Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութեան Զոյգ Նիստերուն Ընթացքին Շարունակուեցան Քննարկուիլ Հանրապետութեան Նախագահին Յատկանիշները

Հոկտեմբեր 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hiwar_6_10-07-15

Երկխօսութիւնը երէկ զոյգ նիստերուն ընդմէջէն շարունակեց իր աշխատանքները` քննարկելով հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները:

Կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան Զ. նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին երեսփոխան Եուսեֆ Սաատէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ երեսփոխան Էլի Մարունի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ երեսփոխան Ղազի Արիտի, հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ եւ նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոս, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Հասան Համատէ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ նախկին նախարար Ալի Քանսօ, խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի եւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ Էլիաս Ապու Հալա:

Նախքան նիստին գումարումը Պըրրի եւ զօր. Աուն ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն աւելի ուշ միացաւ երեսփոխան Ռաատ:

Երկխօսութեան նիստին գումարումէն ժամ մը ետք երեսփոխան Միշել Մըր լքեց նիստը` առանց յստակ պատճառաբանութիւն մը ներկայացնելու:

Նիստին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ նախապէս կ՛աղօթէին անձրեւ տեղալու համար, իսկ ներկայիս աղբերուն պատճառով կ՛աղօթեն, որ անձրեւ չտեղայ:

Նիստէն ետք երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պէտք է ըլլայ Դիմադրութեան երազած նախագահը, որ արտաքին այս կամ այն պետութենէն յատկապէս սիոնականութեան զօրակից երկիրներէ կախեալ չըլլան անոր որոշումները:

Ռաատ նշեց, որ իրենք կ՛ուզեն, որ նախագահը ըլլայ քրիստոնեաներուն մեծամասնութեան ներկայացուցիչը` նկատի ունենալով շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն մտավախութիւնները:

Ռաատ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է զօրակցի Դիմադրութեան:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ հայրենասէր լիբանանցի մը, որ պահպանէ քաղաքական ուժերուն հաւասարակշռութիւնը:

Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նշեց, որ եթէ իրենք ձախողին երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը շարունակել, ապա երկիրը պիտի ուղղուի դէպի անորոշութիւն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենց համար երկխօսութեան նիստը համաձայնութիւններ գոյացնելու վայր չէ` աւելցնելով, որ երկխօսութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ երկու հիմնական սիւներու վրայ. ա) հանրապետութեան հզօր նախագահ եւ բ) երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացում:

Քանաան աւելցուց, որ մեծամասնութիւնը կը փափաքի համամասնական ընտրական օրէնքը` աւելցնելով, որ իրենց կեցուածքը յստակ է, թէ՛ երկխօսութեան ընթացքին եւ թէ՛ անկէ դուրս:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին գումարուեցաւ երկխօսութեան Է. նիստը, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ հանրապետութեան նախագահի յատկանիշներուն քննարկումը:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ լքեց նիստը` շեշտելով, որ ինք նախագահի յատկանիշներուն մասին իր պատկերացումը գրաւոր կերպով ներկայացուցած է` փորձելով մէկտեղել քաղաքական տարբեր ուժերուն տեսակէտները:

Ժոմպլաթ նշեց, որ անկարելի է նախագահական ընտրութիւն կատարել առանց ամբողջական համաձայնութեան` աւելցնելով, որ ինք նիստը լքած է բժիշկի հետ ժամադրութիւն մը ունենալուն պատճառով:

Երեկոյեան ժամը 8:45 յայտարարուեցաւ նիստին աւարտը` նշելով, որ նախապէս որոշուած երկխօսութեան այսօրուան նիստերը յետաձգուած են:

Երկխօսութեան յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Նախորդը

Մուքպել Այցելեց Զօր. Քահուաժիի Եւ Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Յաջորդը

Ըստ «Հայկական Ժամանակ»-ի. Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Կատարուած Արտաքին Ուղղակի Ներդրումներուն Ծաւալը Նուազած Է Շուրջ 3 Անգամով

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?