Երէկ Գիւմրիի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի հոգեհանգիստի բազմամարդ արարողութեան ժամանակ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայել եպս. Աջապահեան նախ կարդաց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ցաւակցական ուղերձը:
«Հրաժեշտ պիտի տանք այն մանուկին, որ մեր բոլորին ուշադրութեան առարկան էր: Մենք բոլորս աղօթեցինք, թէեւ գիտնալով, որ կրնան մեր աղօթքները չհասնիլ իրենց նպատակին, որովհետեւ ծանր էր, խոր էր վէրքը… Տղամարդու նման պայքարեցաւ 7 օր, 7 գիշեր եւ հանգեցաւ… Երկինքին մէջ աւելցաւ հրեշտակ մը եւս», ըսած է սրբազանը եւ աւելցուցած, որ Աստուած այնպէս տնօրինած է փոքրիկին ճակատագիրը, որ ան միանայ իր ընտանիքին: «Ցաւ կայ, վիշտ կայ մեր սրտերուն մէջ: Ես կ՛ուզէի ըլլալ պարզ մարդ, եկեղեցւոյ անկիւնին մէջ աղիողորմ լալ, բայց իմ պարտականութիւնս այսօր ձեզ, բոլորը մխիթարելն է: Սուրբ Հոգիով մխիթարուինք: Ուրախ եղէք, որ մենք բարեխօսներ ունեցանք երկինքին մէջ` ի դէմս Աւետիսեաններուն», ըսած է սրբազանը: Ան նաեւ նշած է, որ հիացած է ժողովուրդին տոկունութեամբ, համբերութեամբ, վշտակցութեամբ:
«Մենք հզօր ժողովուրդ ենք: Վիշտը պէտք է տանինք լուռ եւ աղօթքով, առանց ցնցումներու: 8-րդ զոհ պէտք չէ ըլլայ, 8-րդ մարդ պէտք չէ վիրաւորուի, անկախ ազգութենէն: Այդ ճիւաղը կորսնցուցած է մարդ կոչուելու իրաւունքը եւ պիտի ստանայ իր պատիժը` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Բոլորին պէտք է ցոյց տանք, որ մենք ցաւ կրնանք տանիլ, որովհետեւ մենք հզօր ենք, միայն հզօր մարդը կրնայ ցաւ տանիլ: Ասիկա համազգային ողբերգութիւն էր», եզրափակած է սրբազանը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է
Ալեքսանտր Պասթրիքինը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ռուսիոյ քննչական խորհուրդի նախագահ Ալեքսանտր Պասթրիքինը:
Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ծառայութեան, հանդիպման ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ 12 յունուարին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը կը պահանջէ, որ ատոր բոլոր հանգամանքները բացայայտուին աննախընթաց հետեւողականութեամբ: Նախագահը կարեւոր նկատած է, որ այս յանցանքին քննութեան առնչութեամբ երկու երկիրներու իրաւապահներուն միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ շարունակութիւն ունենայ, իսկ սկսած հոլովոյթը հասցուի իր տրամաբանական աւարտին:
Ալեքսանտր Պասթրիքին նշած է, որ իրենք իրենց հայաստանեան գործընկերներուն հետ ունին լիարժէք փոխըմբռնում եւ յստակ պատկերացում, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ հայկական իրաւապահ մարմիններուն կողմէ իրականացուող քննութեան Ռուսիոյ իրաւասու կառոյցներու ցուցաբերած օժանդակութիւնը: Այդ ծիրին մէջ ռուսական իրաւասու մարմիններուն կողմէ ինչպէս Գիւմրիի մէջ տեղակայուած խարիսխին, այնպէս ալ Ռուսիոյ մէջ կատարուող գործողութիւնները նպատակ ունին ապահովել սպանութեան բոլոր վարկածներու եւ գործի բոլոր հանգամանքներու համակողմանի քննութիւնը, մեղաւորներու բացայայտումը եւ անոնց պատասխանատուութեան անխուսափելիութիւնը: Պասթրիքին նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ այս գործով Հայաստանի մէջ իրականացուելիք հրապարակային դատական քննութիւնը կը դառնայ արդարութեան եւ արդարադատութեան հասնելու երկու կողմերու ձգտումին վկայութիւնը:
Մարքին. «Քննութիւնն Ու Դատը
Տեղի Պիտի Ունենան Հայաստանի Մէջ»
Հայաստանի քննչական խորհուրդի նախագահ Աղուան Յովսէփեանի եւ Ռուսիոյ քննչական խորհուրդի նախագահ Ալեքսանտր Պասթրիքինի միջեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երկօրեայ բանակցութիւններուն արդիւնքով համաձայնութիւն գոյացած է համագործակցութեան եւ փոխհամաձայնեցուած գործողութիւններու մասին, ուղղուած` Գիւմրիի մէջ կատարուած սպանդի գործի քննութեան բազմակողմանիութեան եւ ամբողջացման ապահովման: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է Հայաստանի քննչական խորհուրդի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան:
Ըստ Տռուզեանի, երկու երկիրներու քննչական խորհուրդներու նախագահները կարեւոր նկատած են գործով պատշաճ ապացոյցներու ձեռքբերումը օրէնսդրութեամբ սահմանուած պայմաններու խստագոյնս պահպանումով:
Աշխատանքներու արդիւնաւէտ կազմակերպման նպատակով համաձայնութիւն գոյացած է ստեղծելու համակարգող մարմին:
Գիւմրիի սպանդի քննութիւնը եւ դատավարութիւնը պէտք է տեղի ունենան Հայաստանի մէջ, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ քննչական խորհուրդի ներկայացուցիչ Վլատիմիր Մարքինը:
Խօսելով երկու երկիրներու քննչական խորհուրդներու ղեկավարներու երեւանեան բանակցութիւններուն արդիւնքներուն մասին` Մարքին եւս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ յարուցուած քրէական գործերու համակողմանի քննութիւնը ապահովելու նպատակով, միացեալ գործունէութեան մասին համաձայնութիւն գոյացած է :
«Ինթըրֆաքս», վկայակոչելով «իրավիճակին ծանօթ աղբիւրը», կը հաղորդէ նաեւ, որ շատ հաւանաբար այս գործը Հայաստանի մէջ կը քննէ Ռուսիոյ զինուորական դատարանը:
Յովսէփեան Եւ Պասթրիքին
Հասան Գիւմրի
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քննչական խորհուրդներու նախագահներ Աղուան Յովսէփեան եւ Ալեքսանտր Պասթրիքին երէկ հասած են Գիւմրի, ուր այցելած են ռուսական 102-րդ խարիսխը:
Նախքան քաղաք մտնելը, Յովսէփեան եւ Պասթրիքին այցելած են գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակ զետեղած են Աւետիսեաններու ընտանիքի անդամներու գերեզմաններուն վրայ:
Վարչապետ Աբրահամեան.
«Դատավարութիւնը Պիտի Բաւարարէ
Հայ Ժողովուրդը»
Գիւմրիի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի հոգեհանգիստի արարողութենէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախ ցաւակցած է գիւմրեցիներուն եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին` նշելով, որ ասիկա ոչ միայն գիւմրեցիներու, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդին վիշտն է: Ան ընդգծած է, որ պէտք է ձեռնարկուին այնպիսի քայլեր, որպէսզի նման դէպքեր այլեւս չկրկնուին: Աբրահամեան վստահեցուցած է, որ տեղի պիտի ունենայ արդար դատավարութիւն եւ յանցագործը պիտի կրէ իր արժանի պատիժը: Ըստ վարչապետին, դատավարութիւնը պիտի բաւարարէ հայ ժողովուրդը: Փերմեաքովը Հայաստանի իրաւապահներուն յանձնելու վերաբերեալ հարցումին վարչապետը յստակ պատասխան չէ տուած, նշած է, որ քննութիւնը ընթացքի մէջ է:
Բալասանեան. «Փերմեաքով Արժանի Պատիժը
Պիտի Ստանայ Այստեղ»
Գիւմրիի մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան յայտարարած է, որ Փերմեաքով «իր արժանի պատիժը պիտի ստանայ այստեղ»: Բալասանեան ընդգծած է, որ այդ մասին տեղեկացուցած է Ռուսիոյ քննչական խորհուրդի նախագահ Ալեքսանտր Պասթրիքին: «Ռիա Նովոսթի»-ն երէկ եւս տեղեկացուցած էր, որ Գիւմրիի մէջ իրականացուած սպանդին գործով հրապարակային դատական հոլովոյթը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Միասնաբար Պէտք Է
Դիմակայենք Այս Ողբերգութիւնը»
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս պատգամ մը ուղղած է փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի մահուան առիթով, կը տեղեկացնէ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Գիւմրիի մէջ Աւետիսեան ընտանիքի սպանութեան վիշտին մեր հոգիին մէջ աւելցաւ նաեւ ընտանիքի փոքրիկին կորուստին ցաւը: Բոլորս կը սգանք այս դժուարին պահուն եւ կ՛աղօթենք փոքրիկին հոգիի խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար` խնդրելով, որ Տէրը երկինքի լուսեղէն օթեւաններուն մէջ ընդունի ննջեցեալ մանկան լոյս հոգին»:
Վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ նկատած է այս ողբերգութիւնը միասնաբար դիմակայելը. «Միասնաբար պէտք է դիմակայենք այս ողբերգութիւնը, որ ցնցեց բոլորս, նաեւ պատճառ դարձաւ տագնապներու եւ յուզումներու: Տոկունութեամբ եւ խոհեմութեամբ տանինք այս վիշտը, զերծ մնանք ցնցումներէ եւ ցաւն ու սուգը յաղթահարենք առ Աստուած հաւատքով` յարգանքի մեր տուրքը մատուցելով լուսահոգի մեր հայրենակիցներու յիշատակին»:
«Առ Բարձրեալն Աստուած Մեր հայցը վեր կ՛առաքենք, որպէսզի այլեւս նման փորձութիւններ չտեսնէ հաւատաւոր մեր ժողովուրդը եւ ապրի խաղաղութեան եւ ապահովութեան մէջ», ըսած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:
Ռուս Պատգամաւորները Սերիոժա Աւետիսեանի
Յուղարկաւորութեան Մասնակցելու
Ցանկութիւն Յայտնած Են
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատուիրակութիւնը կը կազմէ նոր պատուիրակութիւն` փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանի յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար: Այս մասին «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան: «Հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած ենք Ռուսիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ, որոնք ցանկութիւն յայտնած են մասնակցելու փոքրիկն Սերիոժայի յուղարկաւորութեան եւ ցաւակցած անոր հարազատներուն եւ հայ ժողովուրդին», ըսած է Վահրամ Պաղտասարեան: Ան աւելցուցած է, որ Գիւմրիի սպանդին եւ հետագայ իրադարձութիւններուն բնաբանով ընդհատուած խորհրդարանական լսումները, նախնական համաձայնութեամբ, կը տեղափոխուին հինգշաբթի: «Բնականաբար խորհրդարանական լսումներէն ետք ալ քննարկումները այդ բնաբանով պիտի շարունակուին Ազգային ժողովին մէջ, յանձնախումբերու նիստերուն ընթացքին, խօսքերու ժամանակ: Ամբողջ քննութեան ընթացքին մենք պէտք է ըլլանք հետեւողական, որպէսզի յանցագործը պատժուի խստագոյնս», ըսած է Վահրամ Պաղտասարեան:
Ռուսիոյ Դեսպանութիւն. «Կը Սգանք
Ամբողջ Հայ Ժողովուրդին Հետ»
Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը երկուշաբթի գիշեր հրապարակած է յայտարարութիւն մը` Սերիոժա Աւետիսեանի մահուան առնչութեամբ:
«Կը սգանք ամբողջ հայ ժողովուրդին հետ: Մինչեւ վերջին վայրկեանը մենք բոլորս յոյս ունէինք եւ կ՛աղօթէինք Սերիոժա Աւետիսեանի համար, յանուն որուն կեանքին կը պայքարէին հայաստանցի եւ ռուս բժիշկներ: Ցաւօք, հրաշք տեղի չունեցաւ, թէեւ մենք բոլորս շատ կը սպասէինք եւ կը հաւատայինք ատոր», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Երեխայի կորուստը ահաւոր վիշտ է: Չկան բառեր ձեւով մը թեթեւցնելու համար տեղի ունեցած սարսափելի ողբերգութեան պատճառած ցաւը: Սակայն այդ պայմաններուն մէջ եւս պէտք է մարդ մնալ: Մեծամասնութիւնը ատիկա կը հասկնայ: Սուգը վիշտ է եւ աղօթք: Մենք բոլորս պէտք է տեղի ունեցած ողբերգութենէն դաս քաղենք եւ ընենք ամէն ինչ, որպէսզի նման բան չկրկնուի: Կրնանք վստահեցնել, որ յանցագործը եւ անոնք, որոնք կրնային անոր ետին կանգնած ըլլալ, կը կրեն իրենց արժանի պատիժը», նշուած է դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը
Գիւմրիի Դէպքերուն Մասին.
«Կարեւոր Է Հայութեան Միասնականութիւնը»
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, երէկ անդրադառնալով Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, նշած է, որ ցնցուած են կատարուած ողբերգութեամբ, եւ որ Ղարաբաղի ժողովուրդը ամբողջ հայութեան հետ կը սգայ Աւետիսեաններու մահը:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի լրատուական ծառայութեան, Սահակեան ընդգծած է այս ծանր պահուն հայութեան միասնականութեան եւ համախմբուածութեան անհրաժեշտութիւնը, որ որեւէ փորձութիւն յաղթահարելու կարեւոր գրաւականներէն է:
Նախագահ Բակօ Սահակեան այս յայտարարութիւնները կատարած է դատական համակարգի աշխատողի օրուան նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին, որուն սկիզբը ներկաները վայրկեան մը լռութեամբ յարգած են Սերիոժա Աւետիսեանի յիշատակը:
Our heartfelt condolences to the relatives of Avedisyan family. This incident is very deep and very touchy. We are thinking and praying for Gumri. God bless.