Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փերինչեքի Գործով Վճիռը` 6-8 Ամսուան Ընթացքին

Յունուար 29, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12815_clooneyԵրէկ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատին մէջ տեղի ունեցաւ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» գործի լսումը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Եւրոպական դատարանը գործին առնչութեամբ վճիռ պիտի արձակէ 6-8 ամսուան ընթացքին:

Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 10:15-ին սկսած դատական առաջին նիստին ընթացքին առաջինը խօսք առած է Տողու Փերինչեք: Ըստ կանոնակարգի, յաջորդիւ ելոյթ ունեցած են իբրեւ պատասխանող կողմ Զուիցերիոյ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները:

Հայկական կողմէն հանդէս եկած են Եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեան, դատարանին մէջ Հայաստանը ներկայացնող միջազգային կարգի փաստաբաններէն երկուքը` Ամալ Քլունի եւ Ճեֆրի Ռապըրթսըն:

Դատավարութեան ընթացքին իրաւաբան Ճեֆրի Ռապըրթսըն շեշտած է, որ ժամանակակից աշխարհը պէտք է ապրի ազատ, առանց խտրականութեան եւ ատելութեան: Ան Թալէաթ փաշան անուանած է թրքական Հիթլեր:

Ամալ Քլունի իր կարգին անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան մռայլ վիճակին եւ մարդկային իրաւանց խախտումներուն: Քլունի նաեւ անդրադարձած է Հրանդ Տինքի սպանութեան` շեշտելով, որ այդ ոճիրը թուրք ազգայնականներուն ձեռքի գործն է:

12815_tsuitsԴատավարութեան ուղեկցած են բողոքի ցոյցեր: Դատարանի դիմաց հաւաքուած են հայեր եւ թուրքեր: Տասնեակ ոստիկաններ ու ոստիկանական մեքենաներ հսկած են մասնակիցներուն: Հայկական կողմի աջակիցները հանդէս եկած են «Այլեւս ոչ մէկ 1915» եւ «Ժամանակն է» կոչերով:

Թրքական «Օտա Թի.Վի.»-ն կը տեղեկացնէ, որ Փերինչեք իր խօսքին մէջ նշած է, որ հաւաքուած են Եւրոպայի մէջ` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Ան յիշեցուցած է 17 դեկտեմբեր 2013-ին Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին տուած որոշումը (դատարանը բաւարարած էր իր հայցը) եւ մատնանշած է Եւրոպայի մէջ հիմնարար ազատութիւններու մասին:

Փերինչեք յայտարարած է, որ 1915-ի հարցը վիճելի է եւ իր խօսքին մէջ մէջբերած է խօսքերը Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի եւ հայ մտաւորական Սեւան Նշանեանի, որոնք նշած են, թէ «հայ եւ թուրք շրջանակները իրարու նկատմամբ դաժանութիւններ գործած են»:

«1915-ի դէպքերը «ցեղասպանութիւն» հասկացողութեան մէջ չեն տեղաւորուիր, ատիկա կ՛ապացուցեն գիտական փաստարկներն ու դատարանին ներկայացուած 90 քիլոկրամ կշռող փաստաթուղթերը», ըսած է ան:

Ան պնդած է, որ ինք, իբրեւ հարցի ուսումնասիրութեամբ զբաղած գիտնական, իր ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին եզրակացուցած է, որ Օսմանեան պետութիւնը հայ քաղաքացիները ոչնչացնելու նպատակ չէ հետապնդած, եւ ատիկա եղած է Համաշխարհային Ա. պատերազմով պայմանաւորուած հարկադիր տեղահանութիւն:

«Մեր հայ հայրենակիցներուն ցաւը միշտ կիսած եմ: Հայերու նկատմամբ ատելութիւն պարունակող մէկ խօսքս իսկ չէք կրնար գտնել: Մենք մեր մշակոյթին եւ կեանքին մէջ միշտ կարեւոր նկատած ենք հայերը: Միշտ ալ տեղի ունեցողներուն համար ոչ թէ զանոնք, այլ մեծ պետութիւնները մեղաւոր նկատած ենք: Այդ ձեւով պաշտպանած ենք մեր հայրենակիցները», յայտարարած է Փերինչեք:

Ան պնդած է, որ Եւրոպայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան «թապուներուն» պատճառով թուրքերը մշտապէս անարգուած են, եւ խաղաղութեան ու եղբայրութեան կոչ ուղղած է:

Փափազեան. «Մեր Դիրքերը
Անհամեմատ Աւելի Ուժեղ Են»

10525831_1030882776929007_3015094722550597621_nԱնդրադառնալով Փըրինչեքի հարցին, NEWS.am-ի թղթակցին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան յայտնեց. «Մենք շատ դրական ակնկալիքներ ունինք եւ համոզուած ենք, որ դատարանը չի կրնար Փերինչեքի օգտին որոշում տալ: Երկու ժամ տեւեց դատավարութիւնը, բայց մինչ այդ յունուարին կողմերը ներկայացուցած էին իրենց գրաւոր եզրակացութիւնները, եւ դատախազները այս փաստաթուղթերը ուսումնասիրած են: Մէկ կողմէ թրքական կառավարութիւնն ու Փերինչեքն է, միւս կողմէ` Զուիցերիոյ կառավարութիւնը, Հայաստանը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղուող միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, անոնց կարգին Թուրքիայէն ու Հայաստանէն: Մեր կողմը հարուստ է նիւթերով, պատրաստուած է, իրաւական առումով յագեցած: Այս պայմաններուն մէջ անկարելի է, որ Փերինչեք յաղթէ: Թրքական կողմին դիրքերը թոյլ են, իսկ մերը` անհամեմատ ուժեղ»:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը` Հայոց Բանակի Օրուայ Առիթով

Յաջորդը

Հայոց Բանակի Կազմաւորման 23-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023
Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Պայմանը`  Ղարաբաղը Պաշտօնապէս Ազրպէյճանի Մաս Ճանչնալն Է»
Հայկական

Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Պայմանը` Ղարաբաղը Պաշտօնապէս Ազրպէյճանի Մաս Ճանչնալն Է»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In