«Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ Հայկական Պատուիրակութիւնը Մեր Ակնկալածին Չափ Չկեդրոնացաւ Ցեղասպանութեան Վրայ» Ըսաւ Առընչ
Պիւլենթ Առընչ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ մեկնաբանած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ Տողու Փերինչեքի դատավարութիւնը` նշելով, որ իրենք մօտէն կը հետաքրքրուին այդ դատավարութեամբ, եւ յիշեցուցած է, որ 3-5 ամիսներու ընթացքին հաւանական է, որ վճիռ տրուի: «Կը մտածենք, որ այդ վճիռը դրական պիտի ըլլայ», ըսած է ան: «Նիստին ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչները ակնկալուած չափով չօգտագործեցին...



















