12 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ արձանագրուեցան երէկ, երբ երկու անծանօթ զինեալներ յարձակում գործեցին Փարիզի 11-րդ բաժանմունքի «Շարլի Էպտօ» երգիծական թերթին դէմ: Զոհերու շարքին են չորս խմբագիրներ, ներառեալ` խմբագրապետը:
Թերթը յաճախ քննադատութեան թիրախ դարձած էր իր հակաիսլամական գրութիւններուն պատճառով: Երկուշաբթի օրուան թիւով թերթը հրատարակած էր ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատիի ծաղրանկարը: Իսկ թերթին խմբագրապետը վերջին թիւով նախատեսած էր Ֆրանսայի դէմ նման յարձակում մը:
Ահաբեկչական այս գործողութիւնը տեղի տուաւ դատապարտումի եւ քննադատութեանց կեցուածքներու:
Ֆրանսայի մէջ տեղեկատուական եւ կենսական հաստատութիւններուն շուրջ խիստ հսկողութիւն բանեցուեցաւ: Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ յարձակումը գործած են երեք զինեալներ, որոնցմէ ոչ ոք ձերբակալուած է ցարդ:
Փարիզի Ոճրային Դէպքին
Արձագանգները
Նախապէս «Շարլի Էպտօ» խափանարարական յարձակման թիրախ դարձած էր 2006-ին եւ 2011-ին` Մոհամետ մարգարէին մասին հեգնական ծաղրանկարներ հրատարակելուն պատճառով: Թերթը կրկնած էր նմանօրինակ ծաղրանկարներ հրատարակել 2012-ին եւ 2013-ին: 2012-ին ֆրանսական երկու կազմակերպութիւններ քննադատած էին այս շաբաթաթերթը` իբրեւ «իսլամութեան դէմ ատելութիւն հրահրող» թերթ:
Տասնամեակներէ ի վեր հզօրագոյն ցնցումը նկատուող այս գործողութիւնը դատապարտումի մեծ ալիք բարձրացուց, մինչ ՏԱՀԵՇ-ի համակիրներ ընկերային ցանցերու վրայ իրենց ցնծութիւնը արտայայտեցին այս «յաղթանակ»-ին համար: Լիբանանի մէջ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ցնծութեան հրավառութիւն եւ կրակոց արձանագրուած է: Ըստ ականատեսներու, յարձակողները գործողութենէն ետք «Մոհամետ մարգարէին վրէժը լուծեցինք, «Շարլի Էպտօ»-ն սպաննեցինք» բացագանչած են: Դէպքէն քիչ ետք, ոստիկանութիւնը յայտնաբերեց ահաբեկչութեան համար գործածուած սեւ ինքնաշարժը, առանց սակայն գտնելու հետքը ահաբեկիչներուն, որոնք սպաննած էին 12 հոգի, ներառեալ` թերթին խմբագրապետն ու եօթը խմբագիր-ծաղրանկարիչներ: Ֆրանսական «Լիպերասիոն» թերթին համաձայն, ահաբեկիչները իրենց հետ պատանդ մը տարած են:
Աւելի ուշ իսրայէլեան առաջին կայանը յայտնեց ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին մասին` առանց տեղեկութիւններ հաղորդելու հաւանական զոհերու մասին:
Իսկ Մատրիտի մէջ սպանական «Լա Փրեսսա» լրատուական հաստատութիւնը պարպուեցաւ իր անձնակազմէն եւ պաշտօնէութենէն` ահաբեկչական սպառնալիքէ մը ետք: «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, Սպանիա ապահովական ծայրագոյն զգուշութիւն յայտարարած է երկրին մէջ` Փարիզի գործողութենէն ետք:
«Կարեւոր չէ, թէ ո՛վ եւ ինչո՛ւ ըրած է արարքը, կարեւորը այն է, որ ահաբեկչութիւնը հասած է Ֆրանսա: Ֆրանսա ցնցուած է, կ՛ապրինք խիստ դժուար պահ մը, անցեալին փաստած ենք, որ կրնանք յաղթահարել նման դէպքեր, ինչպէս որ խափանեցինք նման դէպքերու վտանգը քանի մը շաբաթներ առաջ ու այսօր ալ պիտի հետապնդենք այս գործողութեան պատասխանատուները, պիտի դատենք ու պիտի պատժենք զանոնք», յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ այցելեց դէպքին վայրը` զայն «արտակարգօրէն վայրագ ոճիր» որակելով եւ ազգային միասնութեան կոչ ուղղելով:
Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս խոստացաւ ամէն գնով յայտնաբերել յանցագործներն ու պաշտպանել ֆրանսացիները: «Ֆրանսա այսօր իր սրտէն խոցուեցաւ, իւրաքանչիւր ֆրանսացի ինքզինք տխուր եւ սարսափած կը զգայ», ընդգծեց ան:
Վատիկան դատապարտեց «Շարլի Էպտօ»-ի եւ կարծիքի ազատութեան դէմ գործուած կրկնակի յարձակումը:
Նմանապէս` Բրիտանիոյ թագուհին եւ վարչապետը անջատ հաղորդագրութիւններով դատապարտեցին դէպքը: Վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն «զզուելի» որակեց դէպքը` իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնելով Ֆրանսայի` ահաբեկչութեան եւ կարծիքի ազատութիւնը խափանողներու դէմ անոր պայքարին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա բուռն կերպով դատապարտեց դէպքը: Իսկ ամերիկեան «Սի.Այ.Էյ.»-ը իր օժանդակութիւնը առաջարկեց յայտնաբերելու համար ոճրագործները:
Միջազգային լայն դատապարտում արձանագրած դէպքը բուռն կերպով քննադատուեցաւ նաեւ միջազգային կազմակերպութեանց կողմէ, ինչպէս` ՕԹԱՆ, Եւրոպական Միութիւն եւ այլն: «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» դատապարտեց դէպքը` «կարծիքի ազատութեան դէմ սեւ օր» հռչակելով զայն:
Դէպքը դատապարտումի լայն ալիք բարձրացուց նաեւ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ:
Լիբանանի նախկին նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման ըսաւ. «Կարծիքի ազատութիւնը տակաւին թիրախ է մարդկութեան թշնամիներուն կողմէ»: Նմանապէս նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ դատապարտեց դէպքը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «իսլամութեան կուրծքին խրուած դաշոյն մը» որակեց դէպքը:
Եգիպտոսի մէջ, իսլամական հոգեւոր գերագոյն հեղինակութիւն վայելող մարմինը` «Ազհար Շերիֆ» բուռն կերպով դատապարտեց դէպքը` զայն «ոճրային արարք» որակելով: «Իսլամութիւնը դէմ է որեւէ բռնարարքի», ընդգծեց Ազհարի հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի բուռն կերպով դատապարտեց Փարիզի գործողութիւնը:
Նմանապէս Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը իր եւ իր երկրի ժողովուրդին անունով դատապարտեց դէպքը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դատապարտեց ոճրային այս արարքը` իր ցաւակցութիւնները յայտնելով զոհերու ընտանեկան պարագաներուն:
Նմանապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտագիրներ յղեցին այս դէպքին առիթով:
Ֆրանսայի մէջ երեկոյեան ինքնաբուխ կերպով ժողովրդային ցոյցեր կազմակերպուեցան` բողոքելով ահաբեկչական այս արարքին դէմ:
Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ազգային սուգի օր յայտարարեց այսօր` հինգշաբթի, 8 յունուարին: