Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Իր Այս Քայլով Միջազգային Հանրութեան Ուշադրութիւնը Հրաւիրեց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Վրայ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յունուար 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12015GiroՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատասխանը` ուղղուած Թուրքիոյ  նախագահ Էրտողանի հրաւէրին, համարժէք էր:

Յիշեցնենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահին նամակին, ուր ան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հրաւիրած է 24 ապրիլին ներկայ ըլլալու Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի յիշատակին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, մերժողական նամակ յղած էր:

«Լաւ էր, որ պատասխան նամակին մէջ  կը ներկայացուէր Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը եւ լաւ էր, որ մեր նախագահը կը յիշեցնէր, որ Թուրքիոյ նախագահը արդէն Հայաստան գալու հրաւէր ունի», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:

Ան բնական նկատած է, որ Թուրքիա տարբեր հնարքներով պիտի փորձէ հանդէս գալ մինչեւ  24 ապրիլ, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք բոլոր հաւանական քայլերուն եւ բոլորին ալ համարժէք պատասխանենք:

«Պարզ է, որ Թուրքիա ասիկա կ՛ընէ, որովհետեւ  բաւական վատ կացութեան մէջ յայտնուած է ցեղասպանութեան 100-ամեակին առումով: Ասիկա ոչ թէ իրենց կողմէ նախայարձակ քայլ է, այլ` հակազդեցութիւն, ոչ միայն Հայաստանի պետութեան, այլ հայ ժողովուրդին կողմէ արդէն նախատեսուած եւ արդէն որոշ չափով ընթացքի մէջ գտնուող ձեռնարկներուն եւ քայլերուն, որոնց ուղղութեամբ իրենք անհանգստացած են», ըսած է Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա պիտի յաջողի՞ 24 ապրիլին շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը ցեղասպանութեան 100-ամեակէն, Կիրօ Մանոյեան ըսած է. «Ես կը խորհիմ, որ ճիշդ  հակառակը` Թուրքիա իր այս քայլով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց ցեղասպանութեան տարելիցին` ապրիլի 24-ին  վրայ, որովհետեւ Թուրքիոյ նպատակը շատ բացայայտ էր»:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ իշխանութեան կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը անարձագանգ ձգելուն, Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ ատիկա բնորոշ է Թուրքիոյ քաղաքականութեան` յիշեցնելով, որ իրենք նաեւ անտեսեցին Հայաստան գալու նախագահին հրաւէրը: «Ասիկա իրենց քաղաքականութիւնն է եւ նոր չէ, երբ հարցի մը  վերաբերեալ իրենք լուրջ բովանդակութեամբ գրութիւն չեն կրնար ներկայացնել եւ կը փորձեն անտեսել», ըսած է Կիրօ Մանոյեան: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ նոյնը եղաւ 2005 թուականին, երբ Թուրքիա 24 ապրիլէն քանի մը օր առաջ Հայաստանին առաջարկած էր կազմել պատմաբաններու յանձնախումբ: «Այն ժամանակուան Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ  Քոչարեան պատասխանած էր ըսելով, որ մեր երկու երկիրներուն միջեւ հարցերը այնքան մեծ են, որ պատմաբաններու ուսերուն պէտք չէ ձգել, եւ  եկէք սկսինք նախ միջպետական յարաբերութիւններէն: Թուրքիա երեք տարի անընդմէջ` մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ ֆութպոլային դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնը, կը ժխտէր, որ Հայաստան պատասխանած է իրենց: Նախագահը, վարչապետը, արտաքին գործոց  նախարարը բացայայտ սուտ կը խօսէին` ըսելով, թէ  իրենց դիմումին չենք արձագանգած: Ասիկա իրենց վարքագիծն է: Երբ իրենք չեն կրնար ի նպաստ իրենց արձագանգել, կը փորձեն անտեսել», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:

Ինչ կը վերաբերի հարցումին, թէ ըստ անոր, ի վերջոյ, Թուրքիայէն ոեւէ մէկը 24 ապրիլին պիտի գա՞յ Հայաստան, Մանոյեան ըսած է, որ պէտք չէ բացառել, սակայն Թուրքիոյ այս քայլէն ետք  հաւանականութիւնը աւելի քիչ է:

 

Նախորդը

Խաչատուրով Պրիւքսէլ Մեկնած Է

Յաջորդը

8 Ներթափանցման Գործողութեան Փորձ` Ղարաբաղեան – Ազրպէյճանական Շփման Գիծին Վրայ. Հայ Զինուոր Մը Զոհ` Արձակազէնի Կրակոցէ

RelatedPosts

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ  Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու  Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը  Ամրապնդելու Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Համաձայնութիւն

Մայիս 13, 2025
Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի  Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել,  Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը  Զինադադարի Չհամաձայնի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել, Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը Զինադադարի Չհամաձայնի»

Մայիս 13, 2025
Խօսելով Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին`  Ռուպիօ. «Մեր Նպատակն Է Ստուգել, Թէ Ռուսիան  Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալուն Նկատմամբ Լուրջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն. «Ռուպիոյի Առաջնահերթութիւնը Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Կռիւին Վերջ Տալն ու Հնդկաստանի Եւ Փաքիստանի Միջեւ Կայունութեան Ամրապնդումն Է»

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?