
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին հետ կապուած յայտարարութիւն մը տարածած է` հայերուն կոչ ուղղելով նոր սկիզբի մը հիմը դնելու:
Թրքական «Ռատիքալ»-ի փոխանցումով` Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլուի ուղերձին մէջ նշուած է. «Արդէն 8 տարի է, որ մեզի հետ չէ Հրանդ Տինք, որ կը փորձէր իր զգացումներով եւ մտքերով լուսաւորել Օսմանեան կայսրութենէն Թուրքիոյ Հանրապետութեան փոխանցուած կարեւոր խնդիրներէն մէկը:
«Տինքի յարգարժան ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն Տինքը, համբերութիւն կը մաղթենք: Հրանդ Տինք Անատոլուի թանկարժէք մտաւորական մըն էր, որ ուղիներ կը փնտռէր հայերու եւ թուրքերու միացեալ ապագան կառուցելու համար:
«Հայ-թրքական բարեկամութեան հաւատացող բոլոր անձերուն կը հրաւիրենք նոր սկիզբի համար աջակցութիւն ցոյց տալու եւ կ՛ուզենք դիմել բոլոր հայերուն:
«Թուրքիա նախապէս ալ յայտարարած էր, որ պատերազմական պայմաններու տակ ստիպուած եղած է կիրարկել պարտադիր գաղթի քաղաքականութիւն, որ պատճառ դարձած է ոչ մարդկային հետեւանքներու: Թուրքիա կը կիսէ հայերու ցաւը եւ վճռական ջանքեր կը գործադրէ երկու ժողովուրդներուն միջեւ կրկին զգացական կապեր ստեղծելու համար: Մեր յարաբերութիւնները պատանդ վերցուցած թշնամութիւնը յաղթահարելու համար եւ գլխաւորաբար երկխօսութեան միջոցով շարժելու անհրաժեշտութեան մասին ամէնէն վճռական արտայայտութիւնը 23 ապրիլ 2014-ի ցաւակցական ուղերձն է: Ժամանակը, որ կանգ առած է 1915-ին, կը շարունակուի, երբ թապուները քանդուին: Թուրքիան այդ կէտը յաղթահարած է:
«Կարելի է, որ երկու տեղաբնիկ ժողովուրդներ հասնին միմեանց հասկնալու եւ միասին ապագային նայելու հասունութեան: Աշխարհագրական նոյն վայրին մէջ ապրող եւ երկար ժամանակ պատմութիւնը կիսող հայերը եւ թուրքերը բոլոր հարցերը միայն իրարու հետ կրնան խօսիլ, լուծման ճամբաներն ալ միասին կրնան որոնել: Այս պատճառով անհրաժեշտ է, որ փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան հասկացողութիւն զարգացնենք, 800 տարուան միացեալ պատմութեան լոյսին տակ զիրար վերստին ճանչնանք: Ճիշդ այդ պատճառով, մեր հայ բարեկամներուն կը հրաւիրենք աւելի շատ այցելելու Թուրքիա` փոխադարձ կարծրատիպերը վերցնելու համար:
«Կիսել ցաւերը, վիրակապել վէրքերը եւ կրկին կարենալ ստեղծել բարեկամութիւն: Մեր անկեղծ ցանկութիւնն է ատիկա», ըսած է Տաւութօղլու: