Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մէկ Կողմ Պէտք Է Դնենք Մեր Դպրոցները Ամբողջովին Փայլուն Կերպով Ներկայացնելու Մեր Ճիգը Եւ Այդ Ժամանակը Օգտագործենք Մարդուժ Պատրաստելով Եւ Կրթական Որակը Բարձրացնելով» «Բաց Քննարկում»-ի Երկրորդ Յայտագիրին Ընթացքին Հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան

Հոկտեմբեր 9, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
dikran_Raffi
Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի

Երէկ` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի երկրորդ յայտագիրը, որուն նիւթը առնչուած էր լիբանանահայ վարժարաններու առաքելութեան:

Յայտագիրի սկզբնաւորութեան Րաֆֆի Տեմիրճեան նշեց, որ լիբանանահայ վարժարանները ինքնանպատակ կառոյցներ չեն, այլ` իրենց ազգային եւ հոգեւոր արժէքներով պէտք է զատորոշուին մնացեալներէն, որովհետեւ մեր վարժարանները մարդակերտման ու Լիբանանի քաղաքացիներ պատրաստելու առաքելութեան կողքին ունին հայակերտման սրբազան պարտականութիւնը, առանց որուն դպրոցներու գոյութիւնը կը դառնայ աննպատակ:

Յայտագիրի գլխաւոր զրուցակիցն էր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ հաստատեց, որ ճիշդ եւ հիմնաւորուած չեն այն կարծիքները, թէ հայերէնը, հայոց պատմութիւնը, հայրենագիտական նիւթերը եւ հայ մշակոյթին հետ կապուած նիւթերը յաւելեալ դժուարութիւն կը ստեղծեն աշակերտութեան համար, եւ որպէսզի չխանգարեն պետական ծրագիրներուն իրագործումը, այս նիւթերը կարելի է նուազեցնել, պակսեցնել, երբեմն ալ օժանդակ նիւթերու վերածել, կարգափոխութեան ժամանակ արդիւնքները նկատի չունենալ: Ան աւելցուց, որ այս մօտեցումը հոգեբանական եւ մանկավարժական տեսակէտէ բոլորովին սխալ եւ անընդունելի է:

Ճինպաշեան ըսաւ, որ որակաւոր ուսուցչական կազմ ունենալն ու անհրաժեշտ լրջութեամբ ծրագիրներ մշակելն ու իրագործելը, մանկավարժական ճշգրիտ մեթոտներու գործածութիւնը մեր դպրոցներու ամբողջական յաջողութիւններու լաւագոյն գրաւականներն են:

Տեմիրճեան նշեց, որ «Բաց քննարկում» յայտագիրի հարցախոյզին մասնակցած 284 մասնակիցներուն 29,9 տոկոսը լիբանանահայ վարժարաններուն մակարդակը կը գտնէ անբաւարար, 40,5 տոկոսը` բաւարար, իսկ 29,6 տոկոսը` գոհացուցիչ: Այս գծով Ճինպաշեան ըսաւ, որ նշեալ արդիւնքը հինէն եկած բարդոյթի հետեւանք է, ենթակայական է, որովհետեւ մեր երկրորդական վարժարաններուն ճնշող մեծամասնութիւնը Լիբանանի կրթական միջին մակարդակէն բարձր մակարդակ ունի, եւ արդիւնքները պատուաբեր են, եւ այս առնչութեամբ պէտք է փոխել հասարակութեան մէջ թափանցուած սխալ մտածողութիւնը: Իսկ հարցախոյզի մասնակիցներուն 10 առ հարիւրը կը նկատէ, որ հայ դպրոցին առաքելութիւնն է պետական քննութիւններուն բարձրագոյն նիշ ապահովել, 39,3 առ հարիւրը` ազգային դաստիարակութիւնը, մինչ 50 առ հարիւրը` վերոնշեալ երկու կէտերուն համատեղ իրագործումը:

Տիգրան Ճինպաշեան ըսաւ. «Հայերէնագիտական նիւթերը իբրեւ գիտութիւն պէտք է տրուին, եւ պէտք չէ փոխարինուին քարոզչութեամբ, աղմուկով, ձեռնարկով. ճիշդ է, որ ճշդուած ժամանակաշրջանին այս բոլորը խանդավառութիւն կը ստեղծեն, բայց ապագայի տեսակէտէն անհրաժեշտ արդիւնքը չեն տար: Մեր դպրոցները ամբողջովին փայլուն կերպով ներկայացնելու մեր ճիգը մէկ կողմ պէտք է դնենք, եւ այդ ժամանակը օգտագործենք մարդուժ պատրաստելով, կրթական որակը բարձրացնելով եւ խորքային աշխատանքներ իրականացնելով. այս բոլորը իրականացնելէ ետք, քարոզչութիւնը ինքնաբերաբար կը կատարուի»:

Զրոյցին հիւրաբար մասնակցեցան Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան վարժարանի տնօրէն Նազարէթ Ճէրէճեան եւ Հայ աւետարանական քոլեճի ուսուցիչ դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան: Նաեւ հայորդիներ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններով եւս բերին իրենց մասնակցութիւնը:

Նշեալ նիւթերուն կողքին, յայտագիրին քննութեան առարկայ դարձան հայ աշակերտներու արաբերէնի նկատմամբ որոշ վանողական կեցուածքի հարցը, օտար վարժարաններ յաճախելու երեւոյթը, դպրոցներուն նիւթական հարցերը, ուսուցիչներու վերաորակաւորման կարեւորութիւնը եւ այլ խնդիրներ:

Աւարտին, Ճինպաշեան յոյս յայտնեց, որ այս «Բաց քննարկում» յայտագիրին միջոցով հարցերուն շուրջ քարացած, հին եւ կարծրատիպացած մտածումները սրբագրուին եւ միտքերու փոխանակումը արդիւնաւէտ ըլլայ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Աքսիոն Քրեթիեն»-ի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Գրականութեան Նոպելեան Մրցանակը Շնորհուած Է Պիելոռուս Գրող Սվեթլանա Ալեքսիեւիչին

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?