Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Պըն Ժասեմ Ալ Թանի երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Քաթարի վարչապետը հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Քաթարը կը փորձէ Լիբանանի մէջ ուժանիւթի հարցին համապարփակ լուծումներ ներկայացնել:
Ան նշեց, որ քննարկումները անդրադարձած են շրջանային ու միջազգային կացութիւններուն եւ իսրայէլեան բռնագրաւումի ուժերուն վարմունքներուն:
Ան ըսաւ, որ իր հանդիպումները արդիւնաւէտ էին, եւ յայտարարեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու թղթածրարը կը քննարկուի շրջանի բարգաւաճման նպաստող միացեալ ծրագիրներու, ներառեալ ուժանիւթի թղթածրարի ծիրին մէջ:
Պըն Ժասեմ շեշտեց, որ Քաթար Լիբանանի կողմէ որդեգրուած բոլոր քայլերուն կը զօրակցի:
Քաթարի վարչապետը շեշտեց. «Անհրաժեշտ է, որ իսրայէլեան բանակը հեռանայ լիբանանեան հողերէն եւ զանոնք յանձնէ լիբանանեան բանակին»:
«Քաթարը յառաջիկայ փուլին պիտի շարունակէ բանակին իր աջակցութիւնը», նշեց Պըն Ժասեմ:
Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ Խլէյֆի իր կարգին յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումը հոյակապ էր»:
Նախագահական պալատը աւելի ուշ հաղորդեց, որ նախագահ Աուն Քաթարի վարչապետին հետ իր հանդիպումի ընթացքին դատապարտեց Ծոցի երկիրներուն վրայ կատարուած յարձակումները, որոնց վերջինը Սէուտական Արաբիոյ դէմ էր, եւ Լիբանանի զօրակցութիւնը յայտնեց Ծոցի երկիրներուն:
Անդրադառնալով Քաթարի հետ յարաբերութիւններուն` Աուն ողջունեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը բոլոր ոլորտներու մէջ, մասնաւորաբար ուժանիւթի ոլորտին մէջ, ուր Քաթար նախապէս պատրաստակամութիւն յայտնած էր Լիբանանի դիմագրաւած ելեկտրականութեան տագնապին լուծումներ գտնելուն օգնելու:
Քաթարի վարչապետը այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ինչպէս նաեւ վարչապետարան այցելելով հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:
Սալամ իր քաթարցի պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ուրախութիւնը ունիմ յայտարարելու, թէ շնորհիւ ձեր հովանաւորութեան եւ անձնական հետապնդման, մօտ ենք լիբանանեան եւ քաթարեան կառավարութիւններուն միջեւ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան ենթակառոյցի վերանորոգման, զարգացման ու արդիականացման ծրագիրի մը ձեռքբերման»:
«Քաթարը պիտի ստանձնէ ելեկտրականութեան ծրագիրի ֆինանսաւորումը, գործադրութիւնն ու շահագործումը, առանց որ լիբանանեան գանձարկղը որեւէ ներդրումային կանխիկ ծախս ստանձնէ», աւելցուց վարչապետը:
«Համակարգուած ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ ուժանիւթի արտադրութեան տարբեր աղբիւրներ եւ ատոր համար անհրաժեշտ ենթակառոյցներ: Անիկա նպատակ ունի ելեկտրականութիւն ապահովել աւելի կայուն եւ ցած գինով: Այս նախագիծը հիմնուած է նախագծման, կառուցման, շահագործման եւ սեփականութեան իրաւունքի փոխանցման բնորդի վրայ», յայտնեց Սալամ:
Պըն Ժասեմ իր կարգին նշեց. «Քաթարի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները արմատացած են, եւ անհամբեր կը սպասենք երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ոլորտի ընդլայնման»:
«Անհամբեր կը սպասենք մեր երկու երկիրներուն միջեւ կենսական ոլորտներու մէջ գործընկերութեան ընդլայնման եւ Լիբանանին իր տնտեսութեան վերականգնման աջակցելու», աւելցուց ան:
Քաթարի վարչապետը առաւօտեան իր կեցութեան վայրին` «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Հասան Շուքէյրի հետ:


