«Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկը Պիտի Ներկայացուի Երեւանի Մէջ
Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը, «Ազդակ»-ը եւ «Նոյեան Տապան» գործակալութիւնը 26 յունուար 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, պիտի ներկայացնեն «Ազդակ»-ի ամանորեան բացառիկը: Ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան մամլոյ սրահին մէջ (Իսահակեան 28, 3-րդ յարկ): Շնորհահանդէսին կը յաջորդէ հիւրասիրութիւն: «Ազդակ» տարիներէ ի վեր պարբերաբար կը ներկայացնէ բացառիկ հատորներ, որոնցմէ մէկը կը նուիրուի անցնող տարուան իրադարձութիւններուն, միւսը` Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ-թրքական...



















