Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Գումարեց Իր Չորրորդ Եւ Հինգերորդ Նիստերը. Այսօր Աշխատանքը Կը Շարունակուի

Հոկտեմբեր 7, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hiwar_4_10-06-15

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան Դ. նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին երեսփոխան Եուսեֆ Սաատէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ երեսփոխան Էլի Մարունի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ երեսփոխան Ղազի Արիտի, հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ եւ նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոս, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Հասան Համատէ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ նախկին նախարար Ալի Քանսօ, խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի եւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ Էլիաս Ապու Հալա:

Նախքան նիստին գումարումը Պըրրի եւ զօր. Աուն ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն աւելի ուշ միացաւ երեսփոխան Ռաատ:

Նիստէն մէկուկէս ժամ ետք զօր. Աուն լքեց ժողովասրահը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Քանաանի: Ան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Զօր. Աունի մեկնումէն ետք, երկխօսութեան նիստին մասնակիցները առին կարճ դադար մը, որուն ընթացքին Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, նիստին մասնակիցները շարունակեցին երկխօսութիւնը` զօր. Աունի բացակայութեան, որուն մասին Պըրրի նշեց, որ զօր. Աուն առողջական պատճառներով ներկայ պիտի չգտնուի:

Կէսօրուան նիստէն ետք Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ երկխօսութեան նիստին սկիզբը քննարկուած է աղբի թղթածրարը եւ զօրակցութիւն յայտնուած կառավարութեան ծրագիրին գործադրութեան:

«Պետութիւնը պէտք է իր վարկը վերականգնէ եւ հարցերուն համապատասխան լուծումներ ապահովէ, որովհետեւ ժողովուրդին չարչարանքը մեծ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկխօսութեան ընթացքին քննարկուեցան հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները:

Լրագրողներուն հարցումին պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ զօր. Աուն երկխօսութեան նիստը լքած է առողջական պատճառներով:

Իր կարգին, երեսփոխան Ռաատ շեշտեց, որ իրենք պիտի ընտրեն այն նախագահը, որ իրենց մտահոգութիւններուն տուն տուող պատճառները կը փարատէ:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդգծեց, որ իրենք երբեք չեն կրնար համաձայնիլ զօր. Միշել Աունի շուրջ` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ:

Երեսփոխան Թալալ Արսլան նոյնպէս յայտնեց, որ զօր. Աուն առողջական պատճառներով լքած է նիստը` աւելցնելով, որ ոչ մէկ բանավէճ արձանագրուած է նիստին ընթացքին:

Նիստէն ետք երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրը պիտի գործադրուի:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, գումարուեցաւ երկխօսութեան Ե. նիստը, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ հանրապետութեան նախագահի յատկանիշներուն քննարկումը:

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին յայտարարուեցաւ նիստին աւարտը, որմէ ետք երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նշեց, որ ինք լաւատես է զինուորականներու նշանակումներուն առումով:

Նիստէն ետք տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Պըրրի, Սալամ, Սինիորա, Քանաան, Հարպ եւ Ֆարաոն:

Երկխօսութեան նիստը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին կը շարունակէ իր աշխատանքները:

Քաղաքացիական Ընկերութիւն

asaad_zebian_10-06-15f

Քաղաքացիական ընկերութեան «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը երէկ կէսօրին անակնկալ կերպով ձեռնարկեց ցոյցի մը, որուն ընթացքին կարմիր ներկերով գծեց Կեդրոնական դրամատան դիմաց գտնուող փողոցը եւ ապա անցաւ ներկելու եւ կարգախօսներ արձակելու:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի գործիչներէն Ասաատ Զըպիան «Հոտերնիդ ելաւ» արձանագրութիւնը ձգեց ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնատեղիին շրջափակող պեթոնէ պատնէշներուն վրայ գծուած լիբանանեան դրօշակին վրայ, եւ այդ պատճառով ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին զայն:

Ներքին ապահովութեան ուժերը Զըպիանը ամբաստանեցին լիբանանեան դրօշակը անարգելու յանցանքով:

Քանի մը ժամուան հարցաքննութենէ ետք Ասաատ Զըպիան ազատ արձակուեցաւ եւ անոր սպասող քաղաքացիական ընկերութեան գործիչներն ու հետեւորդները ցրուեցան:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Աղբի Տագնապին Լուծման Յատուկ Նիստին

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական Դրամատունը 2015-ի Համար Կը Նախատեսէ 2,5-3,8 Տոկոսի Տնտեսական Աճ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?