Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրիի Ոճրագործութեան Առնչութեամբ. Ռուսիոյ Նախագահը Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Հայ Ժողովուրդին

Յունուար 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11815_putinՌուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ:

Ռուսիոյ նախագահը անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնած է  զոհուածներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ազգին` Գիւմրիի մէջ 12 յունուարին տեղի ունեցած ողբերգութեան առնչութեամբ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, նախագահ Փութինը վստահութիւն յայտնած է, որ բոլոր անհրաժեշտ քննչական գործողութիւնները պիտի կատարուին ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցներուն մէջ, եւ մեղաւորները պիտի կրեն օրէնսդրութեամբ նախատեսուած պատիժը:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան հասած  ռուս  բժիշկները իրենց հայաստանցի գործընկերներուն հետ անհրաժեշտ օգնութիւնը կը ցուցաբերեն միակ ողջ մնացած վեց ամսուան մանուկին:

Վլատիմիր Փութին նաեւ հաստատած է Սերժ Սարգսեանին, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիա պատրաստ է բժշկական ինքնաթիռ ուղարկելու, որպէսզի կազմակերպուի փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանին հետագայ բուժումը:

Միւս կողմէ, ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները պիտի շարունակեն դէպքին բոլոր հանգամանքներուն լիարժէք բացայայտման ուղղուած անհրաժեշտ գործողութիւնները:

Բացի ատկէ, նախագահները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող ընթացիկ հարցեր:

Ռուսիոյ լրատուամիջոցներուն փոխանցումով` հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ:

Ռուսիայէն Մասնագէտներու Խումբ Մը
Կը Գտնուի Հայաստանի Մէջ

11815_serouj18 յունուարին Ռուսիոյ յառաջատար մասնագէտները` մանուկներու ջիղերու վիրաբուժութեան յատուկ բժիշկներ հասած են Հայաստան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:

Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարար Վերոնիկա Սքվորցովա կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանին հետ եւ իր ցաւակցութիւնն ու մտահոգութիւնը յայտնած է Գիւմրիի մէջ  կատարուածին առնչութեամբ: Նախարարները քննարկած են փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանին վիճակը եւ բուժման ռազմավարութիւնը:

Գիւմրիի Քաղաքապետը Առաջարկած Է
Ուժեղացնել Ռազմակայանի Կարգապահական
Դրութիւնը

Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան երէկ խորհրդակցութիւն ունեցած է ռուսական սահմանապահ զօրքերու հրամանատարի պաշտօնակատար Սերկէյ Մերզլիքինի, ռուսական 102-րդ ռազմակայանի  հրամանատար Անտրէյ Ռուզինսքինի եւ Շիրակի մարզի փոխոստիկանապետ Աշոտ Գրիգորեանի հետ:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ հանդիպումի օրակարգին վրայ եղած են 12 յունուարի ողբերգութեան պատճառով Գիւմրիի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ լարուածութեան թուլացման ուղղուած գործողութիւնները: Ռուսական կողմին առաջարկուած է ուժեղացնել ներքին կարգապահական դրութիւնը, հարցերու եւ խնդիրներու  յառաջացման պարագային արագ ահազանգել համապատասխան մարմիններուն, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահել Գիւմրիի  քաղաքապետարանը:

Ռուսական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է կենսագործելու Գիւմրիի քաղաքապետին առաջարկները եւ աւելի ուժեղացնելու վերահսկողութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ Նախատեսուող Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Պիւֆոն Կը Փափաքի Մասնակցիլ 2018-ի Մոնտիալին

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?