Հայոց բանակի ստեղծման 23-րդ տարեդարձին օրուան առիթով Եռաբլուր պանթէոն երէկ այցելած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսները, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք յարգանքի տուրք մատուցած են իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ի պատասխան լրագրողներու հարցումներուն, կրկին յայտարարած է, որ Ազրպէյճան իր վարուելակերպով կը փորձէ ազդել նախ եւ առաջ միջազգային կառոյցներուն վրայ, որպէսզի Հայաստան աւելի մեծ զիջումներ ընէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն մէջ:
«Այս օրերուն սահմանին վրայ իրադրութիւնը վերահսկելի է: Կրակոցներու քանակը շատ է: Մնացեալը ամբողջութեամբ մենք կը վերահսկենք, մեր զինուորները իրենց տեղն են, օրէ օր կը կատարելագործուի յատկապէս դիտարկման համակարգը», աւելցուցած է նախարարը:
«Հակառակորդը կրնայ ամէն օր աշխուժանալ, բայց ատիկա ոչինչ կը նշանակէ», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան` ընդգծելով, որ ազրպէյճանական կողմին սադրանքները միայն ոտնձգութիւններ են: «Մենք պատասխան չենք տար, մենք կ՛ընենք այն, ինչ որ ծրագրած ենք: Որեւէ զինուոր իրաւունք ունի իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ ազատ գործելու իր հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ», ընդգծած է Յակոբեան:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր կարգին լրագրողներուն ըսած է. «Հայոց բանակը հայ ժողովուրդին պարծանքն է, նուաճումը, ապագան եւ անվտանգութիւնը: Մեր բանակը այսօր շրջանի ամէնէն հզօր բանակն է: Մեր զօրավարներուն եւ սպաներուն կը մաղթեմ ուժ, կորով, համբերութիւն: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ այն նուիրուածութիւնը, որ կը տածեն մեր ժողովուրդին եւ պետութեան նկատմամբ, աւելի ամրապնդուի»:
Լրագրողներու հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կ՛անուանէ Ազրպէյճանի գործողութիւնները` պատերա՞զմ, թէ՞ սադրանք, Աբրահամեան կարճ պատասխանած է. «Սադրանք»:
Նախագահ Սարգսեան. «Նման Հզօր
Բանակ Մենք Վաղուց Չենք Ունեցած»
«Մեր երկրին եւ ժողովուրդին համար բանակը աւելին է, քան պարզապէս պետական կառոյցը», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` Բանակի օրուան առիթով իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
«Հայոց բանակը բառացիօրէն ամէն օր եւ ամէն գիշեր կը պաշտպանէ մեր կեանքը, շատ յաճախ մարտի բռնուելով մեր հայրենիքին նկատմամբ ոտնձգութիւններ կատարող յելուզակներու դէմ: Այսօր մեր վիզին կը փաթթեն նոր տիպի պատերազմ, որովհետեւ բոլոր նախորդ տիպերու պատերազմներուն մէջ անոնք պարտուած են: Այսպէս կոչուած «ներթափանցման գործողութիւններու պատերազմին» նոյնպէս պիտի պարտուին: Ատոր անհեռանկար ըլլալը արդէն ակնյայտ է նոյնիսկ անոնց համար, որոնք մեզ «թշնամի» կ՛անուանեն», ըսած է նախագահը, ըստ որուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ոմանք որոշած են հայերը վախցնել մարդասպանութեամբ, հայասպանութեամբ: «100 տարի առաջ կատարուածը պետականօրէն մշակուած եւ յաջող իրականացուած ցեղասպանութիւն էր, որ կրնար իրականացուիլ միայն հայկական պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ: Այսօր, այս տօնական օրը, դժուար հասկցողներուն համար ես անգամ մը եւս կը յայտարարեմ. հայ ժողովուրդը վերադարձած է կեանք, վերադարձած է ժողովուրդներու միջազգային ընտանիք իր պետականութեամբ եւ բանակով: Ան վերադարձած է դժոխքէն: Դժոխքէն վերապրածները ահաբեկելու փորձերը լուրջ չեն: Նման փորձերը ուշացած են առնուազն 100 տարիով», ըսած է Հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով. «Հարցում մը կը ծագի. ի՞նչ կապ ունին 100 տարի առաջ կատարուած դէպքերը մեր այսօրուան բանակին հետ: Արդեօ՞ք, ոեւէ մէկուն հիւանդ ուղեղին մէջ կայ Հայաստանը գրաւելու ծրագիր: Կը պատասխանեմ. այդ ծրագիրները ոչ միայն ոմանց ուղեղներուն մէջն են, այլեւ դրացի երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու շուրթերուն: Անոնք կը լսուին բոլոր կարելի բարձրախօսներէն: Ըստ անոնց, ոչ միայն Արցախը, այլեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքը «պատմական ազրպէյճանական» հողեր են, եւ այդ հողերը ենթակայ են այսպէս կոչուած «ազատագրման»: Մենք շատ լաւ գիտենք նման «ծրագրային» հռետորաբանութեան թիրախները: Իսկ ի՞նչ կ՛ըսենք: Կ՛ըսենք. Արցախի ազատ ապրելու իրաւունքը չի քննարկուիր: Վերջակէտ:
Մեր բանակը կազմաւորման օրէն, երբ տակաւին պաշտօնական անուանում ալ չունէր, թրծուած է պատերազմի կրակներուն մէջ: Ան ծնած է իբրեւ մեր ժողովուրդի ապրելու եւ ազատագրուելու կամք, իբրեւ անոր յոյսերու, իղձերու եւ անմահութեան առհաւատչեայ: Նման հզօր բանակ մենք շատոնց չենք ունեցած: Կը շնորհաւորեմ բոլորս այս մեծ տօնին առիթով: Մեր զինուորականներուն կը մաղթեմ անփորձանք ծառայութիւն, իսկ մեզի, բոլորիս` խաղաղութիւն», ըսուած է նախագահին ուղերձին մէջ:
Խումբ Մը Զիուորականներ
Պարգեւատրուած Են
Հայոց բանակի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին առիթով, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով, ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած մարտական բարձր պատրաստուածութեան եւ ակնառու նուաճումներու համար խումբ մը զինուորականներ պարգեւատրուած են պետական բարձր պարգեւներով: Պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է զինուորականները եւ ազատամարտիկները տօնին եւ պետական բարձր պարգեւներու արժանանալու առիթով: Նշենք, թէ այս առիթով պարգեւատրուած է նաեւ Լիբանանի նախկին պետական նախարար Փանոս Մանճեան:
«Այսօր պարգեւներ կը յանձնենք, ցաւօք, նաեւ յետմահու: Փա՛ռք անոնց յիշատակին: Կը կարծեմ, որ ոչ ոք կը կասկածի, որ մեր բոլոր ինկած տղաներուն համար մենք պատասխան պիտի ապահովենք: Հայոց բանակին օրը մենք կրկին ու կրկին կը յայտարարենք զինեալ ուժերու իրականացուցած առաքելութեան կարեւորութեան մասին, ատոր նշանակութեան եւ բարդութեան մասին: Բայց նաեւ կը խօսինք մեր զինուորականներու անձնուիրութեան եւ հերոսականութեան մասին», ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:
Նախագահ Սահակեան Շնորհաւորական
Ուղերձներ Յղեց Բանակի Օրուան Առիթով
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Բանակի օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին պաշտօնական կայքին, նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղուած ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունովս ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Բանակի օրուան առիթով, տօն, որ չափազանց սուղ ու նուիրական է համայն հայութեան համար:
Դուք եղած էք հայոց բանակի ստեղծման ակունքներուն մէջ եւ այսօր ալ, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար, կ’ընէք կարելին, հայրենիքի պաշտպանունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ: Հայկական բանակը ժողովրդական բանակ է. չկայ ընտանիք մը, որ այս կամ այն ձեւով առնչութիւն չունենայ անոր հետ: Բանակի կազմաւորման մասնակցած են մեր ժողովուրդի լաւագոյն զաւակները, եւ այսօր ալ անոնց քաջ որդիները անձնուիրաբար կը ծառայեն հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին»:
«Փա՜ռք ու պատիւ բոլոր անոնց, որոնց ջանքերուն շնորհիւ ունինք հզօր եւ մարտունակ բանակ, անոնց, որոնք այսօր ալ անսասան կը պահեն մեր հայրենիքին սահմանները, կը պահպանեն մարդոց անդորրն ու խաղաղ կեանքը», գրած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը: