«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները հիւսիսային Իրաք գտնուող Մուսուլ քաղաքի հայկական եկեղեցին հրկիզած են: Հրկիզուածը հայկական նոր եկեղեցին է, իսկ հին եկեղեցին տակաւին կանգուն կը մնայ:
Լուրը հաստատուած է Իրաքի հայոց թեմին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ տեղեկացուցած է, որ նոր կառուցուած հայկական այս եկեղեցին, երկու տարի առաջ, տակաւին չբացուած` թալանուած եւ պայթեցուած էր:
ՏԱՀԵՇ 2014-ի յուլիսին Մուսուլը գրաւեց եւ իբրեւ հետեւանք` քաղաքի հայերն ու քրիստոնեաները փախուստի դիմեցին դէպի ապահով շրջաններ: