
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ մեկնաբանած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ Տողու Փերինչեքի դատավարութիւնը` նշելով, որ իրենք մօտէն կը հետաքրքրուին այդ դատավարութեամբ, եւ յիշեցուցած է, որ 3-5 ամիսներու ընթացքին հաւանական է, որ վճիռ տրուի: «Կը մտածենք, որ այդ վճիռը դրական պիտի ըլլայ», ըսած է ան:
«Նիստին ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչները ակնկալուած չափով չօգտագործեցին «ցեղասպանութիւն» եզրը: Թուրքիոյ ուղղուած հարց ու քննադատութիւններ չեղան: Մենք ալ նշեցինք, որ կը փափաքինք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ լաւ բարեկամութիւն կառուցել: Ի հարկէ, հայկական սփիւռքը Հայաստանի կառավարութեան հետ ապրիլին լուրջ նախապատրաստական աշխատանքներ կ՛իրականացնէ», ըսած է ան: