Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն

October 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ven_10-08-15

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն, որ Հայաստան հասած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանին կողմէ  հրաւիրուած միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու առիթով:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ գոհունակութեամբ արձանագրած, որ Պուքիքիոյի գլխաւորած յանձնաժողովին հետ երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը օգտակար եղած է Հայաստանի համար:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Վենետիկի յանձնաժողովի այն անդամներուն, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի մշակման հոլովոյթին մէջ համագործակցած եւ բարձրորակ մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին: Այդ միացեալ  աշխատանքին շնորհիւ մշակուած փաստաթուղթը օրեր առաջ արժանացած է նաեւ Ազգային ժողովի համաձայնութեան: Նախագահը կարեւոր նկատած է Պուքիքիոյի այն ուղերձները, որոնք սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի խորհրդարանական քննարկումներուն վերաբերեալ հասցէագրուած էին Ազգային ժողովին:

Ճիանի Պուքիքիօ եւս բարձր գնահատած է Հայաստանի հետ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը եւ ընդգծած, որ Վենետիկի յանձնաժողովի` իբրեւ չէզոք, անկողմնակալ, ոչ քաղաքական մարմինի, միակ խնդիրը իսկական ժողովրդավարութեան ապահովումն է: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ հանրաքուէի կազմակերպման հոլովոյթը ըլլայ  ազատ, արդար եւ թափանցիկ, եւ անոր իբրեւ հետեւանք ընդունուած փաստաթուղթը մեծ քայլ ըլլայ ժողովրդավարութեան հետագայ  զարգացման ուղղութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին հետագայ քայլերուն վերաբերող այլ հարցեր:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Էջմիածինի Մէջ Մասնակցած Է Քաղաքի Հիմնադրութեան 2700-Ամեակի Ձեռնարկներուն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.