Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը  Մարտունիի Մէջ Կրկին Ճամբար Կազմակերպած Է

ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը Մարտունիի Մէջ Կրկին Ճամբար Կազմակերպած Է

«Երկիր մետիա» կը հաղորդէ, որ Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ 12 օր շարունակ աւելի քան 180 պատանի իրենց ամառնային հանգիստը անցուցին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած ճամբարին: Արդէն 4-րդ տարին է, որ լիբանանահայ դաշնակցական երիտասարդները Մարտունիի  փոքրիկներուն համար կազմակերպած են աշխուժ ծրագիր: Այս անգամ ճամբարային ծրագիրի նիւթը հիմնականին մէջ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Հայաստանի Կառավարութիւնը 30 Միլիոն Տոլարով  Պիտի Վաճառէ Մարզահամերգային Համալիրը

Հայաստանի Կառավարութիւնը 30 Միլիոն Տոլարով Պիտի Վաճառէ Մարզահամերգային Համալիրը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին ընթացքին որոշեց պաշտպանութեան նախարարութեան «Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր»-ի ամրացուած եւ Հայաստանի սեփականութիւնը հանդիսացող գոյքը վերստանձնել եւ սեփականաշնորհել: Որոշուեցաւ, որ ուղղակի վաճառքի ձեւով սեփականաշնորհման ենթակայ անշարժ գոյքի վաճառքի գինը 30 միլիոն տոլարին համարժէք դրամ է: Գնորդը «ՆՏԱԱ ինվեսթմընթ կրուփ» ընկերութիւնն է: Ընկերութիւնը պարտաւոր է առնուազն վեց ամիս ժամկէտով եւ առնուազն 55 հազար դրամ նուազագոյն...

Հանդիպում` «Նոր Սերունդ»  Եւ «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական  Կազմակերպութիւններու Անդամներուն Հետ

Հանդիպում` «Նոր Սերունդ» Եւ «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական Կազմակերպութիւններու Անդամներուն Հետ

11 օգոստոսին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան ընդունած է ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» եւ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւններու անդամները: Հանդիպումին ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է Արցախի քաղաքական եւ տնտեսական ներկայ վիճակին վերաբերեալ, խօսած է արտաքին քաղաքական դաշտին մէջ ՀՅԴ-ի կատարած եւ կատարելիք աշխատանքներուն մասին: Հանդիպումի աւարտին ծաւալուած...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով.  «Դէպի Նոր Հարիւրամեակ» Խորագիրով  Հաւաքական Ցուցահանդէս

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Դէպի Նոր Հարիւրամեակ» Խորագիրով Հաւաքական Ցուցահանդէս

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ  «Դէպի նոր հարիւրամեակ» խորագիրով հաւաքական ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին կողմէ` հովանաւորութեամբ մեթր Ժաք Չուխատարեանի: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 10 մուսալեռցի արուեստագէտներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրէյս Պապոյեան-Լոճիկեան: Ան...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով.  «Անձեռնմխելի Արմատներ»  Խորագիրով Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակին Առիթով. «Անձեռնմխելի Արմատներ» Խորագիրով Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անձեռնմխելի արմատներ» խորագիրով ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Եսայի Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ 2004-ին եւ 2010-ին մուսալեռցիք բախտաւորութիւնը ունեցան այցելելու իրենց պապենական գիւղը, որ երկար...

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան  Ամառնային Դպրոցի Հանդէս

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Հանդէս

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան գործունէութեան տարեկան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 13 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաստատութեան ամառնային դպրոցի եզրափակիչ հանդէսը: 1960-ականներու եւ 1970-ականներու սերունդներու հայերէն շատեր վստահաբար կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս իրենց մանկութեան օրերուն, յետմիջօրէներու թէ ազատ ժամերուն կը յաճախէին Պուրճ Համուտի երբեմնի հայաբնակ համեստ թաղամասին մէջ գտնուող «Գարակէօզեան» կեդրոն կամ...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. ՀՅԴ Բիւրոն Կոչ Է Անում «Յետ Կանգնել Վտանգաւոր Արկածախնդրութիւնից Եւ Սկսել Խաղաղութեան Բանակցութիւններ»

10 օգոստոս 2015-ին Երեւանի մէջ գումարուած իր արտահերթ լիագումար նիստին, ՀՅԴ Բիւրոն որոշեց հրատարակել հետեւեալ յայտարարութիւնը. Յայտարարութիւն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը խոր մտահոգութիւն է յայտնում Թուրքիայի կառավարութեան կողմից քիւրտ ժողովրդի նկատմամբ վերջերս վերսկսուած ռազմատենչ քաղաքականութեան վերաբերեալ: Քիւրտ ղեկավարութեան կողմից առաջադրուած խաղաղութեան բանակցութիւնները շարունակելու փոխարէն, թրքական իշխանութիւնները, խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնների արդիւնքներից դժգոհ` «Իսլամական պետութիւն» խմբակցութեան դէմ ռազմական գործողութիւններ կատարելու պատրուակով իսկական պատերազմ...

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի.  Ազրպէյճանցիներուն Կողմէ Հրահրուող Սահմանային Լարուածութիւնը Ապրելակերպ Դարձած Է

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի. Ազրպէյճանցիներուն Կողմէ Հրահրուող Սահմանային Լարուածութիւնը Ապրելակերպ Դարձած Է

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ  քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանը «Երկիր»-ին հետ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ազրպէյճանցիներուն  կողմէ մշտապէս հրահրուող սահմանային լարուածութիւնը  արդէն որեւէ յատուկ բանի հետ կապուած չէ: Ըստ Բաբայեանի, մեր դրացիներուն այդպիսի պահուածքը ապրելակերպ դարձած է: «Մենք երբեք նախայարձակ չենք եղած, միայն հակահարուած տուած ենք անոնց գործողութիւններուն: Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին սահմանը լարուած եղած է, բայց...

Կարօ Փայլան «Խելքը Գլուխը Բերել»-ու  Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան

Կարօ Փայլան «Խելքը Գլուխը Բերել»-ու Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան

Կարօ Փայլան «Մարմարա» կը գրէ, որ ուշագրաւ է, որ ահաբեկչական յարձակումներու մագլցումի այս շրջանին, ոստիկանատուները եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչական կեդրոնները իբրեւ թիրախ ընտրուած են անյայտ նախայարձակներու կողմէ: Կուսակցութիւնը, ընտրութեանց ընթացքին իր արձանագրած յաջողութենէն ետք, յանկարծ դարձաւ շատ լայն շրջանակներու աչքի փուշը: Պետութեան ներկայացուցիչները կամ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ ազգայնապաշտներ, քրտամէտ կուսակցութիւնը կը մեղադրեն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը պաշտպանելու յանցանքով:...

Բագրատունի Այցելեց  Ապպաս Իպրահիմի

Բագրատունի Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Իպրահիմ եւ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական հարցերն ու ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիահայ գաղութէն Լիբանան տեղափոխուածներուն վերաբերող հարցեր: Այս շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիահայոց կեցութեան առնչուող խնդիրներուն բարւօք ընթացք տալու անհրաժեշտութիւնը:  

«Ուիքի» Ճամբարը  Վերջ Գտաւ Փակման Հանդիսութեամբ

«Ուիքի» Ճամբարը Վերջ Գտաւ Փակման Հանդիսութեամբ

Հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին, կազմակերպութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան, 3 օգոստոսին Զմմառի «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ սկիզբ առած «Ուիքի» ճամբարը վերջ գտաւ երէկ` չորեքշաբթի, 12 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ: Արդարեւ, լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 43 աշակերտներ` ընկերակցութեամբ Հայաստանէն «Ուիքի» խմբագրող աշակերտներու, 10 օրերու ընթացքին սորվեցան գործածել «Ուիքիփետիա»-ն եւ խմբագրեցին արեւմտահայերէնով: Մասնակցող աշակերտներուն...

Օհանեան Այցելեց  Մուսա Լերան Յուշահամալիր

Օհանեան Այցելեց Մուսա Լերան Յուշահամալիր

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին ընդառաջ` հերոսամարտի մասնակիցներուն անկոտրում կամքը, ազատագրական ոգին եւ արիութիւնը խորհրդանշող յուշահամալիրի տարածքին մէջ սկսած են շինարարական եւ բարեկարգման լայնածաւալ աշխատանքներ: Յուշարձանի եւ հերոսամարտի պատմութիւնը ներկայացնող թանգարանի շինարարութեան կապուած հարցերուն եւ մանրամասնութիւններուն, արդիականացման աշխատանքներու ընթացքին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով երէկ Մուսա լերան յուշահամալիր այցելեց պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի, բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու, զինուորականներու...

«Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը  Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է  Համաշխարհայնացած Աշխարհին Մէջ»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է Համաշխարհայնացած Աշխարհին Մէջ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին «Կրօններու եւ մշակոյթներու հանդիպում» յանձնախումբի անդամները` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Հիւսէյն Ահմետ Շհատէի: Ժողովին ներկայ էին նաեւ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Միջեկեղեցական յանձնախումբի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Ընդհանուր քարտուղարը նախ անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին բանալի դերակատարութեան` միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համագոյակցութեան մարզերուն մէջ...

Զապատանիի Շրջանին Մէջ Զոհուեցաւ  Սուրիական Բանակի Ծառայող Յաբեթ Աբրիկեան

Զապատանիի Շրջանին Մէջ Զոհուեցաւ Սուրիական Բանակի Ծառայող Յաբեթ Աբրիկեան

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ին, Դամասկոսի արուարձաններէն Զապատանիի շրջանին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի մարտերուն հետեւանքով արձանագրուեցան զոհեր: Զոհերու  կարգին էր սուրիական բանակին ծառայող զինուոր, 1993-ի ծնունդ, հալէպահայ Յաբեթ Մանուկ Աբրիկեան: Աբրիկեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան կարգը տեղի պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ մէջ: Նշենք, որ Յաբեթ Մանուկ Աբրիկեան յետմահու արժանացաւ պատուոյ սպայի կոչումին:  

Հայկական Կեդրոններ Կը Շարունակեն  Ջրամատակարարման Ծառայութիւն  Կատարել Հալէպի Մէջ

Հայկական Կեդրոններ Կը Շարունակեն Ջրամատակարարման Ծառայութիւն Կատարել Հալէպի Մէջ

Հալէպի բնակչութիւնը կը շարունակէ ճաշակել աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր պատերազմներէն մէկը` հրասանդներու, կազի շիշերու եւ զանազան տեսակի հրթիռներու արձակումներուն պատճառած ահ ու սարսափի, աւեր ու քանդումի կողքին տարիներէ ի վեր կը դիմագրաւէ նաեւ կենցաղային դժուարութիւններ: Այս մասին կը յայտնէ «Բերիոյ նիուզ»-ը: Արդարեւ, քանի մը շաբաթէ ի վեր Հալէպի մէջ ջուրի հոսքի դադրեցման պատճառով, հերթաբար ջրամատակարարում կը կատարուի քաղաքի զանազան շրջաններու մէջ:...

Մեր Կորուստները.  Ոչ Եւս Է Քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք Շահնազարեան

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք Շահնազարեան

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ ծանր եւ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է հասարակական, քաղաքական գործիչ, «Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Մելիք Շահնազարեան: Լեւոն Մելիք Շահնազարեան ծնած է 1958-ին, Կիրովապատի մէջ: 1974-ին ընդունուած է Թաշքենդի Ռուսաց լեզուի եւ գրականութեան հիմնարկը: 1988-ին տեղափոխուած է Արցախ: 1991-ին ընտրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր: 1992-էն 1995 ղեկավարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին կապերու...

Կառավարութիւնը Քննարկեց` «Հայաստանի  Ելեկտրական Ցանցեր» Ընկերութեան Մէջ  Իրականացուելիք Հաշուեքննութեան Հարցը

Կառավարութիւնը Քննարկեց` «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» Ընկերութեան Մէջ Իրականացուելիք Հաշուեքննութեան Հարցը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն` «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան մէջ իրականացուելիք հաշուեքննութեան, ինչպէս նաեւ Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբին կողմէ ուժանիւթի համակարգին մէջ սահմանուած սակերու հիմնաւորուածութեան եւ բարելաւման մասին միջազգային խորհրդատուական ծառայութիւն մատուցող ընկերութիւններուն ուղարկուած հրաւէր-առաջարկներու արդիւնքներուն վերաբերեալ: Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան ներկայացուց ռուսական կողմին հետ միասնաբար «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան...

Օհանեան. «Պետական Սահմանի  Պահպանութիւնը Յուսալի Ձեռքերու Մէջ Է»

Օհանեան. «Պետական Սահմանի Պահպանութիւնը Յուսալի Ձեռքերու Մէջ Է»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, բանակի ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ Հայկազ Բաղմանեանի եւ բարձրաստիճան այլ զինուորականներու ընկերակցութեամբ շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ հիւսիսարեւելեան սահմանագօտի: Նախարար Սէյրան Օհանեան սահմանագօտիի զօրամասերուն մէջ ծանօթացաւ զինուորական ծառայութեան կազմակերպման, զինուորներու  մարտական եւ մասնագիտական պատրաստութեան, ընկերային-կենցաղային պայմաններուն եւ իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն: Ստուգուեցան նաեւ զօրամասերու զինուորական ճաշարաններու առողջապահական պայմանները, զինուորներու սնունդի որակն ու չափաբաժինները: Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ այցելեց ...

Այնճարի Մէջ.  Մուսա Լերան Եւ Այնճարին Նուիրուած  Գիրքերու Ցուցահանդէս  Եւ Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Այնճարի Մէջ. Մուսա Լերան Եւ Այնճարին Նուիրուած Գիրքերու Ցուցահանդէս Եւ Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու շարքին չորրորդը` Մուսա լերան եւ Այնճարին նուիրուած գիրքերու ցուցահանդէսը եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը  տեղի ունեցաւ շաբաթ, 8 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը  8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ պետական նախկին նախարար Փանոս Մանճեանի: Ձեռնարկը նուիրուած էր նահատակ Յակոբ Հաւաբեանի (Քեսապցի) յիշատակին: Գիւղի հոգեւոր պետերու եւ նախկին...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակի  Տօնակատարութիւններու Ծիրին Մէջ`  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան  «Գուսան» Երգչախումբի Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 75-Ամեակի Տօնակատարութիւններու Ծիրին Մէջ` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան «Գուսան» Երգչախումբի Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը  8:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գուսան» երգչախումբին ելոյթը, խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալլոզեանի, Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Յաբէթ Վանայեանի յիշատակին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Վարչութեան անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Ադամեան:...

Page 752 of 795 1 … 751 752 753 … 795

Արխիւներ