Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթիերես, որ Հայաստան կը գտնուի մասնակցելու ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան կողմերու 17-րդ խորհրդաժողովին` ՔՈՓ17-ին, յայտարարեց, որ ինք խաղաղութեան համաձայնագիրի մեծ աջակից է:

«Յոյսով եմ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ արձանագրուած կէտերը շուտով պիտի իրականացուին, եւ այդ գործընթացը պիտի արագանայ: Յոյսով եմ իրապէս, որ արագ յառաջընթաց պիտի ըլլայ, որպէսզի աւարտին հասցնէք խաղաղութեան համաձայնագիրը, եւ այդ ընթացիկ խնդիրները կարգաւորուին», Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ Կիւթիերես:

Պատասխանելով այլ հարցումի մը, թէ ինչո՞ւ ՄԱԿ մեծ ճնշում չի բանեցներ Ազրպէյճանի նախագահին վրայ` ազատ արձակելու հայ գերիները, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ. «Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` կարելի եղածին չափ արագ իրագործելու խաղաղութեան համաձայնագիրի բոլոր դրոյթները, որոնք նաեւ բնականաբար կը ներառեն կալանաւորուած անձերը»: «Նիւզ»-ի թղթակիցի հարցումին ի պատասխան, Կիւթիերես յայտարարեց, որ հայ գերիներու հարցը իրենց համար մեծ կարեւորութիւն ունի:

Անթոնիօ Կիւթիերես աւելի կանուխ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` կարեւոր նկատելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը:

Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին ըսաւ. «Մեր գլխաւոր նպատակն է հասնիլ վերջնական կէտին: Ես նկատի ունեմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումն ու վաւերացումը: Անիկա մեր հիմնական նպատակն է, եւ մենք պէտք է կեդրոնանանք անոր վրայ, որովհետեւ զայն իրականացնելը դիւրին չէ, բայց միւս կողմէ մենք պէտք է ըստ կարելւոյն կեդրոնացած ըլլանք այդ նպատակին վրայ»:

 

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

RelatedPosts

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
Երկաթուղիի Կառավարման Վերաբերող  Հայաստան-Ռուսիա Աշխատանքային  Խումբ Պիտի Ստեղծուի
Հայկական

Երկաթուղիի Կառավարման Վերաբերող Հայաստան-Ռուսիա Աշխատանքային Խումբ Պիտի Ստեղծուի

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.