Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ պնդեց, թէ Իրանի հետ պատերազմը շատ շուտով պիտի աւարտի, եւ ուժանիւթի գիները մեծապէս պիտի նուազին:

Ան ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ Հորմուզի նեղուցին վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատած են` աւելցնելով, որ այժմ նեղուցին ճամբով անցած քարիւղի քանակը Միացեալ Նահանգներուն Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններէն առաջ ստացած քանակէն աւելի մեծ է:

Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ իր երկիրը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց, իսկ Իրան այլեւս ոչինչ ունի:

Թրամփ շեշտեց, որ Իրան այլեւս զինուորական ուժ չունի, եւ անոր օդուժն ու ծովուժը դադրած են գոյութիւն ունենալէ:

Ան ըսաւ, որ Իրանի դէմ գործողութիւններուն հետեւանքը մարդոց կողմէ վճարուող չափազանց չնչին գին մըն է, եւ հարցը շատ շուտով պիտի աւարտի, եւ այդ ատեն վառելանիւթերու գիները պիտի նուազին:

Թրամփ նշեց, թէ գիտէր, թէ պենզինի գիները պիտի բարձրանային, սակայն չէր գիտեր, թէ որքա՛ն պիտի բարձրանային եւ կը նախատեսէր, որ ներկայէն շատ աւելի պիտի սղէին:

Ան ըսաւ, որ նախորդ նախագահները պէտք էր Իրանի դէմ որդեգրէին քայլեր, զորս չորդեգրեցին, եւ շարունակեցին սպասել` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է, որ Իրան հիւլէական զէնք չունենայ, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր ահաբեկչութեան թիւ մէկ հովանաւոր երկիր կ՛որակուի:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ եթէ Իրան հիւլէական զէնք ունենայ, պիտի քանդէ Միջին Արեւելքը, ապա պիտի սկսի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան թիրախաւորել:

Ըստ անոր, Իրանի ղեկավարները քանի մը անգամ ոչնչացուելնէն ետք, ոչ ոք կ՛ուզէ Իրանի նախագահ դառնալ:

Ինչ կը վերաբերի ՕԹԱՆ-ին, Թրամփ դարձեալ նշեց, որ դաշինքը Միացեալ Նահանգներուն չօգնեց, եւ թէ իր երկիրը Իրանի դէմ գործելու համար որեւէ օգնութեան կարիքը չունի:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնած են, որ Թրամփ եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու անցեալ երկու շաբթուան ընթացքին քանի մը անգամ զրուցած են` անդրադառնալով Իրանի վրայ յարձակումներու վերսկսման կարելիութեան:

Աղբիւրները աւելցուցած են, որ Նեթանիահուի կարծիքով, իսրայէլեան ընտրութիւնները նախորդող երկու շաբթուան ընթացքին Իրանի դէմ զինուորական արշաւ մը կրնայ վնասել իր ղեկավարած «Լիքուտ» կուսակցութեան իշխանութեան վրայ մնալու առիթներուն:

Աղբիւրներ «Սի. Էն. Էն.»-ին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն զինուորական ծրագիրներ, որոնք կը ներառեն Իրանի հիւլէական կայաններու եւ ուժանիւթի ենթակառոյցներու թիրախաւորման համար «Ռումբերու մօր» օգտագործում, մինչ հարցականներ գոյութիւն ունին, եթէ այդ ընտրանքները կարող են իրագործել Միացեալ Նահանգներու նախագահին նպատակները եւ պատերազմին վերջ տալ:

Նշենք, որ «Ռումբերու մայր»-ը ոչ պաշտօնական անունն է «Ճի.Պի.Եու.-43/Պի»(ՄՈԱՊ) գերհզօր ռումբին, որուն զանգուածը կը կազմէ 9,5 թոն, եւ Միացեալ Նահանգներու սպառազինութեան մէջ ամէնէն հզօր ոչ հիւլէական ռումբն է:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահը պարտաւորութիւններ ստանձնեց, սակայն հիմա ան խախտած է զանոնք եւ չէ կատարած իր խոստումները»:

«Միացեալ Նահանգները պէտք է պատժուին, փոխեն իրենց վարքագիծը եւ յստակ հասկնան, թէ պարտաւոր են ընդունիլ Իրանի ժողովուրդի օրինական պահանջները»:

«Մենք չենք ձգտիր անվերջ պատերազմի կամ երկարատեւ բանակցութիւններու: Մենք կը պայքարինք թշնամին յուսահատեցնելու համար, եւ անոնց ստիպելու, որ մեր պահանջները ընդունին», յայտարարեց Ղալիպաֆ:

 

Նախորդը

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

RelatedPosts

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.