Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքա նախքան իր պաշտօնավարութեան աւարտը հանդիպում ունեցած է Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն եւ հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ:
Ըստ CausaArmenia.org-ի, հանդիպման ընթացքին Մուխիքա ընդգծած է հայ համայնքի ներդրումը Ուրուկուէյի մէջ եւ կարեւոր նկատած է այն հանգամանքը, որ Ուրուկուէյ առաջին երկիրը եղած է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մուխիքա, ընդառաջելով հայ համայնքի խնդրանքին, համաձայնած է իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ուրուկուէյի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:
«Գիտեմ, որ թուրքերը կը նեղանան, սակայն համոզուած եմ, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, եւ եթէ կրնամ օգտակար ըլլալ, սիրով համաձայն եմ ընդունելու այդ առաջարկը: Թուրքերը պէտք է սորվին համբերութիւն ունենալ: Աշխարհի մէջ պէտք է ըլլայ կարծիքի բազմազանութիւն, եւ մենք պէտք է յարգենք ատիկա, այլապէս կարելի չ՛ըլլար ապրիլ», ըսած է ան` աւելցնելով, թէ նուազագոյնը, որ պէտք է ընէ թրքական պետութիւնը, ինքնաքննադատութեան քաջութիւն ունենալն է` ընդունելու կատարուած բարբարոսութիւնները:
Խոսէ Մուխիքայի պաշտօնավարութեան օրով Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդուած են, շարք մը մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը աւելի խորացած է:
Նախագահ Մուխիքայի օրով Ուրուկուէյի մէջ օրէնք ընդունուած է Մոնթեվիտէոյի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու վերաբերեալ: Կը գործէ Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը: Նշենք նաեւ, որ այս տարուան սկիզբը Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային մակարդակով ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւն մը կատարած էր` կարեւոր նկատելով ազգերու ինքնորոշման փաստը: Երկկողմանի յարաբերութիւններուն նպաստած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յուլիս 2014-ին Ուրուկուէյ այցելութիւնը: