Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Կեանքը Ցոյց Պիտի Տայ, Որ Մենք Աւելի Ճիշդ Ենք»

Հոկտեմբեր 7, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aghvan_10-06-15

Երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, որ ինք կտրուկ դէմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որովհետեւ անոնք պիտի յանգեցնեն խորհրդային ժամանակաշրջանին բնորոշ միակուսակցական համակարգի մը ձեւաւորման:

Աղուան Վարդանեան նշեց. «Ես միշտ յարգանքով վերաբերած եմ եւ  կը շարունակեմ յարգանքով վերաբերիլ հանրապետութեան երկրորդ նախագահի արտայայտած տեսակէտներուն, բայց յատկապէս այս հարցով մեր տեսակէտները արմատականօրէն տարբեր են: Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգը շատ աւելի լայն կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ մեր երկրի զարգացման համար, եւ շատ աւելի ժողովրդավարական ճամբու  վրայ պիտի դնէ երկիրը:

«Ինչ կը վերաբերի խորհրդային ժամանակաշրջանին մասին յիշեցումներուն, ես կը կարծեմ, գուցէ կան նման նշաններ, բայց վստահ եմ, որ միակուսակցական ժամանակները շատոնց անցած են: Մենք հիմա կ՛ապրինք դարաշրջան մը, ուր բացառուած է որեւէ կուսակցութեան երկարատեւ մենիշխանութիւնը: Եւ ընդհակառակն` խորհրդարանական կառավարման համակարգը կարելիութիւն պիտի տայ հաւաքական ղեկավարութեամբ որոշումներու կայացման եւ որեւէ,  նոյնիսկ տեսականօրէն հաւանական մեծամասնութիւն ստիպուած պիտի ըլլայ հաշուի առնել ընդդիմութեան կարծիքը, ընդդիմութեան հետ փոխհամաձայնութեան գալ, քննարկել, խորհրդակցիլ:

«Ասիկա դժուար հոլովոյթ է, բայց մեր երկրին մէջ պիտի ստեղծէ նաեւ  նոր քաղաքական մշակոյթ: Ես վստահ եմ, կեանքը ցոյց պիտի տայ, որ մենք աւելի ճիշդ ենք»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ բացառուա՞ծ է արդեօք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութիւնը ունենայ 75 առ հարիւրը, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց.

«Եթէ հանրաքուէով սահմանադրական փոփոխութիւնները ընդունուին, մենք շատ լարուած ու ծանր աշխատանք ունինք կատարելիք ընտրական օրէնսգիրքին հետ կապուած: Եթէ մենք կարենանք նաեւ լաւ ընտրական օրէնսգիրք ընդունիլ, ես գրեթէ տեսականօրէն կը բացառեմ, որ համամասնական ընտրակարգի պարագային որեւէ կուսակցութիւն կարենայ մեծամասնութիւն ունենալ:

«Մէկ բան ըսեմ, այսօրուան Ազգային ժողովին մէջ եղող բոլոր այն քաղաքական ուժերը, որոնք կը յայտարարեն, որ իրենք ընդդիմութիւն են, եթէ թոյլ չտան ընտրական օրէնսգիրքի այնպիսի ձեւախեղումներ, որոնք որեւէ ուժի թաքուն կամ բացայայտ առաւելութիւն տրուի, այսօրուան  քաղաքական մեծամասնութիւնը չի կրնար մէկ այլ ընտրական օրենսգիրք ընդունիլ: Թող որեւէ մէկը իր բեռը ուրիշին վրայ չդնէ: Այսօրուան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած ընդդիմութեան ձայները այնքան են, որ անոնք կրնան ապահովել առնուազն շինիչ  քննարկում:

«Եթէ անոնք պիտի քուէարկեն հանրապետականի նման, այն ժամանակ կը մեղադրէք այն կուսակցութիւնները, որոնք իրենց պայմանական շահը չեն գիտակցիր, կը քուէարկեն ուրիշի օգտին: Եթէ ընդդիմութիւնը ինքզինք ընդդիմութիւն պահէ եւ իր շահերը գիտակցի, կ՛ունենանք շատ լաւ ընտրական օրէնսգիրք, իսկ եթէ չգիտակցի, ուրեմն մեղադրեցէք անոնց, որոնք ատիկա չեն կատարեր»:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Հայաստանի Մէջ Վիեթնամի Նոր Նշանակուած Դեսպանը

Յաջորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դիմած Է Է ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակին

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?