիլ­մար­ուես­տի աշ­խար­հը, հոն տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րը:

 

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անս­խալ Գրենք» Մրցու­մը
Հա­մախմ­բեց  18 Վար­ժա­րան­նե­րէ
Աւե­լի Քան 300 Աշա­կերտ­ներ

Ինչ­պէս ամէն տա­րի, այս տա­րի եւս աւե­լի քան 300 աշա­կերտ­ներ իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին «Ազ­դակ»-ի ման­կա­պա­տա­նե­կան յա­ւել­ուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անս­խալ գրենք» մրցու­մին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 7 դեկ­տեմ­բեր 2014-ին, «Ազ­դակ»-ի «Փիւ­նիկ» սրա­հին մէջ:

010315BzdigՄրցու­մին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին 18 հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րէ` Հայ կա­թո­ղի­կէ Մես­րոպ­եան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նէն, Հայ կա­թո­ղի­կէ Ս. Խաչ-Հար­պոյ­եան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նէն, Հայ կա­թո­ղի­կէ Հռիփ­սիմ­եանց բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նէն, Հայ աւե­տա­րա­նա­կան Շամլ­եան-Թա­թիկ­եան վար­ժա­րա­նէն, Հայ աւե­տա­րա­նա­կան Թո­րոս­եան վար­ժա­րա­նէն, Հայ աւե­տա­րա­նա­կան կեդ­րո­նա­կան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նէն, Հայ աւե­տա­րա­նա­կան քո­լե­ճէն, ՀԲԸՄ Լե­ւոն Նա­զար­եան վար­ժա­րա­նէն, ՀԲԸՄ Պօ­ղոս Գ. Կար­միր­եան վար­ժա­րա­նէն, Վա­հան Թէ­քէ­եան վար­ժա­րա­նէն, Ազ­գա­յին Սրբոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց վար­ժա­րա­նէն, Ազ­գա­յին Յա­ռաջ- Գա­լուստ Կիւլ­պենկ­եան վար­ժա­րա­նէն, Ազ­գա­յին Աբ­գար­եան վար­ժա­րա­նէն, Ազ­գա­յին Աք­սոր Գա­սարճ­եան վար­ժա­րա­նէն, Ազ­գա­յին Սու­րէն Խա­նա­միր­եան քո­լե­ճէն, Ազ­գա­յին Եղի­շէ Մա­նուկ­եան քո­լե­ճէն եւ Հա­մազ­գա­յին Մե­լանք­թոն եւ Հայկ Արս­լան­եան ճե­մա­րա­նէն աշա­կերտ­ներ:

Մրցու­մի աւար­տին մաս­նա­կից­նե­րուն բաշխ­ուե­ցաւ յի­շա­տա­կի նուէր` տրա­մադր­ուած «Ազ­դակ»-ի կող­մէ: Մրցա­նա­կա­կիր­նե­րը նիւ­թա­կան նուէր­ներ ստա­ցան «Սօ­սի յի­շա­տա­կի ֆոնտ»-էն:

Մամ­լոյ Լսա­րան­ներ

Այս տա­րի եւս շա­րու­նակ­ուե­ցան «Ազ­դակ»-ի մամ­լոյ լսա­րան­նե­րը, որոնք իրենց շուրջ հա­մախմ­բե­ցին մտա­ւո­րա­կան­ներ, մամ­լոյ գոր­ծիչ­ներ, գրա­սէր­ներ, երի­տա­սարդ­ներ եւ ներ­կա­յաց­ուած նիւ­թե­րով հե­տաքրքըր­ւող­ներ: Անոնք տե­ղի ու­նե­ցան Մարդ­կա­յին պա­շար­նե­րու «Փիւ­նիկ» հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ կա­ռուց­ուած «Փիւ­նիկ» սրա­հին մէջ:

2014-ին կազ­մա­կերպ­ուե­ցան հե­տեւ­եալ մամ­լոյ լսա­րան­նե­րը.

– Թիւ 89. 3 փետր­ուար. նիւթ` «Քրտա­կան գոր­ծօ­նը` աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր զար­գա­ցում­նե­րուն մէջ». զե­կու­ցա­բեր` մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ Վի­գէն Չը­թըր­եան:

– Թիւ 90. 21 փետր­ուար. նիւթ` «Հա­մա­ճա­րակ­ներ եւ այ­րիու­թեան հայ եկե­ղե­ցի­նե­րու տո­մար­նե­րուն մէջ». զե­կու­ցա­բեր` դոկտ. Յա­րու­թիւն Ար­մէն­եան:

– Թիւ 91. 13 մարտ. նիւթ` «Ար­ցա­խի մշա­կու­թա­յին կեան­քը եւ նա­խա­րա­րու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը». զե­կու­ցա­բեր` Ար­ցա­խի մշա­կոյ­թի եւ երի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Լեռ­նիկ Յով­հան­նիս­եան:

– Թիւ 92. 25 մարտ. նիւթ` «Հա­յոց պատ­մու­թեան հիմ­նա­հար­ցեր» հե­ռաու­սուց­ման հա­մա­կար­գի շնոր­հա­հան­դէս». զե­կու­ցա­բեր` Երե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի փոխտ­նօ­րէն, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու Մհեր Յով­հան­նիս­եան:

– Թիւ 93. 8 ապ­րիլ. նիւթ` «ԹՈՒ­ՄՕ»-ի ծրա­գիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցում». զե­կու­ցա­բեր` «ԹՈՒ­ՄՕ»-ի տնօ­րէն Մա­րի Լու Փա­փազ­եան:

– Թիւ 94. 9 ապ­րիլ. նիւթ` «Թուրք-ազր­պէյ­ճա­նա­կան փոր­ձե­րը հա­յոց պատ­մու­թեան խե­ղա­թիւր­ման մէջ». զե­կու­ցա­բեր` Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ակա­դեմ­իա­յի պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն, պատ­մա­բան, փորֆ. դոկտ. Աշոտ Մել­քոն­եան:

– Թիւ 95. 5 յու­նիս. նիւթ` «Հրանդ Նա­զար­եանց. լու­սա­ւոր բա­նաս­տեղ­ծը». զե­կու­ցա­բեր` հայ­րե­նի բա­նա­սէր, գրա­կա­նա­գէտ եւ ար­ուես­տա­բան փրոֆ. Եր­ուանդ Տէր Խա­չա­տուր­եան:

– Թիւ 96. 24 յու­նիս. նիւթ` «Հայ տե­ղե­կա­տուու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից խնդիր­նե­րը». զե­կու­ցա­բեր` ՀՅԴ Մամ­լոյ դիւա­նի պա­տաս­խա­նա­տու Ար­տա­շէս Շահ­պազ­եան:

010315mamlo– Թիւ 97. 9 հոկ­տեմ­բեր. նիւթ` «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւնը Եւ­րաս­ի­ա­կան տնտե­սա­կան միու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան առաջ­նա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րը». զե­կու­ցա­բեր` հայ­րե­նի լրագ­րող, «Ազ­դակ»-ի երե­ւան­եան աշ­խա­տա­կից, փոր­ձա­գէտ եւ վեր­լու­ծա­բան Թա­թուլ Յա­կոբ­եան:

– Թիւ 98. 31 հոկ­տեմ­բեր. նիւթ` «Հա­յա­գի­տա­կան եւ գրա­դա­րա­նա­գի­տա­կան գի­տա­ժո­ղով­ներ». զե­կու­ցա­բեր­ներ` ամե­րիկ­եան Մի­շի­կըն հա­մա-լ­սա­րա­նի Տիր­պոռ­նի մաս­նա­ճիւ­ղի հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թեանց կեդ­րո­նի վա­րիչ դոկտ. Արա Սանճ­եան, Հայ­կազ­եան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ­կա­կան սփիւռ­քի ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն դոկտ. Անդ­րա­նիկ Տա­գէս­եան եւ Հայ­կազ­եան հա­մալ­սա­րա­նի զոյգ գրա­դա­րան­նե­րու տնօ­րէն Սոն­իա Սիսլ­եան:

 Այլ աշ­խա­տանք­ներ

– 17 յուն­ուա­րին «Ազ­դակ»-ի «Քննա­կան ոսպն­եակ» խմբա­կի ան­դամ­նե­րը սքայ­փով զրոյց ու­նե­ցան ՀՅԴ Բիւ­րո­յի Հայ դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Կի­րօ Մա­նոյ­եա­նի հետ: Քննար­կու­մի նիւթ դար­ձաւ քրտա­կան այդ հանգր­ուա­նի դրսե­ւո­րում­նե­րը, հայ-քրտա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Կ. Մա­նոյ­եան ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց այս մա­սին:

– Մար­տին` Խո­ջալ­ուի 22-րդ ամ­եա­կի առի­թով ազր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ քա­րո­զար­շաւ մը տեղ գտած էր արա­բա­կան մա­մու­լին մէջ, ուր անդ­րա­դարձ կա­տար­ուած էր Ազր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նար­կին եւ Խո­ջալ­ուի ջար­դե­րը որակ­ուած էին իբ­րեւ «Մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին 20-րդ դա­րու ամէ­նէն սար­սա­փե­լի ոճիր­նե­րէն մէ­կը»:

Հրա­պա­րակ­ուած էր նա­եւ «Խո­ջալ­ուի ջար­դը եւ Ազր­պէյ­ճա­նի մէջ հա­յե­րու ֆա­շա­կա­նու­թիւնը» վեր­նա­գի­րով հա­կա­հայ յօդ­ուած մը, որ կը պնդէ, թէ Խո­ջալ­ուի ջար­դը շա­րու­նա­կու­թիւնն է հա­յե­րուն կող­մէ գոր­ծադր­ուած ջար­դե­րու շար­քին:

Առ այդ, «Ազ­դակ-արա­բե­րէն»-ի խմբագ­րու­թեան անու­նով թեր­թե­րու եւ կայ­քե­րու խմբագ­րու­թիւն­նե­րուն ու­ղարկ­ուե­ցան պա­տաս­խան-նա­մակ­ներ, որոնց մէջ բա­ցատր­ուե­ցաւ հայ­կա­կան տե­սա­կէ­տը նշուած նիւ­թին վե­րա­բեր­եալ` վկա­յա­կո­չե­լով ազր­պէյ­ճա­նա­կան աղ­բիւր­ներ: Պա­տաս­խան նա­մակ­նե­րուն մէջ «Ազ­դակ-արա­բե­րէն»-ի խմբագ­րու­թիւնը զգու­շա­ցուց, որ նման ան­ճիշդ տու­եալ­ներ հրա­պա­րա­կե­լով` խե­ղա­թիւր­ուած կ՛ըլ­լայ պատ­մա­կան իրա­կա­նու­թիւնը եւ լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը հրա­ւի­րեց անա­չառ ըլ­լա­լու եւ արաբ ըն­թեր­ցո­ղին փո­խան­ցե­լու ճշգրիտ տու­եալ­ներ:

13009910134-720x326– 8 մար­տին «Ազ­դակ»-ի «Ար­սէն Չաղ­լաս­եան» ժո­ղո­վա­սեն­եա­կին մէջ «Ազ­դակ»-ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում մը` լի­բա­նա­նա­հայ  մա­մու­լի մար­զին մէջ խմբագ­րա­պե­տի պաշ­տօ­նը վա­րած եւ այժմ գոր­ծող գլխա­ւոր խմբա­գիր­նե­րու:

Քննար­կու­մի նիւթ հան­դի­սա­ցան այ­սօրո­ւան դրու­թեամբ տպա­գիր մա­մու­լին դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րը` մար­դու­ժի հարց, ըն­թեր­ցող­նե­րու խա­ւը կա­յուն պա­հե­լու մար­տահ­րա­ւէր, ելեկտ­րո­նա­յի­նին դի­մաց տպա­գի­րին պար­զած վի­ճա­կը եւ այլն: Հան­դի­պու­մին  նպա­տակն է այս մար­զին մէջ գոր­ծող­նե­րուն կամ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րուն կող­մէ սկիզբ դնել բարձ­րա­ձայն խօ­սե­լու այս բո­լոր հար­ցե­րուն մա­սին` փոր­ձե­լով լուծ­ման ու­ղի­նե­րու մա­սին մտա­ծել:

– Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հայ կա­թո­ղի­կէ Մես­րոպ­եան բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րա­նին եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ «Ազ­դակ», «Արա­րատ» եւ «Զար­թօնք» օրա­թեր­թե­րուն, 26 մարտ 2014-ին Մես­րոպ­եան վար­ժա­րա­նի «Ֆա­րաճ­եան» լսա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մամ­լոյ լսա­րան, որուն նիւթն էր «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը եւ այս գծով Թուրք­իոյ մէջ գի­տակ­ցու­թեան բարձ­րաց­ման խնդիր­նե­րը»: Լսա­րա­նին զե­կու­ցա­բեր­ներն էին Հրանդ Տին­քի փաս­տա­բան Էր­տալ Տո­ղան եւ պոլ­սա­հայ լրագ­րող Հրանդ Գաս­պար­եան:

– Հան­րա­յին բնոյ­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ ան­ուա­նա­կար­գին տակ, հա­յաս­տան­եան եւ սփիւռք­եան մա­մու­լի ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կերպ­ւած է Ս. Փե­թերս­պուր­կի մէջ: Ս. Փե­թերս­պուր­կի հա­յե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ «Ազ­դակ» հրա­ւէր ստա­ցաւ մաս­նակ­ցե­լու այդ ցու­ցա­հան­դէ­սին: «Ազ­դակ»-ի օրա­թեր­թի, բա­ցա­ռիկ­նե­րու եւ յա­ւել­ուած­նե­րու օրի­նակ­ներ մաս կազ­մե­ցին այն­տեղ ցու­ցադ­րուող հայ­կա­կան մա­մու­լի տար­բեր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու շար­քին:

010315MHM90252– Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նած Հա­յաս­տան-սփիւռք 5-րդ հա­մա­ժո­ղո­վի ծի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 7-րդ հա­մա­ժո­ղով»-ը, որուն քննարկ­ման հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­ներն են` «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հո­լո­վոյ­թին լու­սա­բա­նու­մը մա­մու­լին մէջ». «Հա­յոց լեզ­ուի իմա­ցու­թեան եւ պահ­պա­նու­թեան հիմ­նախն­դիր­նե­րը», «Քա­րոզ­չու­թիւն, հա­կա­քա­րոզ­չու­թիւն, տե­ղե­կատ­ւա­կան անվ­տան­գու­թեան հիմ­նախն­դիր­ներ» եւ «Հայ­րե­նիք-սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման մի­տում­նե­րը եւ հե­ռան­կար­նե­րը»:

Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 7-րդ հա­մա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տա­րեց եւ նիս­տե­րը վա­րող­նե­րու կար­գին էր  Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղով­նե­րը հա­մա­կար­գող մար­մի­նի նա­խա­գահ, «Ազ­դակ» օրա­թեր­թի տնօ­րէն եւ գլխա­ւոր խմբա­գիր Շա­հան Գան­տա­հար­եան: Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան նա­եւ «Ազ­դակ»-ի պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գիր­նե­րէն Նո­րա Բար­սեղ­եանն ու «Ազ­դակ»-ի աշ­խա­տա­կից Գաբրի­էլ Փա­նոս­եա­նը:

2015-ի սե­մին «Ազ­դակ»-ի պարտքն է ար­ձա­գան­գը հան­դի­սա­նալ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին առն­չուող որե­ւէ զար­գա­ցու­մի, դէպ­քի, ներ­քին եւ ար­տա­քին մա­կար­դա­կի վրայ կա­տար­ուե­լիք զար­գա­ցու­մի, նա­եւ` ինք պատ­րաս­տե­լով հա­մա­պա­տաս­խան նիւ­թեր եւ լոյս ըն­ծա­յե­լով յօդ­ուած­ներ:

Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան իբ­րեւ հե­տե­ւանք իր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րէն դուրս ծնունդ առած եւ աւե­լի քան 85-ամ­եայ կեանք ու­նե­ցող «Ազ­դակ»-ը վճռա­կան է շա­րու­նա­կե­լու իր եր­թը` իր առա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­ցող­նե­րուն նե­ցու­կով եւ ըն­թեր­ցող­նե­րուն քա­ջա­լե­րան­քով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Զարմիկ Տեմիրճեանի Յիշատակին. Օրինակելի Հայուհին

Յաջորդը

Ռալֆ Եիրիքեան Այցելեց «Ազդակ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.