Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրիի Մէջ. Վերջին Հրաժեշտ` Փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի

Յունուար 22, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12115_taghoum-1

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի   մարմինը երէկ հողին յանձնեցին Գիւմրիի «Շիրակ» քաղաքային գերեզմանատան մէջ` ընտանիքի 6 անդամներուն կողքին:

Սերիոժա Աւետիսեանի աճիւնը դուրս բերուեցաւ Ս. Նշան եկեղեցիէն, ուր երեքշաբթի տեղի ունեցած էր հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Բազմամարդ թափօրին մէջն էին Շիրակի մարզպետարանի եւ Գիւմրի քաղաքի ղեկավարութիւնը, պատգամաւորներ, արտասահմանէն հասած հիւրեր, հասարակական գործիչներ, զոհերու  հարազատները, քաղաքացիներ:

Հայկական Կողմը Փերմեաքովին
Մեղադրանք Առաջադրեց

Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներու սպանութեան գործով Վալերի Փերմեաքովին երէկ մեղադրանք առաջադրուած է:

Հայաստանցի քննիչները ռուսական 102-րդ խարիսխին մէջ երէկ հարցաքննած են մեղադրեալը: Քննչական խորհուրդի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան տեղեկացուցած է, որ Փերմեաքովին մեղադրանք առաջադրուած է Աւետիսեաններու ընտանիքի 7 անդամներու սպանութեան յանցանքին համար:

Քննչական խորհուրդէն նաեւ յայտնած են, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քննչական խորհուրդներու նախագահներ Աղուան Յովսէփեանի եւ Ալեքսանտր Պասթրիքինի երեքշաբթի ստորագրած համաձայնագիրով ստեղծուած համակարգող մարմինի կազմին ներառուած են 10 անձեր, երկու երկիրներու քննչական խորհուրդներու  ներկայացուցիչներ, քրէագէտներ:

Նշենք, որ համակարգող մարմինը ստեղծուած է  սպանութեան դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործի քննութեան ընթացքին  համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու նպատակով:

«Քրէական գործի քննութիւնը եւ բոլոր դատավարական գործողութիւնները կ՛իրականացուին միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ` «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ Հայաստանի մէջ ռուսական խարիսխին  գտնուելուն առնչուած գործերով իրաւասութեան եւ  փոխադարձ իրաւական օգնութեան հարցերու  մասին» համաձայնագիրով սահմանուած սկզբունքներու համաձայն», մասնաւորապէս ըսուած է Հայաստանի քննչական խորհուրդի  հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ նոյն աղբիւրին, «հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ քննչական խորհուրդի նախագահ Ալեքսանտր Պասթրիքին վստահեցուցած է, որ Փերմեաքովի նկատմամբ քրէական գործի քննութիւնը, նախաքննութիւնը եւ հետագային դատավարութիւնը տեղի պիտի ունենայ բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ»:

Փերմեաքով Ընդունեց Հայկական Կողմին
Առաջադրած Մեղադրանքը

Ռուս զինուոր Վալերի Փերմեաքով ընդունած է 12 յունուար 2015-ին Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներու սպանութեան առիթով յարուցուած քրէական գործով իրեն առաջադրուած մեղադրանքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէին մէջ ձեւաւորուած քննչական խումբին կողմէ կատարուած են քննչական անյետաձգելի գործողութիւններ` դէպքի վայրի զննութիւն, երեք տասնեակէ աւելի վկաներու հարցաքննութիւններ, նշանակուած են աւելի քան մէկ տասնեակ փորձաքննութիւններ: Ձեռնարկուած են քննչական, դատավարական եւ հետախուզական այլ քայլեր: Որոշում տրուած է` Վալերի Փերմեաքովին քրէական գործով իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւելու մասին, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի քննիչները Վալերի Փերմեաքովը մեղադրած են Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի առաջին կէտով` երկու եւ աւելի անձերու դիտաւորեալ սպանութեան համար: Վալերի Փերմեաքով ընդունած է առաջադրուած մեղադրանքը»:

Միաժամանակ, արձագանգելով վերջին օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ յայտնուած «որոշ հրապարակումներուն»` Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէն պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ սպանութեան գործով նախաքննութիւնը ամբողջ ծաւալով կ՛իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէն, անոր ծիրին մէջ քննչական եւ դատավարական գործողութիւնները կը կատարուին Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի քննիչներուն կողմէ` Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի դրոյթներուն հիման վրայ:

Հոգեհանգիստ` Ռուսական Խարիսխին Մէջ

Հայաստանի մէջ հարաւային զինուորական շրջանի ռուսական խարիսխի սուրբ նահատակ Ալեքսանտրա թագուհիի եկեղեցւոյ մէջ 20 յունուարին հոգեհանգիստի արարողութիւն տեղի ունեցած է` ի յիշատակ փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ  Ռուսիոյ դեսպանութեան մամլոյ քարտուղար Ալեքսանտրա Քենտիշ:

Հոգեհանգստեան կարգը մատուցած է հաւատացեալ զինուորներու հետ աշխատանքի գծով ռուսական խարիսխի հրամանատարի օգնական վանահայր Անտրէյը (Վաց), որ ներկաներուն կոչ ուղղած է աղօթելու սպաննուած ընտանիքի անդամներուն հոգիներուն հանգստութեան համար:

Լաւրովի Եւ Նալբանդեանի Միջեւ
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Նախանցեալ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին մէջ կը հաղորդէ, որ  Լաւրով իր խոր ցաւակցութիւնները յայտնած է Սերիոժա Աւետիսեանի մահուան առիթով:

«Ամուր վստահութիւն արտայայտուեցաւ, որ Գիւմրիի ողբերգութեան միացեալ` ռուսական եւ հայկական կողմերու կայացուցած քննութեան եւ  հետագայ դատաքննութեան շնորհիւ այդ չարագործութեան մէջ մեղաւորը կը ստանայ իր արժանի պատիժը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Տաւութօղլու Կոչով Կը Դիմէ Համայն Հայութեան

Յաջորդը

Չինացի Միլիառատէրը Գնեց Աթլեթիքօ Մատրիտի Բաժնետոմսերուն 20 Առ Հարիւրը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային  Յարձակում` Իրանի Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային Յարձակում` Իրանի Վրայ

Յունիս 14, 2025
Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին  Միջազգային Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Միջազգային Արձագանգներ

Յունիս 14, 2025
Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?