Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող Հրամանագիր Մը Ստորագրեց

October 19, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակեց հրամանագիր մը, որ Ռուսիոյ կը շնորհէ ազատումներ անցեալ ամիս ստորագրուած օրէնքի մը հիմամբ որդեգրուած բազմաթիւ պատժամիջոցներէ, սահմանափակումներէ եւ մաքսատուրքերէ` անոնց ուժի մէջ մտնելէն քանի մը օր առաջ:

Նոր օրէնքով նախատեսուած հակառուսական քայլերու կիրարկումը կասեցուած է` մինչեւ Թրամփի կամ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետագայ կարգադրութիւնները:

Ինչպէս ի յայտ կու գայ հրամանագիրէն, անոր մէջ թուարկուած բացառութիւնները ուժի մէջ պիտի մնան այնքան ատեն, որ նախագահը կամ արտաքին գործոց նախարարը` ելեւմուտքի նախարարի եւ առեւտրական բանակցութիւններու մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի հետ խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք, իրավիճակէն կախեալ, չորոշեն, որ հետագայ քայլեր կը պահանջուին:

Հրամանագիրին մէջ այս բացառութիւններու գործողութեան որեւէ ժամկէտ չի նշուիր:

Նշենք, որ Թրամփ 18 սեպտեմբերին ստորագրած էր Քոնկրեսի որդեգրած օրինագիծը, որ կը նախատեսէ Ռուսիոյ բարձրագոյն քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան, պետական ընկերութիւններու նկատմամբ պատժամիջոցներու խստացում:

Յիշատակուած օրէնքը կը նախատեսէ մաքսատուրքերու բարձրացում 500 հարիւրով` Ռուսիայէն մատակարարումներու համար, ինչպէս նաեւ 100 առ հարիւրով` այն երկիրներէն, որոնք կը խանդիսանան ռուսական ուժանիւթի հիմնական գնորդներ:

Օրէնքին համաձայն, ամերիկեան վարչակազմը կրնայ չձեռնարկել այս քայլերուն, եթէ գտնէ, որ ատիկա չի համապատասխաներ Միացեալ Նահանգներու շահերուն: Թրամփ ստորագրած է հրամանագիր, որով այս օրէնքի առանցքային կէտերը առայժմ պիտի չկիրարկուին:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Թրամփի` Ռուսիան պատժամիջոցներէ զանց կացուցելու որոշումը նկատեց անոր ռուս պաշտօնակիցին` Վլատիմիր Փութինին պարգեւ, այն պահուն, երբ Մոսկուան ուքրանական ուժանիւթի ոլորտին վրայ իր յարձակումները կ՛աշխուժացնէ:

«Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու չեղեալ նկատուիլը, նախայարձակի վրայ ճնշման թուլացումը եւ Փութինին ֆինանսական պարգեւ տալը միայն կը խրախուսեն զինք շարունակելու յարձակումները», նշեց Զելենսքի:

Ան Ռուսիան ամբաստանեց իր երկիրը ձմրան եղանակէն առաջ խաւար մատնել փորձելու մէջ:

«Ռուսիան կը փորձէ ձմրան եղանակէն անմիջապէս առաջ Ուքրանիոյ մէջ ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատում պատճառել: Ռուսիան կը փորձէ մեր ժողովուրդէն միլիոնաւորներ առանց ելեկտրականութեան ու ջեռուցման ձգել», ըսաւ ան` Ուքրանիոյ դաշնակիցներուն կոչ ուղղելով` այդ նպատակի գործադրութեան դադրեցման համար Մոսկուայի վրայ ճնշում բանեցնելու:

Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Քիրիլ Տմիթրիեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ռուսիան Քոնկրեսի վերջերս հաստատած պատժամիջոցներէն զանց կացուցելու որոշումը «իրաւամբ կարեւոր ու պատմական պահ» է:

Անդրադառնալով վերջերս մահացած հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամի անունը կրող պատժամիջոցին` Տմիթրիեւ յայտնեց, որ անիկա «մեծ վնասներ պիտի պատճառէր նախ եւ առաջ ամերիկեան տնտեսութեան եւ միջազգային շուկաներուն»:

Ռուսիոյ ուժանիւթի հարցերով փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք «Վեսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այժմ Ամերիկայի հետ ռուսական մազութի առաքման պայմաններուն շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, այսինքն` պայմանագիրներու վերջին ճշգրտումները տեղի կ՛ունենան»:

«Պայմանագիրներու ստորագրումէն անմիջապէս ետք վառելանիւթը 15-էն 20 օրուան ընթացքին շուկաներ, այս պարագային ամերիկեան շուկայ պիտի հասնի», նշեց Ռուսիոյ փոխվարչապետը:

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար յայտարարեց, թէ իր երկիրը Ռուսիոյ միջազգային շուկաներ մղուելիք մազութի մատակարարումներէն մէկ մասը պիտի ստանայ, եւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ մազութի մատակարարումներու համաձայնութիւնը Թուրքիոյ ուժանիւթային անվտանգութեան համար կարեւոր է:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած

RelatedPosts

Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն  Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած

October 19, 2026
Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ»  Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին`  Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան
Միջազգային

Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ» Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին` Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան

October 19, 2026
Թուրքիան Կը Հերքէ Պաքուի Մէջ Ֆիտանի  Գաղտնի Հանդիպման Ու Յեղաշրջման  Հրահանգներ Տալու Մասին Պնդումները
Միջազգային

Թուրքիան Կը Հերքէ Պաքուի Մէջ Ֆիտանի Գաղտնի Հանդիպման Ու Յեղաշրջման Հրահանգներ Տալու Մասին Պնդումները

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.