Հայաստանի նախագահ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 29 յունուարին ներկայ գտնուած են մայրաքաղաքի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի բացման: Կոմիտասի թանգարանի կառուցումը իրականութիւն դարձաւ Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամի եւ անոր պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի նիւթական ներդրումով:
Անկէ առաջ պաշտօնական անձնաւորութիւնները, պետական յանձնաժողովի անդամներն ու հիւրերը այցելած են Կոմիտասի անուան պանթէոն, ծաղիկներ զետեղած Կոմիտաս վարդապետին շիրիմին վրայ:
Այս առիթով նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է բոլորը, շնորհակալութիւն յայտնած այս կարեւոր նախաձեռնութեան իրականացման իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր անձերուն եւ թանգարանին մէջ շրջագայելէ եւ տարբեր սրահներուն մէջ ներկայացուած ցուցադրութիւններուն ծանօթանալէ ետք պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ գրած է. «Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը հայ ժողովրդի միասնութեան եւ վերածննդի խորհրդանիշն է: Կոմիտաս վարդապետը միաւորեց հոգեւորը եւ աշխարհիկը, ազնուականը եւ գեղջկականը, արեւմտահայկականը եւ արեւելահայկականը` ապացուցելով, թէ որքան արհեստական են եղել այդ եւ բազում այլ բաժանարար գծերը: Դրանով իսկ նա դարձաւ ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ ժողովրդի նոր ընթացքի ռահվիրան ու երաշխաւորը` վեր հանելով եւ մեզ հասցնելով մի ահռելի քաղաքակրթական շերտ:
«Ուրախ եմ, որ այս թանգարանի շնորհիւ Կոմիտասի անօրինակ ժառանգութիւնն այժմ կարող է համակարգուած ուսումնասիրութեան եւ լայն տարածման առարկայ դառնալ ինչպէս Հայաստանում, այդպէս էլ աշխարհով մէկ: Կոմիտասը մեր մշակութային կեանքի մասնակիցն է, ով շարունակում է մեզ ուղղորդել արդէն երրորդ հազարամեակի բարդ քառուղիներում: Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկի բացումը կարեւոր իրադարձութիւն է մեր երկրի ու մեր ժողովրդի համար», արձանագրած է նախագահը:
Նորաբաց թանգարանի համերգներու դահլիճին մէջ այս առիթով տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն:


