Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ ընդունեց սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին Ազգային ժողովի որոշումը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-¬ը, սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը հանրաքուէի դնելու որոշումին կողմ քուէարկեց 104, դէմ` 10, ձեռնպահ` 3 պատգամաւոր:
Մինչ այդ, սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Վարդան Պօղոսեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուցած էր բոլոր այն փոփոխութիւնները, որոնք կատարուած են պատգամաւորներու առաջարկներուն հիման վրայ: Ան նշած է, որ պատգամաւորներու առաջարկներուն հիման վրայ կատարուած բոլոր փոփոխութիւնները արժանացած են Հայաստանի նախագահի համաձայնութեան եւ այդ տեսքով ալ նախագիծը ներկայացուած է Ազգային ժողովի քուէարկութեան:
«Ո՛Չ»-ի Ճակատը Պիտի Սկսի
Մարզային Այցելութիւններուն
Ազգային ժողովին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի քուէարկութեան ընթացքին շէնքին առջեւ «Ո՛չ»-ի ճակատի բողոքի ցոյց ընողներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի ունեցան:
Ազատութեան հրապարակէն երթով Բաղրամեան եկած ցուցարարները խորհրդարանի ճաղերուն զետեղեցին «Ո՛չ»-ի մեծ պաստառ: Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի հրամանով ոստիկանները քանի մը անգամ փորձեցին վերցնել պաստառը` պնդելով, որ ատիկա օրէնքի խախտում է: Քիչ ետք խորհրդարանի շէնքէն դուրս եկան «Ո՛չ»-ի ճակատին միացած Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւորներ Լեւոն Զուրաբեան եւ Արամ Մանուկեան, որոնք սկսան բանակցիլ Օսիպեանի հետ:
Բանակցութեան իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ, որ պատգամաւոր Արամ Մանուկեան ելոյթ ունենայ, յետոյ պաստառը ճաղերուն վրայէն վերցուի: Մօտ մէկ վայրկեան ետք Երեւանի փոխոստիկանապետ Օսիպեան դժգոհեցաւ, որ ելոյթը երկար է, եւ ոստիկանները պաստառը վերցնելու այլ անյաջող փորձ մըն ալ կատարեցին:
Քիչ ետք Բաղրամեան պողոտայ եկան ոստիկանական յաւելեալ ուժեր, եւ կարմիր գդակաւորներու ջոկատը 21 ցուցարար բերման ենթարկեց: Ամէն ինչ այնքան արագ եղաւ, որ երկու կարմիր գդակաւորներ փորձեցին բերման ենթարկել նոյնիսկ պատգամաւոր Արամ Մանուկեանը: Ընդդիմադիր պատգմաւորը ոստիկանական ինքնաշարժէն դուրս հանեց Վալերի Օսիպեանը:
Քիչ անց բերման ենթարկուածները, որոնց մէջ էին «Չէք անցկացնի» նախաձեռնութեան անդամները, տեղափոխուեցան Արաբկիրի ոստիկանութիւն: «Ո՛չ»-ին միացած պատգամաւորներն ալ վերադարձան խորհրդարանի դահլիճ` քուէարկութեանը մասնակցելու: «Ո՛չ»-ի ճակատէն Արմէն Գրիգորեան ըսաւ, որ` «նման պատկեր իրենք կը կանխատեսէին, ասիկա պայքարի նոր սկիզբ կը նկատուի: Վաղուընէ սկսեալ նախաձեռնութիւնը մարզային այցելութիւններ պիտի կատարէ»:
Արամ Մանուկեան աւելի ուշ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ոստիկանական գործողութիւնները «քաղաքական ճնշում» էին: Միւս կողմէ, Արամ Մանուկեանը բերման ենթարկելու փորձին մասին խօսելով` գնդապետ Օսիպեան ընդգծեց, որ ոստիկանները պարտաւոր չէին ճանչնալ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը ընթերցած պատգամաւորը: «Ոստիկանները պարտաւոր չեն Արամ Մանուկեանը ճանչնալ իբրեւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր», յայտնեց փոխոստիկանապետը:
Աւելի ուշ բերման ենթարկուածները ազատ արձակուեցան:
Անկէ ետք ոստիկանութիւնը պարզաբանում հրապարակեց պատգամաւոր Արամ Մանուկեանը բերման ենթարկելու փորձին վերաբերեալ:
Մասնագիտական Յանձնախումբը
Ընդունած Է ՀՅԴ-ի Առաջարկները
Ազգային ժողովին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի քուէարկութեան ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան նշեց, որ մասնագիտական յանձնախումբի ներկայացուցիչի ելոյթէն ետք սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը անմիջապէս պիտի դրուի քուէարկութեան:
Մասնագիտական յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեան իր ելոյթին ընթացքին նշեց, որ քուէարկութեան դրուող սահմանադրական փոփոխութիւններու լրամշակուած նախագիծը զգալի փոփոխութիւններու ենթարկուած է պատգամաւորներու բազմաթիւ առաջարկներուն հիման վրայ: Ան մանրամասն կերպով ներկայացուց հիմնական փոփոխութիւնները: Վարդան Պօղոսեան նշեց ՀՅԴ-ի ներկայացուցած այն առաջարկները, որոնք ընդունուած են, յատկապէս` 89-րդ յօդուածի մասին առաջարկը, որ կ՛ըսէ, թէ ազգային ժողովի ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան համամասնական եղանակով: Մինչ լրամշակումը Վենետիկի յանձնաժողովը առաջարկած էր այդ յօդուածը փոփոխութեան ենթարկելու գործը կատարուի ոչ թէ հանրաքուէի, այլ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու որակեալ մեծամասնութեան գոյութեամբ: «ՀՅԴ-ի առաջարկով ատիկա պարտադիր պէտք է դրուի հանրաքուէի, այսինքն` համամասնական ընտրակարգը փոփոխութեան չի կրնար ենթարկուիլ միայն խորհրդարանին կողմէ, եւ այդ պատճառով հանրաքուէի կազմակերպումը անհրաժեշտ է», ըսաւ Վարդան Պօղոսեան:
Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ի միւս առաջարկը կը վերաբերէր կայուն մեծամասնութեան ձեւաւորման երկրորդ հանգրուանի կազմակերպման, որուն պարագային կը թոյլատրուի կազմել դաշինքներ: «Ատիկա շատ կարեւոր դրոյթ է, կը պարտադրէ ընտրական օրէնսգիրքին` երկրորդ հանգրուանի կազմակերպումէն առաջ կարելիութիւն տալ առանձին կուսակցութիւններու նոր դաշինքներ կազմել», ըսաւ Վարդան Պօղոսեան:
Ռուստամեան. «Խնդիրը Կը Ներկայացնենք,
Մեր Ժողովուրդը Գիտակից Է,
Կը Կողմնորոշուի Եւ Կը Քուէարկէ»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող քուէարկութեան եւ այս գծով հանրաքուէ կազմակերպելու հարցին: «Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծի վերջնական տարբերակը հանրաքուէի դնելու որոշումը ցոյց տուաւ, որ խորհրդարանին մէջ ոչ միայն մեծամասնութիւնը, այլ ճնշող մեծամասնութիւնը` (104 կողմ, 10 դէմ եւ 3 ձեռնպահ) կողմ է այս բարեփոխումներուն», յայտնած է ան:
«Մենք շատ դրական կը նկատենք ամբողջ նախագիծը, որովհետեւ մեր առաջարկներուն 95 առ հարիւրը ընդունուած են եւ որմէ ետք լրացուցիչ առաջարկներ եղան, որոնք պիտի բաւարարեն մեր առաջարկները», դիտել տուած է Ռուստամեան` աւելցնելով, որ ասիկա Դաշնակցութեան պատկերացուցած նախագիծն է: «Ասիկա նոր շունչ պիտի տայ մեր երկրի զարգացման, անոնք, որոնք այդ մէկը չեն ուզեր, թող անոր պատասխանը տան, դէմ պիտի քուէարկեն ինչի՞ն, կողմ քուէարկելով գործողին, որուն իրենք դէ՞մ եղած են», հարցուցած է ան:
Անդրադառնալով կարգ մը ընդդիմադիր պատգամաւորներու կողմէ դրսեւորուած այն կեցուածքին, թէ քուէարկութիւնը ժողովուրդին հետ աշխատելու եւ համաժողովրդական «ոչ» ըսելու նոր հանգրուանի սկիզբ է` ՀՅԴ-ի պատգամաւորը մեծ իմաստ չտուաւ անոր. «Անընդհատ այդ մասին կը լսենք, բայց ոչինչ կը տեսնենք»: Արմէն Ռուստամեան նկատել տուած է, թէ բնական է, որ դէմ արտայայտուողներ ըլլան: Արձագանգելով այն յայտարարութիւններուն, թէ հանրութիւնը «դէմ» է այս փոփոխութիւններուն, Ռուստամեան նշած է, որ ոչ ոք իրաւունք ունի հանրութեան անունով խօսելու: Ան նաեւ անդրադարձած է այն պնդումներուն, թէ ասիկա նոր սահմանադրութիւն է. «Այո՛, ասիկա նոր սահմանադրութիւն է, բայց ատիկա էական չէ, կարեւորը այն է, թէ ի՛նչ սահմանադրական կարգ պիտի ըլլայ»: Արմէն Ռուստամեան նաեւ նկատել տուած է, որ ժողովուրդին պէտք է յստակ բացատրել ամէն բան` հաստատելով, որ իրենք ատիկա պիտի ընեն յառաջիկայ հանգրուանին: «Թող «ո՛չ»-ն ալ իր փաստարկները բերէ, տեսանք արդէն, թէ ինչքա՛ն փաստարկուած «ոչ» է, հիմա մենք մերը շատ յստակ ունինք, կը ներկայացնենք, մեր ժողովուրդը խելօք, գիտակից ժողովուրդ է` կը կողմնորոշուի եւ կը քուէարկէ», նշած է Ռուստամեան: