ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Քնայթրայի շրջանին մէջ իսրայէլեան յարձակման պատճառով ինկած Հըզպալլայի վեց նահատակներուն համար:
Ցաւակցութիւնը ընդունեցին Հըզպալլայի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ, նախարարներ եւ երեսփոխաններ: