«Վանայ Ձայն»-ի յոբելեանը նախ եւ առաջ առիթ է 40-ամեայ անցած ուղին արժեւորելու, ներկայացնելու իրերայաջորդ անձնակազմերու իրականացուցած աշխատանքի հանրագումարը: Գիտակցելու մանաւանդ, որ անոր ծնունդի ու գործունէութեան ծաւալման ժամանակահատուածը Լիբանանի պատերազմական իրերայաջորդ արարներուն կը կապուէր:
Լիբանանահայը ճգնաժամի այդ օրերուն ունէր հաւաստի հաստատութիւն մը, որուն ականջալուր կ՛ըլլար` իմանալու համար երկրին եւ յատկապէս համայնքին վերաբերող լուրերուն, ապահովական արտակարգ իրավիճակներու մէջ մանաւանդ առնելիք քայլերուն: Սպասելու յայտարարութիւններու, արագ լուրերու, նոյնիսկ դպրոցներուն բաց կամ փակ մնալու որոշումներուն իրազեկ դառնալու: Կողմնորոշիչ գործառոյթ ունէր «Վանայ Ձայն»-ը ճգնաժամի զանազան փուլերուն եւ այդպիսով նաեւ մնայուն ուղեկիցն էր լիբանանահայուն: Այս բաժինը անպայման պէտք էր իբրեւ նախաբան ընդգծել, որովհետեւ «Վանայ Ձայն»-ը այդ պայմաններուն մէջ հիմնադրուեցաւ եւ իր առաքելութիւնը պատուով կատարեց ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ:
«Վանայ Ձայն»-ը սակայն այդ բոլորին առընթեր եւ անկէ ետք հիմնովին նպաստեց հայկական երաժշտութեան տարածման: Պատուէրներու յայտագիրներէն մինչեւ մշակութային հաղորդումներ, ազգային տօներէն մինչեւ հայրենական եւ սփիւռքեան իրադարձութիւններ անցեալն ու ներկան կամրջող նիւթեր, լեցուցին «Վանայ Ձայն»-ի բովանդակութիւնը, անոր առաքելութեան ճիշդ բնորոշիչները արձանագրելով:
Այսօր, յատուկ լուսարձակներ կը բացուին արեւմտահայերէնի կենսունականացման եւ զարգացման հրամայականին վրայ եւ համապատասխան դասընթացքներ եւ գործիքակազմեր կը ստեղծուին: Բոլորը կ՛օգնեն յայտարարուած հրամայականին: Այս շրջածիրին մէջ ալ անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ հերթական օր, բարի լոյսէ մինչեւ յաջորդ բարի լոյս, շուրջօրեայ դրութեամբ, «Վանայ Ձայն»-ի ալիքին միացողը արեւմտահայերէն լուրեր, հաղորդումներ, ծանուցումներ, երգեր կը լսէ: Արեւմտահայերէնի կենսունակ պահպանման հաստատութենական երեւոյթ մը, որուն պարզապէս հետեւելով ինքնաշարժին մէջ, աշխատանքի դադարին թէ բնակարանին մէջ պարզապէս առընթեր ունկնդրելով, որեւէ հայ անհատ հաղորդակցութեան մէջ կ՛ըլլայ արեւմտահայերէնին հետ: Իբրեւ այդպիսին, «Վանայ Ձայն»-ը կը շարունակէ ստանձնած պահել արեւմտահայերէնի տարածման ու զարգացման ամէնէն ազդեցիկ գործիքը հանդիսանալու իր իւրայատկութիւնը:
Ընկերային ցանցերը այսօր տեղեկատուական ոլորտը բոլորովին նոր հարթութիւն տեղափոխած են: Աշխարհագրութիւնը անսահման է որեւէ տեղեկատուական միջոցի արտադրութեան վերահասու ըլլալու, հետեւելու եւ նոյնիսկ հակազդելու: «Վանայ Ձայն»-ը ընկերային ցանցերու ամէնէն տարածուն հարթակներուն վրայ ներկայութիւն է եւ այդ ճամբով անդրանցած` արդէն իր զուտ լիբանանահայութեան ձայնասփիւռի կայանը ըլլալու հանգամանքը: Անիկա լսելի է եւ որոնուող լրատուամիջոց հայկական աշխարհին մէջ: Այս իրականութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի մեր հարազատ լրատուամիջոցին համար, որուն կը հետեւին բազմահազար ունկնդիրներ աշխարհի բոլոր անկիւններէն:
Առաւօտեան զրոյցներէն մինչեւ հայրենական հաղորդումներ, մինչեւ մանկապատանեկան յայտագիրներ, քաղաքական լրատուութիւններէն մինչեւ ձայնասփիւռային թատերական ներկայացումներ, արխիւային նիւթերու մատուցումներէն մինչեւ հոգեւոր զրոյցներ եւ քննարկումներ` «Վանայ Ձայն»-ը հասանելի է հայ անհատին ու ընտանիքին: Ուղիղ սփռումները, արդէն նաեւ տեսողական ձեւաչափերով, յաճախ կը մղեն, որ աշխարհի տարբեր ժամային գօտիներու մէջ գտնուող հայ մարդիկ, նոյնիսկ ուղիղ հետեւին հրատապ յայտագիրներուն: «Վանայ Ձայն»-ն էր, որ Անթիլիասի մայր տաճարի պատարագները հասցուց տարբեր պատճառներով ներկայ գտնուելու կարողութիւնը չունեցող մարդոց տուները: Հիմա ալ արդէն տարբեր երկիրներու մէջ ապրող այն մարդոց, որոնք կ՛ուզեն առցանց ներկայ ըլլալ հոգեւոր արարողութիւններուն:
Մէկ քաղաքական դիտարկում եւս: Այս հարազատ հաստատութեան անունը Արեւմտահայաստանը խորհրդանշող քաղաք է: Վանը նաեւ ազատագրական պայքարի մեր խորհրդանիշն է. հետեւաբար նաեւ` մեր քաղաքական պահանջատիրութեան: Անոր ձայնը թելադրական է, ուղերձային եւ այժմէական, մանաւանդ այս օրերուն, երբ այդ բոլորէն հրաժարելու խռպոտ ձայներ կը հնչեն: Մեր ռատիոյէն հնչող ձայնը հարազատ է, լսելի՛ ուժգնութեամբ եւ հաւատարիմ` Վանէն եւ Արեւմտահայաստանէն եկած ժառանգութեան: Եւ շատ լա՛ւ է, որ անիկա լսելի է ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ:


