Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ժամանակներու Ամէնէն Վառ Անհատականութիւններէն Մէկը

Յունուար 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

010415_MeguerditchianՍտորեւ կու տանք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը` Վահան Յովհաննիսեանին նուիրուած յիշատակի հաւաքին ընթացքին:

Անդառնալի կորուստը գուժող մահազդին մէջ ՀՅԴ Բիւրոն ընկեր Վահան Յովհաննիսեանը կը ներկայացնէր իբրեւ «մեր ժամանակներու ամենավառ անհատականութիւններէն մէկը»: Այս որակումը չափազանցութիւն չէր, զգացական ցաւոտ վիճակի մը առթած իր անմիջական ընկերներուն կողմէ գերգնահատանքի արտայայտութիւն մը չէր: Այո՛, Վահանը մեր ժամանակներու ամէնէն վառ անհատականութիւններէն մէկը եղաւ: Եթէ համոզուած չէք, ապա կարդացէ՛ք վերջին օրերուն հայաստանեան մամուլը ողողած իր տեսակաւոր գործակիցներու եւ ընկերներու, համախոհներու եւ ընդդիմադիրներու ցաւակցական գրութիւնները, հեռատեսիլէն դիտեցէ՛ք Վահանի` Ազգային ժողովին մէջ ունեցած ելոյթներէն կարճ դրուագները. զգացէ՛ք մարդոց միտքերուն մէջ անոնց յառաջացուցած արձագանգը: Նորէ՛ն կարդացէք վերջին տարիներու ընթացքին իր գրած ու ներկայիս իր մահուան առիթով վերատպուող ազգային-քաղաքական նիւթերով յօդուածները եւ անպայման կը համոզուիք, որ Վահան Յովհաննիսեան մեր իրականութեան մէջ եզակի երեւոյթ էր: Այնքան եզակի, որ կեղծ անունով գրուած իր յօդուածաշարքերուն առաջին յօդուածէն իսկ իր անկեղծ ստորագրութիւնը յստակօրէն կ՛երեւէր եւ ո՛չ անպայման իր ոճային առանձնայատկութիւններուն շնորհիւ: Իր ստորագրութիւնը իր գաղափարներու եւ կարծիքներու ինքնատպութիւնն ու անոնց բարձր որակն էր. անոնց խո՛րքը, որ կը բխէր ենթակայի միտքի զարգացման գերազանցիկ աստիճանէն ու կացութիւնները արագօրէն ըմբռնելու եւ զանոնք իրենց կարեւորութեան արժանի մակարդակին վրայ զետեղելու բացառիկ կարողութենէն:

Վահան Յովհաննիսեանի մասին խօսիլ կարենալու համար հարկաւոր է իրեն նման պերճախօս ըլլալ. այլապէս կարելի չէ ամբողջութեամբ ու հարազատօրէն ներկայացնել այս մարդուն բազմակողմանի համը, հոտը, բայց յատկապէս` անոր հոգեկան ու մտաւորական հարստութիւնը: Ճիշդ չէ մանաւանդ Վահանը դիտել միայն կուսակցական դիտանկիւնէն, ինչքան ալ լայն ըլլայ այդ դիտման արանքը, ինչքան ալ ինք իր այլազան կարողութիւնները իր երիտասարդ տարիքի թեւակոխումով իսկ կարեւոր չափով անտեսած ըլլայ` նուիրուելով ժամանակներու պարտադրած եւ իր հոգին ու միտքը տանջող հայութեան նախ ազատագրական, ապա` քաղաքական պայքարին:

Վահանի կուսակցական ու ազգային գործունէութիւնը սկսաւ շատ կանուխէն` իր պատանեկութեան շրջանին` իր կամքէն անկախ պատճառներով, երբ իր հայրը, պայմաններու բերումով, իր ընտանիքէն ալ գաղտնի կը ձգէր երկիրը` աւելի ազատ պայմաններու մէջ իր ազգային համոզումները իրականութեան վերածելու ներքին մղումով: Իր հօր այս վերաբերումը խորապէս ցնցեց Վահանի հոգեկան աշխարհը: Իր թարմ հոգիին վրայ բացուած սկզբնական վէրքը սակայն շուտով վերածուեցաւ հիացմունքի եւ հպարտութեան. Վահանի բռնելիք ճամբան գծուած էր. ինք ատոր պատրաստուելու ժամանակը շահած էր արդէն: Զարմանալի չէ, որ երբ նախորդ դարու ութսունական թուականներուն ազգային պայքարի իրողական գործունէութեան ժամանակը հասաւ, Վահանը կազմ ու պատրաստ էր ստանձնելու պարտականութիւններու իրեն ինկող բաժինը: Արցախի շարժման թոհուբոհին մէջ տեղի ունեցող ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ Վահանը կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ. Բիւրոյին իր անդամակցութիւնը այդպէս կը շարունակուի մինչեւ իր մահը` բացառելով միայն քաղաքական նկատումներով իր բանտարկութեան աւելի քան երեք տարիները:

Բանտէն ելլելէն ետք տեղի ունեցած առաջին ընտրութիւններուն ան ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր ու մնաց այդպէս մինչեւ անցեալ տարի Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան իր նշանակումը:

Վահան Յովհաննիսեանը գնահատուած էր քաղաքական բոլոր գունաւորումներուն պատկանող իր գործակիցներէն: Իր սրամիտ պատրաստաբանութեամբ ան շահած էր բոլորին համակրանքը: Իսկ համակրելի սրամտութիւնը մտային ու հոգեկան յառաջացեալ զարգացման ցուցանիշ է:

2008-ի նախագահական ընտրութիւններուն  նախօրեակին Վահանի տարած ընտրապայքարը կը զատորոշուէր իր բարձր որակով: Սակայն քաղաքական գործիչ ըլլալէ առաջ Վահան Յովհաննիսեան իր նախընտրած ասպարէզին` հնագիտութեան մէջ լաւ մասնագէտ էր. ան բացառիկ մանկավարժ էր: Երբ հարկը ներկայացաւ, ան զբաղեցաւ նաեւ բարեսիրական գործով. ձեռնհասօրէն ղեկավարեց «Օգնի՛ր եղբօրդ» գործը` սուրիական պատերազմի առաջին փուլի ընթացքին օժանդակութիւն հասցնելով տագնապահար հայութեան: Մէկ խօսքով` ան խտրութիւն չդրաւ գործունէութեան ասպարէզներուն միջեւ: Ծառայեց այնտեղ, ուր ինք պիտանի ու  անհրաժեշտ էր: Ասիկա չէ՞ դաշնակցական գործիչի հիմնական յատկանիշը:

Եթէ անփոխարինելիներ գոյութիւն ունին, ապա Վահանը անոնցմէ է: Առայժմ գոնէ իր տեսակը չ՛երեւիր հասարակական մեր հորիզոնին վրայ: Այս է պատճառը թերեւս, որ իր մահով պակաս մը ստեղծուած է մեր հասարակութեան մէջ: Իր բացակայութեան հետեւանք այս պակասը կը ստեղծէ անյագ կարօտի զգացում մը, որ ըստ երեւոյթին երկար ատեն մեզի պիտի ընկերակցի ու անհանգստացնէ:

Յարգա՛նք իր յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Ազգի Երդմնաւոր Զինուորը

Յաջորդը

Անզուգական Վահանը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?