Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնէն Ետք` Մեր Բաժինը

Յունուար 6, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

010615_karaguezian«Երբ հրեշտակները անոնցմէ երկինք վերցուեցան, հովիւները իրարու ըսին. «Եկէք մինչեւ Բեթղեհէմ երթանք ու տեսնենք, թէ ի՛նչ է այս եղած բանը, զոր Տէրը մեզի ցոյց տուաւ»:

Ղուկ. 2.15

Մինչ կը տօնենք Աստուածայայտնութիւնը` Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին մէջ, մեր խորհուրդները կ՛երթան անոնց, որոնք նեղութեան եւ վախի մէջ կը տառապին` կորսնցնելով իրենց խաղաղութիւնը: Տօները, մեր նախնիներէն նշանակուած, մեր ապրած ժամանակները կը բաժնեն մասերու, կարծես տանելի դարձնելու համար ժամանակներուն բերած ցաւերը: Ամբողջ ժամանակին ամբողջ ցաւը անտանելի պիտի ըլլար: Ուրեմն, վախի եւ ցաւի ամբողջութիւնը կարծես կը բաժնուի հանգրուաններու կամ մասերու, որպէսզի կարելի ըլլայ տոկալ անոնց բերած ճնշումներուն: Իսկ այդ ճնշումները ամէն տեղ են եւ ամէն դասակարգի համար իրական: Եթէ կը մտածուէր, թէ միայն Միջին Արեւելքի երկիրներուն յատուկ են անոնք, ապա անցնող շրջանին` վախերու եւ ցաւերու իրական ճնշումներ հասան Աւստրալիայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Չինաստանէն մինչեւ Ուքրանիա եւ այլուր: Ահաբեկչութիւնը սահման եւ բարոյականութիւն չի ճանչնար, ընկերային-դասակարգային անիրաւութիւնը կը հարուածէ ամէն կողմ, իսկ երկու չափ երկու կշիռի երեւոյթը կը ջլատէ խաղաղութեան ամէն փորձ եւ ջանք:

Մարդուն մեղքին ստեղծած այս մթնոլորտին մէջ մենք` հայ ազգի զաւակներս, վեր կ՛առնենք մեր ազգին վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարին: Արդարութեան եւ հատուցումի պահանջատէր ըլլալով, մենք կը դիմաւորենք նոր ժամանակները, որոնց մէջ պարզապէս նոր բան փնտռելը անիրատես փորձ պիտի ըլլայ: Ժամանակները հասկնալու համար, ուրեմն, անհրաժեշտ է նայիլ դէպքերուն` անոնց յառաջ բերած բարոյականութեան փաստին, փոփոխութիւնները փնտռելով այդ մակարդակին վրայ: Եթէ փոխուած բան մը գտնենք աշխարհի մարդոց բարոյականութեան մէջ, նոյնիսկ` մեր դարաւոր թշնամիին բարոյականութեան մէջ, ապա փոխուած պիտի ըլլան շատ մը իրականութիւններ, եւ նժարը պիտի հակի արդարութեան կողմը: Ահա այդ մակարդակի փոփոխութիւնն է, որ կրնայ յուսադրել մեզ մեր պահանջած արդարութեան եւ արդար հատուցման ուղիին վրայ: Ու ասիկա տեսնելու եւ հասկնալու, քննելու եւ փորձառաբար չափելու բան է:

Սքանչելի է տեսնել Աւետարանի հովիւները` Բեթղեհէմի ճամբուն վրայ: Հրեշտակին հաղորդած փրկութեան պատգամէն ետք, հրեշտակներու սքանչելի երգեցողութենէն ետք` «եկէք մինչեւ Բեթղեհէմ երթանք» որոշումը շատ բան ունի մեզի սորվեցնելիք: Նախ, որ հրեշտակներու երգէն ետք` զգացական տպաւորութիւններու վրայ չմնանք: Անհրաժեշտ է Աստուծոյ մեզի ցոյց տուածները ստուգել եւ հասկնալ: Ասիկա մեր բաժինն է: Աստուած Իր բաժինը ըրած է եւ կ՛ընէ. իսկ մեր բաժինը… մեր բաժինն է: «Տեսնենք, թէ ի՛նչ է այս բանը, զոր Տէրը մեզի ցոյց տուաւ»: Վախէն անդին, յոյսէն անդին, ուրախութենէն թէ տրտմութենէն անդին կայ բան մը, որ մենք պէտք է ընենք: Այդ մեր ընելիքը տեսնել եւ հասկնալն է, թէ Աստուած մեզի ի՛նչ ըսած է եւ ի՛նչ կ՛ըսէ: Տօներով բաժնուած, ժամանակահատուածներով պարզացուած իրականութիւններէն անդին` անհրաժեշտ է տեսնել ճշմարտութիւնը, որ աստուածային կամք է եւ կարգադրութիւն: Ուրեմն` ամէն բան իր որակին մէջ անոր է, որ պիտի միացնենք: Այլապէս, մեր ուժերը կը վատնուին եւ մեր կարելիութիւնները ապարդիւն կը մնան:

Երկրորդ` ուժերը եւ կարելիութիւնները ի գործ դնելը անյետաձգելի է: «Եկէք երթանք» ըսելը անբաւարար պիտի ըլլայ, եթէ բաժնեկցութիւն չըլլայ անոնցմով: Ասիկա աշխատանք եւ նուիրում կը պահանջէ, մանաւանդ այն հասկացողութեան մէջ, թէ` ամէն բան որ կ՛ընենք եւ կ՛ըսենք, իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ «ամբողջ ժողովուրդին» վրայ: Այլ խօսքով` հովիւները միայն իրենց հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար չէր, որ որոշեցին ու գացին Բեթղեհէմ, այլ ստուգելու համար ամբողջ ժողովուրդին բաժինը: Անոնք գացին եւ պատմեցին բոլորին, ինչ որ իրենք տեղեկացեր էին:

Երրորդ` ստուգելը եւ իմանալը ինքնանպատակ եւ սահմանափակ փորձառութիւն մը չէ, որ կ՛ենթադրեն, այլ` մնայուն ու շարունակական փառաբանութեան կը հասցնեն: Հովիւներուն կեանքը եւ ընթացքը հիմնովին փոխուած պէտք էր ըլլային, քանի աւետարանիչը կ՛արձանագրէ, թէ անոնք դարձան իրենց տեղը եւ կը փառաւորէին ու կ՛օրհնէին զԱստուած: Ասիկա անոնց նոր բարոյականութիւնն էր, զոր ստացեր էին Յիսուս Մանուկին հանդիպելով: Անոնք շարունակեցին իրենց կեանքը, այո՛, սակայն նոր որակով մը կ՛առաջնորդուէր այն: Որակ, որ գործնական էր եւ ոչ թէ պարզապէս տեսական: Այդ որակով ապրելու կանչուած ենք մենք եւս ազգովին:

Տօնին լոյսերը երբ մարին եւ լռեն բոլոր հրավառութիւնները, ժամանակներու շարունակութեան մէջ` օրհնութեան եւ փառաբանութեան ձայներ թող ըլլան մեր ձայները, որպէսզի Աստուծոյ ըսածը լսենք, ստուգենք եւ պատմենք: Թող մսուրի մանուկին յայտնութիւնը մեզ հաղորդ դարձնէ երկինքի բարձրութեան մէջ` Աստուծոյ փառքին, երկրի վրայ` խաղաղութեան եւ մարդոց մէջ` հաճութեան:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ.
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Նախագահ ՄԱՀԱԵ Միութեան

Յունուար, 2015

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Մեր Ժողովուրդին Համար Անհրաժեշտ Են Նոր Հոգի Ու Նորոգեալ Կամք

RelatedPosts

Մեր Կորուստները
Գաղութային

Մեր Կորուստները

Նոյեմբեր 13, 2025
Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Նոյեմբեր 13, 2025
Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?