Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ կարեւոր է, որ Հորմուզի նեղուցին եւ շրջանին մէջ հարցերը իրենց նախապատերազմեան վիճակին վերադառնան:
«Ռուս աշխատաւորները քիչ-քիչ պիտի վերադառնան Իրանի մէջ Պուշահր հիւլէական կայան», ըսաւ ան:
«Արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարեցինք, եւ Իրանի հետ մեր գործակցութիւնը կը զարգանայ», նշեց ան` յայտարարելով, որ Ռուսիան յանձնառու է Իրանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթին:
«Անցեալ տարի պաղեստինցիներուն վրայ ճնշումներուն շարունակումը տեսանք, եւ Պաղեստինի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի որոշումներու գործադրութիւնը կ՛ուզենք», յայտնեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«Իրանցի պաշտօնակիցս ու ես Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ամրապնդման հարցը շեշտեցինք», նշեց Լաւրով:
Արաղչի իր կարգին ըսաւ, որ շրջանային խնդիրները պէտք է դիւանագիտութեան ճամբով լուծուին` Միացեալ Նահանգները պատասխանատու նկատելով Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան բացակայութեան ու լարուածութեան համար:


