Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 19, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութեան շարժումի, բողոքի ցոյցերու եւ վայրագութեամբ յատկանշուած երեւոյթներու մասին լուսաբանումներով, մեկնաբանութիւններով եւ վերլուծումներով:

Ընդհանուր համապատկերը կը կապուի անշուշտ 2027-ի նախագահական ընտրութիւններուն: Քաղաքական եւ հասարակական դաշտը բեւեռացած է, եւ թեկնածուներու վարկանշային աղիւսակի մրցակիցները ծայրայեղ աջի եւ ծայրայեղ ձախի ներկայացուցիչներն են:

Դպրոցականներու պահանջներով սկսած բողոքի արարքները շատ արագ անցում կատարեցին քաղաքական դաշտ եւ միաւորումներ ստեղծելով յանգեցան Ֆրանսայի տարածքին դրսեւորուած երեւոյթներու:

Ներֆրանսական առումով պատահածներու պատասխանատուութիւնը ձախակողմեան շրջանակներուն եւ յատկապէս ծայրայեղ ձախ ձեւակերպումը ստացած հաւաքներուն վերագրելով Ազգային ճակատը կ՛առաջադրէ ընտրական վարկանիշի նոր աստիճանաչափեր գրանցել, հարթելով իր թեկնածուին դէպի Էլիզէի պալատ մուտքը: Ազգային ճակատի օրէնքը խախտողները Ֆրանսայէն տեղահանելու որոշում կայացնելու անհրաժեշտութեան մասին կը խօսի:

Քաղաքական եւ հասարակական մակարդակներու վրայ հարցը ուղղակի կը կեդրոնանայ ներգաղթողներու երեւոյթին վրայ, որ երկար ժամանակէ ի վեր բանավէճի նիւթ է Ֆրանսայի քաղաքական բոլոր շրջանակներուն միջեւ: Հրատապ խնդիր է յատկապէս ապօրինի ներգաղթողներուն շնորհուած պետական ծառայութիւններու, օժանդակութիւններու թղթածրարը, որ յաւելեալ բեռնաւորած է պետութեան պիւտճէն, որ տնտեսական տագնապին վրայ ազդած էր: Առընթեր կը քննարկուին կրթութեան հետ կապուած եւ համարկումի քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձուցած հանգամանքները:

Այս բոլորը տակաւին պիտի շարունակուին քննարկուիլ, քաղաքականօրէն շահարկուիլ եւ զարգանալ, որքան մօտենան նախագահական ընտրութիւնները:

Ցուցարարներու եւ վայրագութեան դէպքերու հետ առնչուածներու ժողովրդագրական պատկերը այս բոլորին ուղղութեամբ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ:

Ապօրինի ներգաղթեալներու երեւոյթը համաեւրոպական եւ համաշխարհային է: Խնդիրը քաղաքականօրէն կ՛արծարծուի ոչ միայն Ֆրանսայի մէջ, այլ նաեւ Եւրոպայի եւ այս պարագային Միացեալ Նահանգներու:

Քանի մը առումներով ուշագրաւ էին Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ փոխնախագահին արձագանգները Ֆրանսայի մէջ պատահածներուն:

Փոխնախագահը յայտարարած է, որ արեւմտեան ազատականները բազմազանութեան եւ կարեկցանքի անունով Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ բերած են Երրորդ աշխարհի մարդիկը: Անոնք անտեսած են համարկումի եւ համատեղելիութեան հիմնարար հարցերը: Այդ երկիրները զգուշացուած էին, որ այս քաղաքականութիւնը կը յանգեցնէ նման հետեւանքներու… Ան նաեւ յոյս յայտնած էր, որ Ֆրանսան կը յաջողի կանգնեցնել տեղի ունեցողը:

Իսկ նախագահ Թրամփ յայտարարած էր, որ ներգաղթը լուրջ վնաս հասցուցած է Ֆրանսային եւ կոչ ուղղած փակելու սահմաններն ու խստացնելու վերահսկողութիւնը: Ըստ Թրամփի, ներգաղթողները կործանած են երբեմնի մեծ երկիրը:

Հիմա, փորձենք նկատել այս ուղերձներուն քաղաքական առանցքները: Անմիջապէս նկատենք, որ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները գրեթէ կը նոյնանան Ազգային ճակատի հռետորաբանութեան հետ, որ խստօրէն կը քննադատէ Ֆրանսայի իրերայաջորդ իշխանութիւններու եւ յատկապէս ձախակողմեան շրջանակներու որդեգրած ներգաղթի քաղաքականութիւնը եւ զանոնք պատասխանատու կը նկատէ այս կացութեան:

Ուղերձը հոս չ՛աւարտիր սակայն: Այս յայտարարութիւններուն հիմնական նպատակը կ՛առնչուի նաեւ ամերիկեան ընտրութիւններուն: Արտաքսել ներգաղթեալները, փակել սահմանները եւ վերահսկողութեան տակ առնել այդ զանգուածը այն քաղաքականութիւնն է, որ այսօր կը կիրարկէ նախագահ Թրամփով գլխաւորուած վարչակարգը: Քննադատութեան ալիքը շատ սուր կերպով ուղղուած է դեմոկրատականներուն, նոյեմբերի միջանկեալ ընտրութիւններու նախաշեմին:

Երբ Թրամփ կը խօսի նախազգուշացման մասին, խորքին մէջ կը զգուշացնէ ամերիկեան զանգուածը, որ դեմոկրատականներու առաւելութիւն արձանագրելու պարագային, Միացեալ Նահանգներու մէջ կրնան պատահիլ Ֆրանսայի մէջ պատահածները:

Ֆրանսայի երեւոյթը այլ հանգամանքներ ալ կը ներառէ անշուշտ: Միացեալ Նահանգներ – Եւրոպա եւ այս պարագային Միացեալ Նահանգներ – Ֆրանսա յարաբերութիւններու ելեւէջները, Ուքրանիոյ պատերազմին յատկապէս Ֆրանսայի հակառուս դիրքորոշումները, Ուքրանիոյ տրամադրուող օժանդակութիւններու ազդեցութիւնը Ֆրանսայի տնտեսութեան վրայ: Այս բոլորը ունին իրենց հետեւանքները Ֆրանսայի հասարակութեան մէջ:

Այս բոլորը ուղղակի թէ անուղղակի ներառուած են պաշտօնական Ուաշինկթընի յայտարարութիւններուն մէջ եւ մտածել կու տան, որ նման երեւոյթներ Ֆրանսայէն զատ այլ երկիրներու մէջ եւս կրնան արձանագրուիլ` դպրոցական կամ հասարակական որեւէ այլ ոլորտէ բռնկելով:

«Ա.»

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (19 Հոկտեմբեր 2026)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.